Մենք հասած ենք կացութեան մը, երբ Հայաստանի մէջ կը խօսինք հայկական ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին. Քրիստինէ Վարդանեան

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, դաշնակցական գործիչ Քրիստինէ Վարդանեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ մը, ուր օրակարգի առաջնահերթ հարց դարձած է հայկական ինքնութեան պահպանութիւնը։

«Մենք հասած ենք կացութեան մը, երբ Հայաստանի մէջ կը խօսինք հայկական ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին։ Ասիկա է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առանձնայատկութիւնը»,– ըսած է Վարդանեան։

Վարդանեանի դիտել տուած է, թէ երկրին մէջ ձեւաւորուած է յստակ բաժանարար գիծ․ ինքնութեան դէմ պայքարողներու եւ զայն պաշտպանողներու միջեւ։

«Հայաստանի մէջ կը մտածենք՝ ինչպէ՞ս դիմագրաւենք հայկական ինքնութեան դէմ տարուող արշաւը, ինչպէ՞ս պահպանենք զայն։ Այս պատճառին համար է, որ թիրախ կը դառնայ նաեւ Եկեղեցին։ Մօտ ապագային վստահ եմ պիտի տեսնենք այս արշաւի սաստկացումը։ Մինչեւ յունիս 7-ին կայանալիք ընտրութիւնները վստահաբար ականատես պիտի ըլլանք նման քայլերու»,– ըսաւ պատգամաւորը՝ աւելցնելով, թէ ՔՊ-ն ընտրութիւններուն ստացած քուէները կրնայ մեկնաբանել իբրեւ թոյլտուութիւն՝ կաթողիկոսին դէմ գործողութիւններու համար։

Ան անդրադարձաւ նաեւ Վաղարշապատի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն՝ նշելով, թէ ՔՊ-ն իր թեկնածուին յաղթանակը ներկայացուցած է իբրեւ կանաչ լոյս՝ Եկեղեցւոյ դէմ քայլերու ձեռնարկելու համար։

«Արդէն յայտարարուած է, թէ Մարտ ամսուն պիտի ունենանք Ալիեւի պահանջած Սահմանադրութեան նախագիծը։ Ժողովուրդ ջան, գիտեմ, որ ձեզմէ ոեւէ մէկը չի փափաքիր ունենալ Ալիեւի Սահմանադրութիւնը, սակայն ձեր քուէն ՔՊ-ին այդպէս պիտի մեկնաբանուի, իսկ ընտրութիւններուն չմասնակցիլը պիտի մեկնաբանուի իբրեւ կացութեան համաձայնութիւն։ Յունիս 7-ին պիտի կանգնինք հետեւեալ ընտրութեան առջեւ․ Ալիեւի Սահմանադրութեան կողմ ըլլա՞լ, թէ՞ դէմ, ինքնութեան դէմ արշաւին համաձա՞յնիլ, թէ՞ զայն մերժել»,– ըսաւ Վարդանեան՝ շեշտելով, որ նշուած հարցին մէջ անհրաժեշտ է ընդդիմադիր ուժերու համագործակցութիւնը։