Մեծարանքի եւ երախտագիտութեան սիրոյ սեղան Խաժակ Արք. Յակոբեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով
Ամեակներն ու յոբելենական հանդիսութիւնները հանգրուաններ են, որոնց վրայ կանգ առնելով, նժարի վրայ կը դնենք ապրուած կեանք մը եւ վերանորոգ կամքով կը նայինք մեր դիմաց բացուող հորիզոններուն: Իսկ երբ նկատի կ’ունենանք ամբողջանուէր եկեղեցականի մը աւելի քան կէս դարու ծառայութիւնն ու կերտած վաստակը, կրնանք աներկբայօրէն հաստատել, որ արգասաբեր եղած են անոր կեանքն ու ծառայական կենսագրութիւնը:
Արդարեւ, 2018 տարին յոբելենական հանգրուան մը կը հանդիսանայ Գանատայի Հայոց Թեմի անդրանիկ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեանի կեանքին մէջ ու ծառայական առաքելութեան ճամբուն վրայ: 1968 Մայիս 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 50-ամեակին ան կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ, եւ 50 տարի շարունակ եկեղեցականի կոչումն ու առաքելութիւնը կ’ընդելուզէ իր կեանքին եւ էութեան հետ:
Այս հանգրուանին առթիւ, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին, Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ մեծարանքի եւ երախտագիտութեան սիրոյ սեղան:
Բարի գալուստի ու ողջոյնի խօսք արտասանեց Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, որ շնորհաւորեց Խաժակ Սրբազանը եւ վեր առաւ ծառայական կեանքին մէջ անոր վաստակն ու ներդրումը, նշելով, որ ան իր ծառայական կեանքի մեծ մասը անսակարկօրէն նուիրած է մեր Թեմին: «Հայ եկեղեցականի անբասիր նկարագիրով, պարզ ու խոնարհ՝ սակայն հաստատ ու վճռակամ կեցուածքով մեզի սորվեցուցած էք անանձնական ծառայութեամբ առաջնորդել մեզի վստահուած հօտը», շեշտեց ան:
Այնուհետեւ, Հայր Գեղարդ ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը, որուն մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը կը շնորհաւորէր Խաժակ Սրբազանին յոբելենական տարին եւ վեր առնելով անոր հաւատարմութեամբ լիացած ծառայութիւնը, կը շեշտէր.- «…Եղած էք պարտաճանաչ ձեր աշխատանքներուն մէջ, պատասխանատու եւ համարատու՝ ձեզի տրուած պատասխանատուութիւններուն նկատմամբ, ուսանողական տարիներէն սկսեալ: Ձեր երիտասարդ տարիքին նուիրուեցաք թեմական ծառայութեան, ծառայեցիք մեր ժողովուրդին Սուրիայէն սկսեալ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ ու Գանատա: 50 տարիներու ընթացքին ձեր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութիւններուն մէջ ցուցաբերեցիք գործակցութեան ոգի, հոգեւորական թէ աշխարհական գործակիցներու նկատմամբ, եւ միշտ մնացիք հաւատարիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սկզբունքներուն ու առաքելութեան»:
Աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը մեծապէս կը գնահատէր Խաժակ Սրբազանին բազմամեայ վաստակը, կ‘ողջունէր անոր ծառայական կեանքի այս կարեւոր հանգրուանը ու կը մաղթէր առողջ կեանք մը՝ լեցուն Ս. Հոգիին շնորհքներով։
Յանուն Ազգային Վարչութեան, սրտի խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, որ վեր առաւ Խաժակ Սրբազանին առաքինութիւններն ու անխոնջ հոգեւորականի ու առաջնորդի վաստակը, շեշտը դնելով անոր անձը, գիտելիքներն ու աշխատելաոճը բնորոշող յատկութիւններու վրայ, ապա, շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղեց, մաղթելով ոյժ, կորով ու երկար տարիներ։
Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան ընթերցեց յատուկ աղօթք մը նուիրուած ծառայութեան, այնուհետեւ, Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգաին Առաջնորդարանի դիւանապետուհին՝ Տիկին Տանիա Օհանեան: Ան շնորհաւորեց յոբելենական ամեակը եւ նշեց, որ Խաժակ Սրբազանը ճանչցած է իբրեւ քաջ, մաքուր նկարագրի տէր, համբերատար, ներողամիտ, խոնարհ, տեսիլք ունեցող, գործունեայ ու ձգտումի տէր Հոգեւոր Առաջնորդ մը, որ համակ կեանք մը ընծայաբերած է ժողովուրդին ծառայութեան անմահական ատրուշանին, դառնալով անխոնջ աշխատող եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւր:
Երեկոն յագեցած էր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով։ Դասական, ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, Բարեշնորհ Յարութ Սրկ. Կիւլոյեանն ու Եսայի Սրկ. Մանուկեան:
Այնուհետեւ, սրտի խօսք արտասանեց Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան: Ան ողջունեց ներկաները, գոհութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ սիրոյ սեղանին համար եւ երկար ու առողջ կեանքի բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Խաժակ Սրբազանին, նշելով, որ ան աւելի քան 50 տարիներ իր կեանքը ի սպաս դրած է հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգին՝ մեծ ներդրում ունենալով Թեմիս հաստատման, կազմակերպման ու յառաջացման աշխատանքին մէջ. շնորհիւ իր աշխատասիրութեան, ուղղամտութեան եւ յանձնառու նկարագրին կրցած է փարատել բոլոր տեսակի դժուարութիւններն ու խոչընդոտները՝ Թեմիս պատմութեան մէջ թողելով ոսկեայ տառերով ամրակուռ անուն մը։ «Ան իր բովանդակ կեանքը նուիրաբերած է հայ ազգին ու մեր եկեղեցիին, աննկուն կամքով, խոհեմութեամբ, զգօնութեամբ ու մանաւանդ նախանձախնդրութեամբ մօտեցած է իր կոչումին», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց յոբելիարը՝ Խաժակ Սրբազան: Ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, ողջունեց ներկաները, ապա գոհունակութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպման եւ արտասանուած խորազգաց խօսքերուն ու բարեմաղթանքներուն համար։
Անդրադառնալով իր եկեղեցականի կեանքի աւելի քան 50 տարիներու փորձառութեան, Խաժակ Սրբազան նշեց, որ բոլոր հանգրուաններուն եւ ամէն տեղ եղած է Աստուծոյ ու ժողովուրդին համեստ ծառան, իր ծառայութիւնը ի սպաս դրած է Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային կեանքի բարօրութեան, փոխադարձ հասկացողութիւնը, անկեղծութիւնն ու համեստութիւնը դարձնելով իր կեանքի նշանաբանը:
Նշենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւնը Խաժակ Սրբազանին յանձնեց յուշանուէր մը:
Մեծարանքի հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով: