Մանկապատանեկան «Հորիզոն», Ապրիլ 2017 – PDF տարբերակը կցուած

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ա. Աշխարհամարտը լաւագոյն առիթը համարուեցաւ թուրքերուն համար՝ ազատելու հայկական հարցէն եւ բնաջնջելու հայ ժողովուրդը: 1911-ին ներքին գործոց նախարար Թալիաթի նախագահութեամբ գումարուեցաւ գաղտնի ժողով մը՝ այս ծրագիրը գործադրելու համար, որուն մասնակցեցան Էնվէր, Ճեմալ, Նազըմ, Պէհաէտտին Շաքիր եւ ուրիշներ:

Ապրիլ 24-ի գիշերը թէ՛ մայրաքաղաքի եւ թէ՛ գաւառներու մէջ ձերբակալուեցան հայ մտաւորականները: Անոնցմէ ոմանք ենթարկուեցան անմարդկային չարչարանքներու, ոմանք կախուեցան, ոմանք ալ աքսորուեցան եւ սպաննուեցան անծանօթ վայրերու մէջ: Նահատակուած մտաւորականներուն թիւը հասաւ մինչեւ 600-ի:

Յունիսին սկսաւ բուն տեղահանութիւնը: Սկիզբը հաւաքուեցան 15-70 տարիքը ունեցող բոլոր այր մարդիկը: Ասոնց ըսուեցաւ, որ երկար ճամբորդութիւն պիտի ունենան, ապա՝ զանազան միջոցներով ջարդուեցան: Երկու շաբաթ ետք կարգը հասաւ կիներուն եւ երեխաներուն, որոնց նոյն ձեւով ըսուեցաւ, թէ պատերազմի պատճառով կառավարութիւնը զիրենք պիտի փոխադրէ «ապահով վայրեր»: Տեղահանութեան կարաւաններ կազմուեցան եւ զինուորներու ընկերակցութեամբ ճամբայ ելան դէպի Սուրիոյ անապատը, դէպի Ռագգա, Ռաս Ուլ Այն եւ Տէր Զօր: Կարաւանները կ’երթային առանց փոխադրամիջոցներու, քալելով, կիզիչ արեւուն տակ, անօթի, ծարաւ, ամէն օր ենթարկուելով նոր յարձակումներու, կողոպուտի եւ առեւանգումի: Այդ ճամբուն վրայ նահատակուեցան տասնեակ հազարաւոր անմեղներ, իսկ հասնողները տեղւոյն վրայ սպաննուեցան:

1915-ի այս աննախընթաց Ցեղասպանութեան զոհ գացին մէկ ու կէս միլիոն հայեր, ինչպէս նաեւ մեր պատմական հայրենիքին մեծ մասը:

ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Արցախի քառօրեայ պատերազմին ռազմական գործողութիւններ տեղի ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակին եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն միջեւ արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով, որ սկսաւ 2016 թուականի Ապրիլ 1-ի գիշերը: Բուռն մարտեր ընթացան ռազմաճակատի վերածուած առաջնային գիծի հարաւային (Հադրութ) եւ հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) ուղղութիւններով: Ապրիլ 3-ի գիշերը շփման գիծի ողջ երկայնքով ատրպէյճանական կողմը ականանետերով շարունակած է արկակոծել Պաշտպանութեան Բանակի առաջնային դիրքերն ու մերձակայ հայկական բնակավայրերը։

Ապրիլի 5-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերուն միջեւ կրակի դադարեցման շուրջ պայմանաւորուածութիւն տեղի ունեցաւ: Հայերուն կողմը տուած է մօտաւորապէս 100 նահատակ զինուոր, մինչ ատրպէյճանական կողմը՝ աւելի քան 700 մեռեալ: Արցախեան այս քառօրեայ պատերազմը փաստեց, որ հայ ժողովուրդը ամէն գնով կը պաշտպանէ իր հայրենի հողը եւ տէր կը կանգնի պապենական իր բնօրրանին:

Ս. ԶԱՏԻԿ

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը կը կոչուի նաեւ Զատիկ, որ կը նշանակէ զատում, բաժանում, հեռացում մեղքերէն եւ վերադարձ առ Աստուած: Զատիկը կը համարուի 5 տաղավար տօներէն մէկը: Զատկի տօնին հաւատացեալները հաւկիթ կը ներկեն: Հաւկիթը կը համարուի յարութեան եւ նոր կեանքի սկզբնաւորման խորհրդանիշ, իսկ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ խաչեալ Յիսուսի կենարար արիւնը, որ թափուեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

Հայկական լաւաշ հաց

Լաւաշը հայկական աւանդական հաց է: Հայաստանի մէջ լաւաշ հացը յայտնի էր աւելի քան երեք հազար տարի առաջ: Կ’եփուի տաք հողի մէջ թաղուած յատուկ կաւէ գլանաձեւ փոսի մը մէջ, որ կը կոչուի թոնիր: Գետնափոր կաւէ թոնիրը հայկական խոհանոցի առաջին գործիքներէն է: Լաւաշը աշխարհի ամենաերկար ժամանակի պահուող հաց է, զայն կարելի է պահել աւելի քան մէկ տարի, իսկ երբ թրջենք զայն ջուրով, դարձեալ կը կակուղնայ:

Հայերը լաւաշը հարս ու փեսային ուսին դնելով՝ առատութիւն ու օրհնութիւն կը մաղթէին: Լաւաշը հայուն փրկութիւնն էր ձմրան երկար ամիսներուն: Լաւաշը կը նշանակուի Հայաստանի խորհրդանիշներէն մէկը, անոր մասին գրուած են երգեր եւ բանաստեղծութիւններ:

Զանազան գիտելիքներ ջուրին մասին

Ամենամաքուր ջուրը կը գտնուի Ֆինլանտայի մէջ:

Տաք ջուրով աւելի արագ կրնանք սար ունենալ:

Կովը 1 լիթր կաթ տալու համար պէտք է խմէ 5 լիթր ջուր:

Գիտնականները հասեր են այն եզրակացութեան, որ ձայնը ջուրին մէջ աւելի արագ կը տարածուի, քան օդին մէջ:

Մարդը առանց ջուրի կրնայ ապրիլ միայն 2-3 օր:

– Մեր ոսկորներուն 31%-ը կազմուած է ջուրով։

Հասուն մարդու օրկանիզմի 60-70 %-ը կը կազմէ ջուրը:

  • Մեր մոլորակի 80 %-ը ծածկուած է ջուրով, սակայն այդ ջուրին 1% միայն կրնանք օգտագործել խմելու համար:

Ճանչնանք մեր հայրենիքը

Ջերմուկ

Ջերմուկը առողջարանային, զբօսաշրջային քաղաք է: Կը գտնուի Հայաստանի հարաւարեւելեան մասը՝ մայրաքաղաքէն՝ 175 քլմ. Հեռաւորութեան վրայ, ծովի մակերեսէն բարձրութիւնը 2070 մ. է ծածկուած է լեռներով ու մարգագետիններով, ամրան զով է եւ բազմագոյն, աշնան՝ արեւոտ, իսկ ձմրան կը ծածկուի առատ ձիւնով, բայց նաեւ կապոյտ երկինքով ու պայծառ արեւով:

Միջնադարուն կառուցուած լողաւազանին մնացորդները ցոյց կու տան, որ Ջերմուկի բուժիչ հանքային ջուրերը, որպէս բուժամիջոց, օգտագործուած են դեռեւս դարեր առաջ:

Հրաշալի է Ջերմուկի մեծ ջրվէժը՝ 70 մ. բարձրութեամբ: Ջերմուկը հարուստ է պատմամշակութային յուշարձաններով ու հիանալի վայրերով՝ ԱրփաՍեւան փապուղի, Կեչուտի ջրամբար, Գնդեւանք, Վարդանի քար, Գլաձորի միջնադարեան համալսարան եւ այլն:

Ջերմուկը միշտ հանդիսացած է ձմեռնային հանգիստի եւ առողջապահական քաղաք: Նշանաւոր զբօսավայրերէն մէկն է Ջերմուկի ճոպանուղին, որուն երկարութիւնը 1000 մ. է: Ամենաբարձր կէտը 2480 մ. բարձրութեան վրայ է, ուր կը գտնուի նշանաւոր ճաշարանը:

Թորոնթոյի «Գոլոլեան» նախակրթարանի Գ. կարգի աշակերտները կը գրեն. կեցցե՛ն.

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24. ինչպէ՞ս մոռնանք մէկուկէս միլիոն նահատակները: Ցաւօք կորսնցուցինք անմեղ կեանքեր, պատմական հողեր, պապենական տուներ, սփռուեցանք հայերս աշխարհի մէջ, վիշտ ու կարօտ մեր սրտերուն մէջ:

Վարդան Մանուկեան

Ապրիլ 24

Տարուան ամենատխուր օրն է մեզի համար, քանի որ կը յիշենք մեր նահատակները անհամար, քանի որ մեծ եղեռն էր՝ ցեղասպանութիւն ահաւոր: Ցաւ կը զգանք, բայց վրէժը մեր սրտին, պիտի յիշենք մեր զոհերը: Աղօթք՝ անոնց անթաղ մարմիններուն եւ անէծք՝ մարդակեր թուրքերուն:

Անի Հրեշտակեան

Մենք Կա՛նք

1915-ին դաժան օրեր ապրեցանք,

Մեր հողերէն ու ջուրերէն բաժնուեցանք, հեռացանք,

Անապատի տաք ճամբուն երկար օրեր քալեցինք,

Բայց դիմադրելու հոգին մեր մէջ չմարեցաւ:

Հակառակ թուրքի ջանքին, մենք գոյատեւեցինք,

Սփիւռքի մէջ ցրուելով նոր գաղութներ կազմեցինք,

Պահեցինք կրօնքն ու լեզուն ու յարատեւեցինք,

Ու մեր մայր հայրենիքի անկախութիւնը պահեցինք:

Մենք՝ սփիւռքին մէջ մեծցած փոքրիկներս հայազգի,

Փաստեցինք աշխարհին հայուն կամքը քաջարի,

Թէ որ նոյնիսկ դարեր անցնին այդ չար օրերէն,

Մենք կը մնա՛նք հայ ու կը խօսինք հայերէն:

Գայիանէ Յարութիւնեան

Ապրիլ 24

Ամէն տարի Ապրիլ ամսուն

Մենք կը յիշենք մեր զոհերը,

Որոնք 100 տարի առաջ

Մեծ ու փոքրիկ անմեղ մեռան:

Ունինք երկիր շատ սիրելի,

Հայաստան աշխարհ հիանալի,

Տէ՛ր Աստուած, պահէ խաղաղ

Հայրենիքը մեր յաւիտեան:

Եւա Մարդոյեան

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24, դուն մեր սրտին մէջ

Սնմոռանալի յիշեալ օր ես,

Վերապրումով մենք ահաւոր,

Կը յիշենք վէրքը մեր սրտին:

Էլենա Գրիգորեան

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24-ը իմ ազգիս եւ ինծի համար շատ տխուր օր մըն է: Մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն համար շատ տխուր կը զգամ: Թէեւ մտածածս շիտակ չէ, բայց կ’ուզեմ, որ մենք ալ թուրքերը սպաննենք, որպէսզի գիտնան, թէ հայերուն ի՛նչ ըրին, մինչեւ որ անոնք ճանչնան իրենց ըրած ցեղասպանութիւնը եւ վերադարձնեն մեր հողերը, այն ատեն ես ուրախ պիտի ըլլամ:

Քամի Հաճիարթինեան

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24-ը կու գայ,

Սիրտս միշտ արիւն կու լայ,

Հայ եմ ես, քաջ եմ ես,

Հայաստանը պաշտպանող անվախ սերունդ եմ ես:

Օլիվիա Օյմաքաս

Ապրիլ 24

Նորէն Ապրիլ ամիս է, եւ ես կը մտածեմ իմ հայ ազգի պատմութեան մասին: Թէեւ պատմութիւնը տխուր է, բայց ես որպէս հայու զաւակ, պիտի սորվիմ հայ լեզուն, որ ժառանգած եմ մեր պապերէն. նաեւ կ’ուզեմ ընկերներս միշտ իրարու հետ հայերէն խօսին, որ երբե՛ք չմոռնանք մեր մայրենի հարուստ լեզուն: Եւ այսպիսով թ՛ող որ թուրքը լաւ իմանայ, որ ինքը չէ յաջողած եւ չի յաջողիր իր նպատակին հասնիլ:

Լարա Տէր Մինասեան

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24-ը շատ մեծ օր մըն է,

Այս օրը ամէն հայերը կը միանան եկեղեցւոյ մէջ,

Մեզի համար շատ սուրբ օր մըն է,

Յիշելու մէկուկէս միլիոն նահատակները:

Պիտի տխրինք, բայց պիտի չլանք,

Ու միշտ հայ պիտի մնանք,

Այս ուժով պէտք է զգանք,

Որպէսզի ամէնքս հայ մնանք

Եւ մեր հողերուն դարձեալ տիրանանք:

Նորա Թարզի

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24 է այսօր,

Մեր նահատակներուն օրը,

Մենք զիրենք միշտ կը յիշենք,

Ու երբէք չենք մոռնար:

Ամէն տարի այս օրը,

Մենք կ’ուխտենք միշտ հայ մնալ,

Անոնք զոհուեցան ի սէր մեզի,

Ի սէր բոլոր հայութեան:

Ապրիլ 24

Հազար ինը հարիւր տասնհինգին,

Չար կատաղի պատերազմ էր,

Միլիոնաւոր հայեր մեռան,

Մեծ մաս մըն ալ տեղահան եղան:

Սակայն հայը տակաւին կայ,

Ու իր լեզուն կը մնայ,

Կը պայքարի, կը պահանջէ,

Որոշած է չնահանջել:

Տանիէլա Բէֆանիս

Ապրիլ 24

Ես հայ եմ,

Բոլոր հայերու նման,

Ես թոռնիկն եմ

Նահատակուած մեծ հօրս:

Բնաւ չեմ մոռնար

Հայոց ջարդը

Ու կը խոստանամ

Պաշտպանել Հայ Դատը:

Յ. Կիւրինեան

Ապրիլ 24

Ահաւասիկ մէկ դար անցած,

Սակայն հայը չէ մոռցած Ապրիլ 24-ը,

Հայը միշտ կը յիշէ,

Ու միշտ պահանջատէր կը մնայ:

Եկէ՛ք բոլորս միասնաբար

Մեր հայերէն խօսելով

Ու լաւ հայ ըլլալով

Վախցնենք մեր թշնամին՝ թուրքերը,

Ու միշտ պահանջատէր մնանք:

Թէօ Նազարեան

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24, յիշատակի օր,

Մենք կը յիշենք մեր նահատակները,

Թող անոնք մնան միշտ անմահ,

Մեր հոգիներուն մէջ միշտ անմար:

Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք,

Մենք պիտի ըլլանք հզօր ու արի,

Որ թուրքերուն տանք պատիժ արժանի,

Հայաստան երթանք ու միշտ հայ մնանք:

Մարիամ Պոյաճեան

Ապրիլ 24

Իմ սիրելի հայ նահատակներ,

Պիտի յիշենք ձեզ յաւիտեան,

Գիտենք թուրքը ուզեց մեզ ջնջել,

Բայց չկարողացաւ մեզ յաղթել,

Մենք մնացինք յաւիտեան,

Որպէս հայոց պահապան:

Մենք հայ ենք,

Եւ միշտ պիտի մնանք

Տէր ու պահապան Հայաստանին:

Միշտ պիտի յիշենք մեր հերոսները,

Որոնք տուին իրենց կեանքը,

Որ մենք ապրինք ազատ ու անկախ:

Եւա Շահվերտեան

Ապրիլ 24

1915 Ապրիլ 24-ին մէկուկէս միլիոն հայեր նահատակուեցան թուրքին ձեռքով: Հարիւր տարի ետք մենք դեռ կը յիշենք մեր հայ նահատակները, չենք մոռնար անոնք, որոնք զոհուեցան մեզի համար:

Նուշիկ Թոզճեան

Ապրիլ 24

Ահա եկաւ Ապրիլ 24-ը,

Մեր պատմական օրերէն մէկը,

Մենք միշտ կը յիշենք մեր նահատակները,

Ու անոնց խոր ցաւը:

Մենք պարտուած չենք, յաղթած ենք,

Որովհետեւ ազատ ու անկախ ենք,

Ու չենք մոռնար հայ քաջերը,

Զիրենք մենք շատ կը սիրենք:

Էմին Պետրոսեան

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24-ը կ’ոգեկոչենք,

Որովհետեւ հզօր հայեր ենք,

Ապրիլ 24-ը կը յիշենք

Ու քաջութիւն կը սերմանենք:

Մարիամ Պետրոսեան

Ապրիլ 24

Մենք կը սպասենք, որ թուրքերը մեր հողերը ետ վերադարձնեն մեզի: Մեր հայ զինուորները կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը: Կ’ուզենք, որ մեր պատմական հողերը վերադառնան, եւ հայերը միշտ ուրախ ըլլան: Բայց, ե՞րբ մեր հողերը պիտի առնենք, Մենք դեր անհամբեր կը սպասենք:

Մարգ Աբէլեան

Մենք կը սպասենք

Մենք կը սպասենք մեր հողերը,

Որ թուրքերը մեզի ետ տան,

Որ միշտ մնանք մենք հզօր,

Խոստանանք նոր կեանք ու ապագայ:

Մենք կ’ուզենք հզօր ըլլալ,

Որ մեր պապերու աճիւնները

Հանգիստ մնան իրենց տեղերը,

Կը խոստանանք վրէժ լուծել:

Գառնի Շիշոյեան

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24-ը հայերուն համար շատ տխուր օր է: Հայերը դեռ կ’ապրին: Մենք ենք յաջորդները եւ մենք պիտի պաշտպանենք մեր հողերը: Ե՞րբ պիտի տան մեր պատմական Հայաստանը: Եթէ ետ չտան, ես պիտի երթամ եւ իմ Հայաստան աշխարհը թուրքին ձեռքէն պիտի առնեմ:

Սեպաստիան Վարդանեան

«Հորիզոն»ի Մանկապատանեկանի գունաւոր յաւելուածը PDF տարբերակով ներբեռնել (Download) սեղմելով նկարը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.