«Մենք Արցախի կողքին ենք». Արամ Ա. Վեհափառ
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ,.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-ամեակին առիթով արտասանուած Հայրապետական Պատգամին։
Մայիս 28-ը սովորական տօն մը չէ. ան հոմանիշ է Հայաստանի անկախութեան եւ այդ անկախութիւնը պահպանելու, հզօրացնելու եւ ամրապնդելու մեր ազգին հաւաքական վճռակամութեան ու յանձնառութեան։
Ազատօրէն ապրելու ու մտածելու եւ ինքզինք կառավարելու, այլ խօսքով՝ ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը աստուածատուր իրաւունք է եւ մարդկային իրաւանց ամենէն էական սկզբունքներէն մէկը։
Մայիս 28-ի նշումը այսօր յիշեցում մըն է ու միաժամանակ կոչ իւրաքանչիւր հայուն՝ ամրօրէն կառչած մնալու Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան ու անվտանգութեան ամուր պահպանման։ Յատկապէս Արցախը այսօր կը գտնուի ահաւոր վտանգներու սեմին։ Վտանգուած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը. վտանգուած է Արցախի մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը։
Կʼուզեմ բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ շեշտել, թէ՝ շրջանէն ներս ստեղծուած աշխարհա-քաղաքական ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, մենք իրաւունք չունինք Արցախը լքելու, պարզապէս ըսելով,
– թէ Հայաստանը պատրաստ է ճանչնալու Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը.
– թէ Արցախը եւ Պաքուն թող իրարու հետ բանակցին.
– թէ Հայաստան պետական շահեր միայն կը հետապնդէ.
– թէ շրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատումը զիջումներ կʼենթադրէ.
– թէ Հայաստանի տնտեսական շահերը կը պահանջեն, որ ան խաղաղ գոյակցութիւն հաստատէ իր անմիջական դրացիներուն, եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ։
Կʼանդրադառնա՞նք արդեօք, որ ազգային շահերուն եւ պետական շահերուն միջեւ բաժանման գիծեր հաստատելը խոտոր կը համեմատի մեր պատմութեան, մեր ազգին ինքնահասկացողութեան, մեր գերագոյն եւ ընդհանրական իտէալներու իրագործման։ Ազգի ու պետութեան շահերը հարկ է դիտել մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս, որպէս զիրար հզօրացնող ու պայմանաւորող տարածքները մեր հաւաքական պայքարին։
Կʼանդրադառնա՞նք արդեօք, որ հետզհետէ մեր ազգի կեանքէն ներս՝ Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ, նոր ճեղքեր կը յառաջանան. փոխանակ համախմբուելու, իրարմէ կը հեռանանք, փոխանակ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման փոխադարձ հասկացողութեան եզրեր որոնելու զիրար կʼամբաստանենք։
Անկախութեան համար պայքարը նուիրական է։ Անկախութեան ի խնդիր պայքարող Արցախի մեր ժողովուրդին հետ ենք։ Սա պահուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն կոչ կʼուղղենք աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Արցախի կողքին ըլլալու։ Եւ Արցախի ժողովուրդին կʼըսենք՝ վերանորոգ հաւատքով ու ամուր կամքով շարունակեցէ՛ք ձեր պայքարը յանուն անկախութեան ու արդարութեան։
Ա՛յս է պատգամը Մայիս 28-ին։
Comments are closed.