Մեր Առաջնահերթութիւնները. Անվտանգութեան Ամրապնդումը Գոյութենական Գերխնդիր Է

Horizon Weekly Newspaper

Այսօր շատ կը խօսուի Հայաստան – Ատրպէյճան «խաղաղութեան պայմանագիր»ի մասին եւ այդ կեղծ խաղաղութեան հաւատացողներու գլխաւոր հիմնաւորումը Ատրպէյճանի կողմէ շարունակ հնչած պատերազմի սպառնալիքն է:

Այդ թուղթի կտորը ձեռք բերելու ճիգը եւ զայն սեփական ժողովուրդին իբրեւ խաղաղութիւն բերող փաստաթուղթ ներկայացնելը ակնյայտ անտեսում է պատմական այն անվիճելի ճշմարտութեան, որ առանց անվտանգային երաշխիքներու եւ տարակարծութեան առարկայ հարցերու արդար լուծման՝ կարելի չէ հասնիլ իրական խաղաղութեան: Պատմական փաստ է, որ խոցելի անվտանգութիւնը միայն նոր պատերազմի ու սեփական պետութիւնը կազմաքանդելու լրջագոյն վտանգներ կը պարունակէ եւ «խաղաղութիւն» վերտառութեամբ թուղթը երբեք թշնամի պետութեան ախորժակները չի կրնար սանձել:

Նոյնիսկ ապացուցելու կարիք չունի այն իրողութիւնը, որ ՀՀ իշխանութիւններու իրերայաջորդ զիջումները չեն կրցած վերջ տալ Ատրպէյճանի կողմէ առաջ քաշուած միակողմանի նոր պահանջներուն: Հետեւաբար իրական, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է նկատի ունենալ հետեւեալ իրողութիւնները.

– Ազգային գաղափարախօսութեամբ, շահերով ու արժէքներով առաջնորդուող արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը կարեւորագոյն նախապայմանն է նախորդ տարիներուն մեր ազգի կրած պարտութիւններու շղթան կասեցնելու համար: Այս պարզ ճշմարտութեան կը գիտակցին ներազգային բոլոր այն ուժերը, որոնք պատերազմէն ետք արդարօրէն բարձրաձայնած են ապազգային քաղաքականութեան ամլութեան մասին: Իշխանատենչութեամբ չտառապելու պարագային՝ սոյն ճշմարտութեան համոզուած պիտի ըլլար ապազգայինութեան դրօշը պարզած քաղաքական ուժը եւս, որուն բերած իւրաքանչիւր պարտութեան հետ աւելի կը շեշտուի որդեգրուած քաղաքականութեան սնանկութիւնը:

– Պատերազմին կրած պարտութենէն անմիջապէս ետք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կանգնած է անվտանգութեան լուրջ սպառնալիքի դէմ հանդիման: Աշխարհաքաղաքական դասաւորումներուն մէջ Հայաստանը վերածուեցաւ գերուժերու բախման կիզակէտի եւ սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով՝ ինքզինք զրկեց այդ սպառնալիքը դիմագրաւելու բոլոր լծակներէն: Այսօր, Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդումը գոյութենական գերխնդիր է եւ խիստ կարեւոր երաշխիք է պարտութիւններու շղթան կասեցնելու եւ ապագայ պարտութիւններ կանխելու: Իսկ անվտանգութեան ամրապնդման կարեւոր բաղադրիչներէն են բանակի վերաորակաւորումն ու ռազմարդիւնաբերութեան զարգացումը:

– Թշնամի երկրին նկրտումները փաստօրէն կանգ չեն առած Արցախի բռնագրաւումով եւ վերջին երկու տարիներուն, զինուորական ներխուժումով եւ սահմանազատման քողի տակ ու Հայաստանի իշխանութիւններու յանձնուողական քաղաքականութեան հետեւանքով, խախտուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը: Ծիծաղելի է խօսիլ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու խաղաղութեան մասին, առանց անդրադառնալու Հայաստանի հողային ամբողջականութեան վերականգնման հարցին, որ հայոց պետականութեան պահպանման ու հզօրացման առաջին հրամայականն է:

– Հայաստանի մէջ արուեստականօրէն կը հրահրուի արեւելումներու հարց մը, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի մեր ազգային շահերուն հետ: Արեւմտամէտ ու ռուսամէտ արհեստածին հակադրութեան ստեղծումը միայն ներազգային հակադրութիւն յառաջացնելու եւ հայամէտութեան ռազմավարական նշանակութիւնը նսեմացնելու միտում կը հետապնդէ: Ոմանք, գուցէ եւ նպատակուղղուած, կը փորձեն նաեւ հայկական ազգային արեւելումը նոյնացնել քաղաքական ինքնամեկուսացման հետ, մոռնալով, որ հայկական արեւելումը պէտք չէ մեզ առաջնորդէ միջազգային քաղաքական մեկուսացման: Այդ արեւելումի գլխաւոր թելադրանքը այն է, որ դերակատար ու ազդեցիկ երկիրներու հետ պէտք է յարաբերութիւնները խորացնել, իրենց շահերը մեր ազգային շահերուն ու նպատակներուն հետ համընկնելու չափով:

Մէկ խօսքով, խարխլուած անվտանգութեամբ, հակազգային քաղաքականութեամբ, պատերազմի սպառնալիքներու դիմաց տեղի տալով ու կեղծ խաղաղութեամբ՝ պետութիւն չեն պահեր:

Խաժակ Մկրտիչեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ