«Ճիշդ է որ քիչ ենք թիւով, որպէս Վանգուվըրի գաղութ, սակայն կամքը կայ եւ մեզ համախմբող սէրը կայ»
«Ճիշդ է որ քիչ ենք թիւով, որպէս Վանգուվըրի գաղութ, սակայն կամքը կայ եւ մեզ համախմբող սէրը կայ»
Հարցազրոյց Հոգեշնորհ Հայր Գարեգին Շխըրտըմեանի հետ
Հոգեշնորհ Հայր Գարեգին Շխըրտըմեան ծնած է Հալէպ, յաճախած է Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոց վարժարանը: Ապա աւարտելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, 2012-ին, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է, որմէ ետք դպրեվանքին մէջ պաշտօնավարած է որպէս հսկիչ, ապա որպէս փոխ տեսուչ, միաժամանակ դասաւանդելով եկեղեցական երաժշտութիւն: Խմբավարած է դպրեվանքի «Արմաշ» արական երգչախումբը եւ կաթողիկոսարանի երկսեռ «Շնորհալի» երգչախումբը: Վանգուվըր ժամանած է 13 Օգոստոս 2017-ին, ուր մինչեւ օրս կը ծառայէ որպէս տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
Հ.- Հա՛յր Գարեգին, արդէն մէկ տարիէ ի վեր կը ծառայէք Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, որպէս հոգեւոր հովիւ: Այս մէկ տարուան ընթացքին նկատառելի փոփոխութիւններ տեղի ունեցա՞ն համայնքի կեանքէն ներս, յատկապէս սուրիահայ ներգաղթողներու հոսքով: Ի՞նչ ծրագիրներ մշակուեցան բարեփոխելու համայնքի իրավիճակը:
Պ.- Բնականաբար դրական փոփոխութիւնները խիստ քաջալերելի են: Մարդ արարածը միշտ փոփոխութիւններ կ’որոնէ իր կեանքին մէջ, որոնք կ’ազդեն մարդուս թէ՛ մտքին, թէ՛ հոգիին եւ թէ՛ ամբողջ էութեան: Համայնքի կեանքէն ներս եւս փոփոխութիւնները կրնան դրական ազդեցութիւն ունենալ: Վանգուվըր հասած սուրիահայ գաղթականները, զորս այլեւս գաղթական չեմ ուզեր կոչել, իրենց դրական ներդրումը ունեցան համայնքի կեանքէն ներս: Անոնք Վանգուվըրի համայնքի զաւակներուն հետ, որոնք շատոնց հոս հաստատուած են կամ նոյնիսկ հոս ծնած-մեծցած, ձեռք-ձեռքի տալով աշխուժութիւն, նոր ոգի, նոր գոյն եւ նոր զարկ տուին գաղութին. օրինակի համար վերջերս կազմուեցաւ Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղը նաեւ գաղութի ընտանիքներուն ջանքերով եւ սուրիահայ ընտանիքներուն օժանդակութեամբ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ հիմնուեցաւ գաղութիս մէջ: Բնականաբար եկեղեցական կեանքը անմասն չմնաց այս ներդրումէն: Եկեղեցւոյս խորանն ու վերնատունը օժտուեցան նոր սարկաւագներով, Դպրաց դասի նոր անդամներով եւ մանաւանդ Տիկնանց միութիւնը համալրուեցաւ նոր անդամուհիներով, որոնք նուիրաբար կը գործեն՝ հոգալու եկեղեցւոյս կարիքները, նոյնիսկ ապագայի ծրագիրներ կը մշակեն:
Հ.- Ի՞նչ է ձեր տեսլականը համայնքի ապագային առնչութեամբ: Ինչպիսի՞ ծրագիրներ կարելի է մշակել առաւել եւս զարկ տալու քրիստոնէական, հայեցի դաստիարակութեան եւ համայնքի կազմակերպման:
Պ.- Նախքան ծրագիրներ մշակելը հարկ է միշտ դրական մօտեցում ունենալ, որովհետեւ ամէն տեղ դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ առկայ են, սակայն դրական մօտեցումը յոյս կը ներշնչէ մեզի՝ շարունակելու մեր աշխատանքները: Յուսահատիլ արտօնուած չէ քրիստոնեային եւ Յոյսը Յիսուսի տրուած անուններէն մէկն է Աւետրանին մէջ: Երբ յուսահատինք, կը նշանակէ մենք Քրիստոսը չունինք մեր սրտերուն մէջ: Ահա ա՛յս մօտեցումով կը ներշնչուիմ ես մեր գաղութի կեանքին նկատմամբ:
Նկատառելի է, որ մեր գաղութը օրէ օր կ’աճի, կը բարգաւաճի, կը զարգանայ, կը գործակցի եւ մեծ ընտանիքի մը կը վերածուի: Մենք կը փորձենք ջամբել մեր գաղութի զաւակներուն այն համոզումը, թէ մեր կեդրոնը, ուր բոլորս կը հաւաքուինք, մեր տունն է. մեր եկեղեցին, ուր բոլորս միաբերան աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, մեր երկրորդ տունն է եւ այդ համոզումով, առաջին անգամ ըլլալով, հաւաքական տնօրհնէք մը ըրինք կեդրոնին մէջ, որպէսզի մեր գաղութի զաւակները զգան, թէ հոն կը հաւաքուինք որպէս մէկ մեծ ընտանիքի զաւակներ, իրարմով ոգեշնչուող, իրարմով զօրացող ու ներշնչուող անդամներ:
Ապագայի մեր ծրագիրներուն առնչութեամբ յայտնեմ, որ գործակցութեամբ Համազգայինի հետ կազմած ենք «Արցախ» երգչախումբը եւ յառաջիկայ ամիսներուն հրաւէր ստացած ենք՝ մասնակցելու օտար եկեղեցիներու հետ Ծննդեան նուիրուած համերգի մը, անշուշտ անկէ ետք նկատի ունինք աւելի մեծ համերգ մը ունենալ՝ գաղութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Ծրագիրներ կան, որոնք տակաւին կը սերտուին, ինչպէս օրինակ՝ կը մտածուի Կիրակնօրեայ դպրոցի ստեղծման մասին, զոր գաղութը բնաւ չէ ունեցած, բայց անհրաժեշտութիւն կը նկատենք՝ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն, կրօնական, աստուածաշնչական եւ եկեղեցական գիտելիքներ ջամբելու մեր երիտասարդներուն:
Ունինք նաեւ «Սասուն» ամառնային ճամբարը, որուն կը մասնակցին մեծ թիւով փոքրիկներ եւ պատանիներ: Երեք շաբաթ տեւողութեամբ այս ճամբարին անոնք կը սորվին հայերէն երգեր, պարեր եւ խտացուած դասեր՝ հայերէնի ու հայոց պատմութեան շուրջ, որպէսզի աւարտին հանդէս գան իրենց ծնողներուն եւ հանդիսատեսներուն առջեւ: Այս տարի ունէինք շուրջ 60 աշակերտ, որոնք երեք շաբթուան աւարտին, իրենց ուսուցիչներուն օժանդակութեամբ ելոյթ մը պատրաստեցին՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին: Ինծի համար թէեւ յոգնեցուցիչ էին այս ճամբարին աշխատանքները, սակայն չափազանց տպաւորիչ էր մեր ապագայ սերունդին հետ աշխատիլը, անոնց հարազատութիւնը, անմեղունակութիւնն ու խանդավառութիւնը ապրիլը: Կրնամ ըսել, որ անհամբեր կը սպասեմ յառաջիկայ տարուան ճամբարը:
Կան նաեւ այլ պատկերացումներ, որոնց մասին յետագային կ’անդրադառնամ, երբ յստակ ծրագիրներու վերածուին, երբ աւելի լաւ ծանօթանամ եւ ճանչնամ գաղութը, քաջատեղեակ ըլլամ գաղութին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն: Սակայն վստահեցնեմ, թէ ճիշդ է որ քիչ ենք թիւով, որպէս գաղութ, սակայն կամքը կայ, ուժը կայ եւ մեզ համախմբող սէրը կայ:
Հ.- Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք այսօր Վանգուվըրի հայ երիտասարդութեան իրավիճակը:
Պ.- Ուրախ եմ ըսելու, որ երիտասարդութեան մեծ տոկոսը հայախօս է, հակառակ որ ամէնօրեայ դպրոց չունինք, եւ մեր աշակերտները շաբաթօրեան աւարտելէ ետք հայկական դպրոց յաճախելու առիթը չունին: Անով հանդերձ, մեր երիտասարդներուն մէջ վառ է հայկական ոգին, անոնք միշտ ներկայութիւն են մեր կեդրոնին մէջ, հետաքրքրուած են հայ մշակոյթով, եկեղեցիով եւ ակումբով եւ միշտ պատրաստ են՝ որեւէ աշխատանքի հրաւիրուելու պարագային:
Հ.- Դուք նաեւ կը դասաւանդէք շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ, ի՞նչ վիճակ կը պարզէ այսօր դպրոցին իրավիճակը:
Պ.- Ես դպրոցին մէջ կը դասաւանդեմ հայերէն լեզու եւ երգ, զոր մեծ հաճոյքով կ’ընեմ, մանաւանդ երբ կը տեսնեմ մեր փոքրիկներուն փափաքն ու ուրախութիւնը հայերէն երգ մը սորվելու, հայերէն նոր դաս մը իւրացնելու ատեն: Ուրախութիւնս գագաթնակէտին կը հասնի, երբ կը տեսնեմ, որ անոնք հետաքրքրուած են հայերէնով եւ յաճախ օտար բառերու հայերէնները կը հարցնեն: Անհուն բերկրանքով կը լեցուի հոգիս, երբ պարտականութիւնները մեծ խանդավառութեամբ կը կատարեն, եւ մենք ալ, մեր կարգին, յատկանշական նուէրներով կ’ուզենք վառ պահել անոնց ոգեւորութիւնը: Կը կազմակերպենք նաեւ մրցումներ եւ հանդէսներ. օրինակ Թարգմանչացի տօնին առթիւ յայտագիր մը պատրաստեցինք եւ կեդրոնին մէջ, պատարագի աւարտին, անոնք հանդէս եկան ասմունքով, երգով եւ ընթերցանութեամբ՝ մեծ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ծնողներուն եւ գաղութիս անդամներուն: Յաջորդ հանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծնունդին առթիւ, որուն մեծ ոգեւորութեամբ կը պատրաստուին մեր աշակերտները: Այսպիսով մեր ծնողները իրազեկ կ’ըլլան, թէ իրենց զաւակները յաճախելով ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարանը, ոչ միայն հաճելի ժամանց կ’ունենան, այլեւ կը սորվին պահել իրենց ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը:
Հարցազրոյցը վարեց՝
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան