Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան` Փոխախոյեան

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:

Ըստ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան, Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ տեղի ունեցող մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան յենացատկի վարժութեան աւարտականին Արթուր Դաւթեան հաւաքելով 14.833 կէտ դարձաւ աշխարհի  փոխախոյեան: Աշխարհի ախոյեան դարձաւ Ողիմպիականի ախոյեան Քարլոս Եուլօ (Ֆիլիփեան կղզիներ):

Արթուր Դաւթեան 2022-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը շահած էր, 3 անգամ (2021-2023-2025) դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան: Ան Թոքիոյի Ողիմպիականի պրոնզէ մետալակիրն է եւ Փարիզի Ողիմպիականի արծաթէ մետալակիրը:

Նախապէս Հայաստանի հաւաքականէն աշխարհի փոխախոյեան դարձած էր նաեւ Մամիկոն Խաչատրեան` նժոյգի թափեր վարժութեան մրցումներուն: