Մայր Աթոռը զգաստութեան կոչ կ’ուղղէ կանոնազանց եպիսկոպոսներուն

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ տասը եպիսկոպոսներու հերթական յայտարարութեան պատճառով հանրութեան մէջ յառաջացած ընդվզումներուն առիթով։

«Մայր Աթոռը զգաստութեան կոչ կ’ուղղէ վտանգաշատ հաւաքի նախաձեռնութիւնը ստանձնած Սրբազան Հայրերուն։ Պէտք է դրսեւորել պատասխանատուութիւն՝ ժողովուրդը զերծ պահելու աղէտաբեր յուզումներէ եւ գործել բացառապէս եկեղեցւոյ կանոնական ընթացակարգերով։ Հարկ չկայ շահարկելու ժողովուրդի նուիրական զգացումները եւ յայտնի կեղծ օրակարգով հակասութիւններ սերմանելու Եկեղեցւոյ բարեպաշտ զաւակներուն մէջ՝ խաթարելով հայոց հոգեւոր կեդրոնի խաղաղութիւնն ու աղօթական միջավայրը։

Մայր Աթոռը կը յորդորէ հաւատաւոր ժողովուրդը պահպանելու հանդարտութիւն եւ չտրուելու նման սադրիչ յայտարարութիւններու ազդեցութեան։ Մայր Աթոռ ուղղուելիք ձեր քայլերը, սիրելի ժողովուրդ, թող ըլլան միայն աղօթքի, համերաշխութեան ու միասնականութեան դրսեւորումներ։ Սուրբ Էջմիածինի անսասանութիւնը ձեր հաւատարմութիւնն է՝ առ հայրենին եւ առ մեր Սուրբ Եկեղեցին։

Տէրը օգնական հայոց ազգին»,– նշուած է Մայր Աթոռի տարածած յայտարարութեան մէջ։