«Մեր իրաւունքը՝ մեր ձեռքով» քայլերթով գանատահայութիւնը իր պահանջատիրութեան ձայնը անգամ մը եւս բարձրացուց Օթթաուայի մէջ
917
0
Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ին, տեղի ունեցաւ «Մեր իրաւունքը» մեր ձեռքով» քայլերթը, Օթթաուայի մէջ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանած հայորդիներու: Քայլերթը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։
Քայլարշաւը ծայր առաւ Գանատայի Խորհրդարանին դիմացէն, որուն ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ), ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան, Պատանեկան Միութեան եւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդներն ու պատանիները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ վարած հերքումի եւ ուրացման քաղաքականութեան դէմ, այլեւ Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ Արցախի մէջ առ այսօր Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող սադրանքներուն, շրջափակումին եւ վարած հակահայ քաղաքականութեանց դէմ:
Այս տարի բացառապէս քայլերթը պահ մը հանգրուանեց Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց, եւ հոն եւս ցուցարար մեր ժոողովուրդը դատապարտութեան բացականչութիւններով պահանջեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն ետ քաշուիլ Արցախեան մեր հողերէն, վերջ տալ Արցախի շրջափակման, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացում:
Քայլարշաւի վերջին հանգրուանն էր, ինչպէս ամէն տարի, թրքական դեսպանատունը, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչման եւ պահանջատիրութեան հանդիսութիւն, կազմակերպուած Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, ընկերակցութեամբ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, եւ ուր, միւս կողմը, սակաւաթիւ թուրքեր եւ ազերիներ կազմակերպած էին հակացոյց մը՝ հակահայ լոզունգներով, պաստառներով եւ թրքական ու ազերիական դրօշակներով:
Բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամ Արմէն Արթին, որ ըսաւ. «Թրքական դեսպանատան դէմ այսօր միասնաբար հաւաքուած ենք, ոչ միայն մեր բողոքի ցոյցը կատարելու, այլ ցոյց տալու այդ անաստուածներուն, որ ձախողեցան եւ պիտի շարունակեն ձախողիլ, որովհետեւ Հայաստանը, Արցախը եւ հայ ազգը տակաւին կ“ապրին, կը գոյատեւեն եւ պիտի գոյատեւեն մինչեւ մեր պապենական հողերուն տիրանալը, մինչեւ մեր դատի արդար լուծման հասնիլը»: Ապա անգլերէնով հանդէս եկաւ ԳԵՄ-ի անդամ Մարի Չաթալեան: «Մենք պարտաւոր ենք պահպանել մեր մշակոյթը, լեզուն եւ ժառանգութիւնը, մենք պարտաւոր ենք ապագայ սերունդները իրազեկել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որպէսզի կարենանք յարգել մեր նախնիներուն զոհաբերութիւնը եւ թոյլ չտանք նման վայրագութիւններու կրկնուիլը: Անոնց վերապրելու քաջութիւնն ու վճռականութիւնը կը շարունակեն ոգեշնչել մեզ այսօր, երբ մենք եւս կը դիմագրաւենք նոր մարտահրաւէրներ եւ պայքարի նոր հանգրուաններ», ըսաւ ան:
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Մոնթրէալի Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ մասնաճիւղերուն անունով խօսք առաւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Քամի Ունանեան, որ յայտնեց. «108 տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն, բայց այն տակաւին չէ աւարտած: Դժբախտաբար մենք զայն կ“ապրինք ուղղակի այս րոպէին իսկ: Ժամանակները փոխուած են, բայց մեր թշնամին՝ ոչ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ողբերգութիւն մըն է, որ տակաւին ուրացման կ“ենթարկուի միջազգային մակարդակներու վրայ: Հայոց դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն պատմական իրողութիւն է, այլեւ յիշեցում՝ թէ ինչպէս առ այսօր եւ ամէնօրեայ դրութեամբ մենք կը պայքարինք պահպանելու մեր լեզուն եւ ժառանգութիւնը»:
ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Շանթ Աֆարեան: Ան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Արդարութեան համար պայքարը աւարտելու ժամկէտ չունի, այս մէկը հասկնալը շատ կարեւոր է, որովհետեւ դուք ականատես էք, թէ յանցագործութիւններու շղթան 108 տարիէ ի վեր կը շարունակուի, զոհերուն թիւը կ“աւելնայ, իսկ մարդկութիւնը կը շարունակէ տուժել: Ահա թէ ինչու մեր պարտքն է, որպէս ցեղասպանութեան զոհեր, բայց նաեւ որպէս գանատացիներ եւ նաեւ որպէս մարդկութեան անդամ, պահանջել արդարադատութեան իրականացում»:
Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որ ըսաւ. «Այսօր կրկին անգամ հոս ենք, ոչ միայն ոգեկոչելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, այլեւ զգուշացնելու մեր շրջապատն ու համայն աշխարհը, որ ցեղասպանութիւն մը եւս ինչ որ տեղ մը դաւի նման կը նիւթուի, սակայն մենք՝ գիտակից ու յանձնառու հայութիւնը, այդ մէկին երբեք թոյլ պիտի չտանք», ապա յայտնեց, որ խաղաղութեան դարաշրջանի լոզունգներով կը փորձեն մեզ մահաքունի ենթարկել Հայաստանի իշխանութիւններն ու մեր դարաւոր թշնամին, բայց «Մենք այս հայաջնջման, հայաթափման եւ հայրենազրկման ծրագիրի իրագործումը պիտի չարտօնենք, որովհետեւ չի կրնար խաղաղութիւն տեղի ունենալ այդ տարածաշրջանին մէջ ի հաշիւ հայութեան իրաւունքներուն, ի հաշիւ արցախցիներուն հայրենիքի խլման»: Ան եզրափակեց իր ելոյթը յայտնելով. «Ժամանակն է բոլորով մէկ գիտակցելու, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հակառակ բոլոր բաժանարար գիծերուն, որոնք մեր դիմաց ցցուած են, հակառակ դուրսի եւ ներսի դաւերուն, թէ աշխարհը լուռ էր 108 տարի առաջ, լուռ պիտի մնայ նաեւ այսօր, աշխարհը հանդիսատեսի եւ ականատեսի դերին մէջն էր եւ նոյնը պիտի ընէ այսօր, հետեւաբար մեր ճակատագիրը մե՛նք պիտի կերտենք, այնպէս ինչպէս ցեղասպանութենէն 3 տարի ետք կրցանք կտոր մը Հայաստան պոկել եւ պահել մինչեւ այսօր, նոյն այն ժողովուրդն ենք մենք, եւ ամէն գնով թոյլ պիտի չտանք, որ Ստեփանակերտը դառնայ նոր Վան մը, նոր Արտահան մը, Մուշ մը, Երեւանը պիտի չըլլայ այդ մէկը, եւ մենք եթէ մնացինք վերջին ձայնը սփիւռքէն այդ մէկը բարձրաձայնող ու աղաղակող, ահաւասիկ հոս ենք այդ նպատակին համար»:
Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեան սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ըսելով. «Ինչպէս «Ալեկոծ տարիներ» իր գիրքին մէջ Վազգէն Շուշանեան կ’ըսէ՝ ռուսէն ձուլում, թուրքէն զուլում, այդպէս ալ, մենք դասեր քաղած մեր պատմութենէն, պէտք չէ վստահինք ո՛չ մեր աջին, ոչ ալ մեր ձախին, մենք պէտք է կեդրոնանաք միայն ու միայն մեր ուժերուն վրայ», ապա աղօթքով փակեց պաշտօնական յայտագիրը: Հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Արարատ Ահարոնեան:
Նշենք, որ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան անդամները քայլարշաւի նախօրէին այցելեցին Օթթաուայի մէջ ՀՀ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցան ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի հետ, ապա ծաղկեպսակ զետեղեցին «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին դիմաց:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Լուսանկարները Իշխան Ղազարեանի եւ Մայք Թաշճեանի
Comments are closed.