Մայիսեան անկախութենէն մինչեւ սահմանածուատուած անկախութիւն
106 տարի առաջ, Արագածոտնի, Լոռիի եւ Արմաւիրի տափաստաններուն վրայ հայ ռազմիկները գերմարդկային գուպարումով կը կերտէին 20-րդ դարու հայոց աւարայրեան ճակատամարտներու խոյանքը, որուն արգասաւորումը պիտի ըլլար ռազմայաղթ հանրապետութեան կերտումը։
Դար մը առաջ, հայոց բանակը անդուլ ճիգերով նորաստեղծ պետականութեան սահմանները ընդարձակելու առաքելութեան ընթացքին, կը վերականգնէր Հայաստանի պատմական սահմանները, միաժամանակ մաքառելով երեք ճակատներու վրայ՝ թրքական, ատրպէյճանական եւ վրացական յարձակողապաշտ բանակներուն դէմ։ Այսօր, գործող իշխանութիւնները ազգակործան քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, առաջին հանրապետութեան օրերուն ստեղծուած այդ սահմանները երիզող տարածքները՝ Տաւուշէն մինչեւ Սիւնիք ու Գեղարգունիք, կը յանձնուին թշնամիին։
Մայիս 24-ին ՀՀ վարչապետը սահմանազատման մասին իրազեկման ուղերձով դիմեց ժողովուրդին։ Մինչ վարչապետը իր ուղերձը կը փոխանցէր, անդին, ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը գրեթէ միաժամանակ հեռատեսիլի յատուկ ծրագրով կը սփռէր «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մաս կազմող Շամշատինի մասին հաղորդում մը՝ լի պատմական անասելի խեղաթիւրումներով, Տաւուշի մարզի հարաւ-արեւելեան տարածքը կազմող Շամշադինի տարածքը ներկայացնելով որպէս Ատրպէյճանի պատկանող հողատարածք։ Իսկ գործող իշխանութիւնները, արդէն քանի տարիէ ի վեր, թշնամի երկրի պատմական այս խեղաթիւրումները դիմակայելու ոչ մէկ հակադարձութիւն ունին, լուռ են, վեհերոտ ու համրացած վիճակի մէջ են։
Վերադառնանք վարչապետի ուղերձի հիմնական մտքերուն։ Ըստ երկրի ղեկավարին, «Թէ՛ 2018 եւ թէ՛ 2021 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիները մեզ տուել են մանդատ՝ ապահովելու Հայաստանի Հանրապետութեան ապագան, եւ այս մանդատը պէտք է իրացուի լիարժէք ու անմնացորդ»: Այսինքն՝ որպէս ընտրեալ վարչակարգ, իրենց վերապահուած է պետութեան այժմու ռազմաքաղաքական գործընթացը հունաւորելու յանձնակատարութիւնը, որ ինչպէս այսօր ողջ հայութեան կը հրամցուի սահմանազատման ու սահմանագծման իբրեւ արդիւնք հողատարածքներու կորուստով պետութիւնը կամովին քաղաքական լիակատար զինաթափման առաջնորդելն է։
«Երբ այնքան էլ վստահ չենք ինչ տարածքի վրայ ենք ուզում պետութիւն կառուցել, ինչ դիրքով ենք ուզում կառուցել եւ ինչ չափերով»: Այսիքն Արցախի ազգային ինքնորոշման իրաւունքի ու պատմական բնօրրանի իրաւատիրութեան համար մղուած երեք տասնամեակներու պայքարը՝ սխալ էր։
«Առանցքային գործօնը, որից բխում են ընթացիկ գործընթացները, այն ռազմավարութիւնն է, որ ՀՀ կառավարութիւնը դրել է իր աշխատանքային սեղանին: Դա Իրական Հայաստանի ռազմավարութիւնն է, այն Հայաստանի ռազմավարութիւնը, որի ոսկեգոյն քարտէս-պատկերն ամէն առիթով բոլորիդ ցոյց եմ տալիս: Ահա, այս Հայաստանի մասին է խօսքը»: Յուլիս 2020-ին հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան հայեցակարգին մէջ կը շեշտադրուի, որ Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիք է Ատրպէյճանի ռազմատենչ եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց դէմ ռազմական յարձակումի հաւանականութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ուղղակի կամ անուղղակի ներգրաւուածութիւնը հաւանական առճակատման: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան մէջ տեղ գտած երկու կարեւոր բաղադրիչներ այս պատերազմին չեն իրագործուած. վերոնշեալ փաստաթուղթի «Ռազմական սպառնալիքների զսպում եւ չէզոքացում» ենթաբաժնով նշուած՝ թիւ 4:16 կէտով՝ «Որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր պաշտպանական քաղաքականութիւնն ուղղում է նաեւ Արցախի անվտանգութեան ապահովմանը»:
«Եթէ մեր ռազմավարական տեսլականը իրական Հայաստանը չէ, առանց այն էլ դժուար խաղաղութիւնը հնարաւոր չի լինելու»։ Յստակօրէն եւ թաքնուած սպառնալիքով կը հաստատէ, որ եթէ Ատրպէյճանի կողմէ պահանջուող տարածքային զիջումները չկատարենք՝ կը ստանանք պատերազմ։
Իր ուղերձի մնացեալ բաժնով, վարչապետը պատմութեան էջերուն մէջ դեգերելով, Երուանդունիներէն մինչեւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւն, Առաջին Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն եւ այսօրուան օրեր, կցկտուր քաղաքական վերլուծութիւններ կատարելէ ետք ու «Իրական Հայաստան» եզրոյթը ուղերձին մէջ 8 անգամ շեշտադրելէ ետք, մէկ բան յստակացուց, որ խաղաղութիւն հաստատելու համար՝ զիջումներու քաղաքական գործընթացը պիտի շարունակուի, այլապէս՝ պատերազմի ուրուականն է։
Արցախահայութեան հայրենազրկման պատասխանատու վարչապետը, Մայիս 24-ին, իր ուղերձով յստա՛կ պատգամ փոխանցեց, որ տարածքներ զիջելու քաղաքական իր տրամաբանութեամբ առաջնորդուելով մտադիր է ի գին բազմաբնոյթ կորուստներու շարունակել իր կործանաբեր վարքագիծը։ Նոյն այս վարչապետը, որ 2019 թուականի Օգոստոս 5-ին Ստեփանակերտի հրապարակէն բարձրաղաղակ կը գոռգոռար «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», այսօր, Երեւանի մէջ հալածանքի ու բռնաճնշումի կ՚ենթարկէ Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Ստեփանակերտի արցախցի քաղաքապետները։
Սահմանին կառչած ու հայրենի բնօրրանը պաշտպանող ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելու անզօր այս իշխանութիւնները, ի տես սահմանազատման գործընթացին դէմ համաժողովրդական ցասումին, այժմ սկսած են գործադրել բռնաճնշման միջոցներ։ Ժողովրդային շարժումը կը պահանջէ վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձին հրաժարականը, այն անձին, որ վերջին վեց տարիներուն Հայաստանին ու հայութեան պատուհասած բոլոր աղէտներուն ու կորուստներուն պատասխանատուութիւնը կը կրէ:
Երէկ Սիւնիքն էր, այսօր Տաւուշն է, վաղը՝ Գեղարքունիքն ու Վայոց Ձորը… եւ որպէսզի հայոց լինելութեան երթն ու հայութեան գոյատեւումը վճռորոշած Մայիսեան յաղթական ճակատամարտներով կերտուած անկախութեան ու ինքնիշխանութեան աւանդը պահենք՝ անհրաժեշտ է ժամ առաջ կապանազերծուիլ այս իշխանութիւններէն եւ փրկել ծուատուած սահմաններով մեր պետականութեան անկախութիւնը։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական
Comments are closed.