Մեր Լեզուն Եւ Մենք
- (0)
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երանի անոնց, որոնք աղաւաղուող հայերէնը լսելով եւ կարդալով չեն տագնապիր: Այդ լեզուով խօսողներ եւ գրողներ ալ բանգիտութիւն կը խաղան:
Երբ հայերէն կը խօսինք եւ կը գրենք, եթէ անոր հանդէպ բծախնդրութիւն ցուցաբերենք, ինքնութիւն կը պահենք: Այս նոյնքան կարեւոր է, որքան կարեւոր են ամէն կարգի ցուցական նախաձեռնութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, արուեստի կամ այլ բնոյթի ազգային համարուած ծառայութիւն, զոհողութիւն եւ հայրենասիրական յանձնառութիւն: Նոյն լեզուն երբ կը խօսինք, մեր պարագային` հայերէն, անցեալի եւ ներկայի, հեռաւորի եւ մօտաւորի միջեւ տարբերութիւն եւ խրամատ կը ջնջուին:
Հայերէնը մեր ժողովուրդի լինելիութեան եւ միացման առաջնահերթ ազդակն է: Առանց անոր` ազգը կը դառնայ բնակչութիւն, զոր կարելի է փոխարինել ուրիշով մը, տեղափոխել այլ տեղ, ի հարկին զայն ապրեցնել` շապիկ փոխելու պէս անոր հագցնելով նոր ինքնութիւն, ինչպէս վարսավիրը սպիտակած մազերը կ՛ընէ սեւ, սեւ մազերը կ՛ընէ խարտեաշ: Այս կը ստացուի հպատակութեան անուն եւ հասցէ փոխելով, քանի որ այս կամ այն երկրի ժողովուրդը հայերէն պիտի չխօսի, հայն է, որ այսօր կը խօսի այլ ժողովուրդներու լեզուները, այդ կ՛ընէ ի հեճուկս հայերէնի, միշտ վասն լաւ ապրելու իրաւունքի հետապնդման:
Ամէն անգամ որ այս հարցերու մասին կը մտածեմ եւ կը խօսիմ, կը յիշեմ ԺԷ. դարու ֆրանսացի ծիրանաւոր (կարտինալ) Փոլինեաքի խօսքը: Ան երկար դիտելէ ետք վանդակի մը մէջ գտնուող կապիկը, խօսքը անոր ուղղելով` ըսած է. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ»: Կը նշանակէ, որ կենդանական աշխարհէն անդին յառաջացած մարդեղութիւնը լեզուով սկսած է կամ` եկած: Նոյն ընթացքով, այս կամ` այն տարածքի վրայ ապրողներու տեսակներէն անջատուելով, մարդը լեզուով նուաճած է ինքնութիւն, ժամանակ-պատմութիւն եւ տարբերութիւններ, հաւաքականութիւն մը եղած է անգլիացի, ուրիշ մը` գերմանացի, երրորդ մը` ֆրանսացի եւ կամ հայ: Եղած են ժողովուրդներ: Առանց լեզուի` մարդը եւ մարդկութիւնը կպած պիտի մնային բնութեան, անոր շնչաւոր եւ անշունչ տարրերուն: Յիշե՛լ Աստուածաշունչը, գրաբարով. «Ի սկզբանէ Բանն էր եւ Բանն էր Աստուած»: Մի՞թէ Աստուածաշունչի մարդեղութիւնը լեզուով չէ կնքուած: Առանց լեզուի` յիշողութիւնը սոսկ բնազդ է:
Ի. դարու հայ գրող Վիգէն Խեչումեան իր ԳԻՐՔ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ մէջ կը ներկայացնէ գերութենէ վերադարձած հայ մը, որուն լեզուն կտրած էին, որպէսզի հայերէն չխօսէր: Ինչպէս կ՛ըսեն, առակս ցուցանէ: Այսօր ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը կտրէ հայու լեզուն, որ ան դադրի հայերէն խօսելէ եւ գրելէ: Նոյն հունով եթէ մտածենք, հարց պէտք է տանք, թէ ի՞նչ են առնչութիւնները լեզուին եւ գրականութեան: Գրականութիւնը կ՛ըլլայ լեզուով: Հասարակ տեղիք է ըսել, որ ժողովուրդի մը գրականութիւնը կ՛ըլլայ իր ազգային լեզուով: Հայու կողմէ ստեղծուած ֆրանսերէնով, անգլերէնով, չինարէնով կամ արաբերէնով գրուած գրականութիւնը կը պատկանի այդ լեզուներու տէր ժողովուրդներուն:
Գրողը կ՛արտայայտուի ի՛ր լեզուով, զայն դրոշմելով ի՛ր ըմբռնումներով եւ իր տաղանդով, այդ լեզուն ինքնատպութիւն է, որ կը հետեւի գրողի զգացումներուն: Գրողի լեզուն գործիք մըն է, զոր ան կը գործածէ այնպէս, ինչպէս արուեստագէտը կը նուագէ «խօսեցնելով» ջութակի լարերը` թրթռացնելով, կամ կ՛երգէ ձայնին տալով տարբեր երանգ եւ իմաստ, գեղանկարիչը չի ներկեր, իմաստ կու տայ կտաւին, ներկին, գոյնին, այլապէս կ՛ըլլայ ներկարար: Լեզուն միայն ձայն չէ, ճամբաներու կամ պատերու վրայ դրուած ուղղութիւններու ցուցանակ չէ: Ան բառերով կը կազմուի, բայց անոնցմէ անդին կը գտնուի, քանի որ նոյն բառերով տարբեր բաներ կրնանք ըսել եւ հասկնալ:
Այս ըմբռնումով, ընդհանրապէս խօսքին մէջ, առաւել եւս` գրականութեան, ան ըլլայ արձակ թէ չափածոյ, գրողը alchimist մըն է, ալքիմիկոս, որ նոյն բառին կու տայ տարբեր երանգ եւ իմաստներ, կ՛ունենայ իր ոճը: Կը նշանակէ, որ լեզուի բառերը կողք կողքի շարել չի բաւեր խօսք, իմաստ եւ գրականութիւն ստեղծելու համար: Անդրանիկ Ծառուկեան ըսած էր, որ յանգ ստեղծել եւ գրել «երկու կանգուն կտաւ արեւը մարը մտաւ» բանաստեղծութիւն չէ, ի հարկէ երգ չէ, նոյնիսկ հրապարակագրութիւն չէ, ինչպէս ըսի, նկարչութիւնը ներկարարութիւն չէ: Երբ խօսափողի առջեւ կանգնած կը բարբառինք եւ կ՛ըսենք` «կը վորոշէր», փոխան «կ՛որոշէ»-ի, կամ «չի վորոշեր» փոխան` «չ՛որոշեր»-ի, հայերէնի փայտահատութիւն կ՛ընենք, լեզուին եւ մեր ինքնութեան դէմ չարագործութիւն կ՛ընենք, գիտնականներու կողմէ ընդունուած եզրով` aliénation-ի, օտարումի, կ՛ենթարկուինք:
Մշակութային օտարումը նախ սեփական լեզուէն խորթացում է, սեփականի լքում, ինքնարժեւորում փնտռելու համար այլ տեղ երթալ եւ փորձել պատուաստուիլ այլ արմատներու վրայ, ընդունիլ շարունակութիւն չըլլալ, փորձել թզենիի վրայ պատուաստել նարնջենի: Ի՞նչ բանի շարունակութիւն են հայերու օտարաբարբառ գրականութիւնը եւ երգերը: Այս ըսել` չի նշանակեր ստեղծագործութիւն մը ստորագնահատել, այլ ճշդել հասցէ եւ պատկանելիութիւն, առանց զգացականութեան, ազգային եւ հայրենասիրական սնափառութեան տուրք տալու, հայ ըլլալու եւ չըլլալու բարոյախօսութեան: Ճշդել` թէ ի՞նչ բան մեզի կը պատկանի, կամ չի պատկանիր: Ինքնագոհութեամբ կամ մարդորսական միտումով քաջալերել հայերէն գրուած էջ մը` գրականութիւն չի ստեղծեր, որպէսզի գոհունակութիւն զգանք եւ ըսենք, որ գրականութիւն կ՛ընենք եւ կամ մշակոյթի կը ծառայենք, եթէ այդ գրուածը լեզուական ծամածռութիւն է, կամ` բառերու կուտակում:
Օտարագիրը ինք կրնայ օտարուած չըլլալ եւ այդպէս չզգալ, բայց իր տեսիլքի կաղապարումը օտարուած կ՛ըլլայ: Մեր հայրենասիրական զգացումներուն դէ՞մ գացած կ՛ըլլանք, եթէ ըսենք, որ օտարագիր հայու գրականութիւնը մեզի չի պատկանիր: Անկասկած իր զգացումներով եւ միտքով հայ էր Ուիլիըմ Սարոյեան, նոյնիսկ եթէ իր հերոսները հայութիւն կ՛արտացոլացնէին, իր գրականութիւնը հայ գրականութեան անդաստանէն դուրս է, օտարման գեղեցիկ ամերիկեան հանդէս է: Կրնանք հպարտութիւն զգալ, որ Հանրի Թրուայա եւ Ուիլիըմ Սարոյեան հայ էին, անուանի էին, բայց անոնք հայ գրականութեան հարստացման չեն նպաստած, օտարման յուզիչ վկայութիւն են:
Իսկ երբ հայերէնի չենք տիրապետեր եւ հոգեպէս չենք հաղորդուած անով, հայկական գրականութիւն ստեղծելու եւ խօսք ըսելու փորձութիւնը թուղթէն կամ համակարգիչի պատուհանէն անդին չ՛երթար: Քայլ մը անդին` ազգին հանդէպ չարագործութիւն է թերթի սիւնակ եւ համացանցի պատուհան սեւցնել աղճատ եւ աղաւաղուած հայերէնով:
Լեզուական, գրական եւ մշակութային օտարումով ազգային արժէք չի ստեղծուիր, ազգին ծառայութիւն չի մատուցուիր: Այդ կը նմանի վարձու սենեակի մէջ բնակելու: Երբ կը հաշտուինք մեր օտարման հետ եւ այդ կը համարենք ընդունելի, շարունակութիւն ըլլալէ կը դադրինք, եւ հարազատ ինքնութիւնը կ՛այլանայ, կ՛ըլլայ այլ բանի սկիզբ, սեփական մշակոյթէ եւ ինքնութենէ օտարում, որքան ալ քաղաքական եւ «էսթեպլիշմընթ»-ային նկատումներով օտարուածի եւ օտարուողի ինքնասիրութիւնը շոյենք: Պատշաճեցումներ, կեղծ փաստարկներ, ինչպէս` կեղծը եւ անորակը քաջալերելու ճապկումները, պարագայականը, արջի ծառայութիւններ են` մատուցուած հայուն եւ հայութեան, եւ այդքա՛ն:
Երբ ժողովուրդ մը չ՛անդրադառնար իր մշակութային օտարումին, ինքնութեան նահանջին, կը նշանակէ, որ ան կը գտնուի այլացման ընթացքի մէջ, եւ աստիճանաբար ազգը կը փոխարինուի համայնքով, ժամանակ մըն ալ կը յիշէ «ծագում», սնափառութիւն շոյող անուններ եւ առասպելներ: Օրինակ, «Նարեկ» կոչուողներէն քանի՞ անձեր գիտեն, թէ ո՛վ էր կամ ի՛նչ էր «Նարեկ»-ը, ի՞նչ ըսած եւ գրած է ան, քանի տող ընթերցած են «Նարեկ»-էն:
Մշակոյթը շաբաթավերջի թատրոն չէ, կեանքի, հարազատութեան եւ ընկերութեան մը ինքնութեան շնչառութիւն է: Շաբաթավերջի քաղաքական, խոհանոցային եւ զուարճութեան շաու-հանդէսներուն եւ հանդիսութիւններուն չի խօսուիր այս մասին, որպէսզի չխանգարուի էսթեպլիշմընթներու գոհունակութիւնը, որպէսզի չանհանգստանանք: Չեմ խորհիր, որ մարդիկ խորթութիւն չեն զգար, երբ կը տեսնեն եւ կը հասկնան, որ օտարուած են իրենց հարազատ մշակոյթէն, իրենք իրենց հանդէպ նուազուրդ մը չեն զգար, արժեւորման պակաս մը, բայց անոնք անատակ կ՛ըլլան նոյնիսկ իրապէս եւ ճիշդ արժեւորելու այն մշակոյթը, որուն կամայ կամ ակամայ կ՛ենթարկուին, զայն կ՛ընդունին եւ կը գաղութացուին:
Գրողը գրական նուաճում չի կրնար ընել, քանի որ աղքատ լեզուով ՈՃ չի ստեղծուիր:
Աղքատացած հայերէնը Շաւարշ Միսաքեանի նշաւակած «հաց-պանիրի» լեզուն է, որ պատմութիւն, յիշողութիւն եւ ինքնութիւն կը խեղդէ անորակի պղտորութեան մէջ:
Գրականութիւն եւ հրապարակագրութիւն, առանց լեզուի ազնիւ հարստութեան, ոչինչ կը բերեն, կարծեցեալ հայերէնով կը հանդիսանան «օտարման-aliénation»-ի աղմուկ եւ հանդէս, ոջիլի շուկայ, flee market, marché aux puces, պիթ պազարը:
Բենիամին Թաշեան հայերէնի պաշտպանութեան համար գիրք ունի եւ հայերէնը կոչած է «Տիրոջ այգին»: Ո՞վ այսօր կը յիշէ եւ կ՛ընթերցէ անոր «Դեգերումներ Տիրոջ այգիին մէջ» գիրքը: Այդ այգին այսօր անդուռ է, ցանկապատ չունի, ինչպէս որ չունին հայերէն խօսքը եւ ինքնութիւնը: Ափսո՜ս: Աղէտը կը դիտենք մատներու արանքէն, մարդորսական ճապկումներ ընելով:
Կրկին յիշեցի ԺԶ. դարու ֆրանսացի բանաստեղծներ Ռոնսարի եւ Տիւպելլէի գիրքը, որուն անունն էր «Défense et Ilustration de la langue française»… (պաշտպանութիւն եւ պանծացում ֆրանսերէն լեզուի):
Ի՞նչ ընել, որպէսզի ունենանք ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ ԵՒ ՊԱՆԾԱՑՆՈՂ, ՏԻՐՈՋ ԱՅԳԻԻՆ ՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆՈՂ ԵՒ ԶԱՅՆ ՄԱՔՐՈՂ ՄԵՍՐՈՊԻ ԻՐԱՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՆԵՐ:
Միշտ տածել, որ վաղը միշտ ուշ է, եւ կրնանք կանգնիլ Խաչատուր Աբովեանի հարցման դիմաց. «Լեզուն որ չըլլի, մարդ ինչի՞ նման կ՛ըլլի»…
Խօսափող եւ եթեր զբաղեցնողներէն կը խնդրուի պատասխանել Աբովեանի… իմաստուն հարցումին, որ առանց հայերէնի` հայը ինչի՞ նման կ՛ըլլի:
Կամ` հնագիտական պեղումներ ընելու պէս պատասխանը փնտռել մեր աղմկոտ համաշխարհային ազգի «շաու-show»-ի խօսած լեզուներուն մէջ: Եթէ ի հարկէ հարցումը լսուի, եթէ օտարման զսպաշապիկէն ազատած լսող ըլլայ:
Կը սիրենք կոմիտէ եւ յանձնախումբ ստեղծել: Ինչո՞ւ խօսուած, գրուած, համացանցի վրայ տողանցող եւ խօսափողերէն տարածուող հայերէնի պաշտպանութեան կոմիտէներ չստեղծել` ազգի ինքնութեան պաշտպանութեան իրաւ քաղաքականութիւն վարելու համար:
Ընդհանրապէս ազգային ղեկավարում իրականացնելու համար:
Միշտ կրկնելով, որ վաղը միշտ ուշ է:
Ի՞նչ ընել այսօ՛ր, որպէսզի վաղը չըսենք, թէ արդէն ուշ է: Եթէ արդէն ուշ չէ:
Ամբոխահաճական (պոպոպլիստական) դատարկութեան մէջ լեզու, մշակոյթ եւ ազգի ինքնութիւն չեն բուսնիր: Այս հասկնալ` «յեղափոխուելու» առաջին քայլը կ՛ըլլայ:
Կամ` ի՞նչ պիտի ընենք ազգը լեզուով միացնելու համար:
19 փետրուար 2025, Փարիզ