Ձայն բազմաց՝ ձայն Աստուծո՞յ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Կ՚ըսուի, ըսուած է Vox populi, vox Dei, այսինքն՝ ժողովուրդի ձայնը Աստուծոյ ձայնն է։

Հայերէն դարձուածքն է՝ «ձայն բազմաց՝ ձայն Աստուծոյ»։

Իրապէ՞ս։

Ինչպէ՞ս հաւատալ այդպիսի անհեթեթութեան, երբ աշխարհի ամենէն զարգացած, ամենէն հզօր երկիրը համարուող պետութեան նախագահ կրնայ ընտրուիլ գիտէք թէ ով։ Ժողովուրդի ձայնո՞վ։ Ո՞ր ժողովուրդի։ Եւ այդ ձայնը Աստուծո՞յ ձայնն էր։ Տեղին չէ՞ հարց տալ՝ ո՞ր Աստուծոյ։

Այս տողերը գրի կ՚առնեմ, որովհետեւ մեր մէջ քիչ չեն հանրային կարծիք ըսուածին կարեւորութիւն տուողները։ Ժողովուրդի ձայնը կամ հանրային կարծիքը նոյն իմաստը ունին։

Կրնանք բազմաթիւ սահմանումներ կամ հոմանիշներ տալ այդ հանրային կարծիք ըսուածին. օրինակ՝ տգիտութեան կարծիք, ուժի կարծիք, դրամի կարծիք, շուկայի կարծիք, սովորամոլութեան կարծիք եւ այլն։ Ինչո՞ւ, – որովհետեւ այդ բոլորը եւ տակաւին այլ ազդակներ իրենց դերը ունին հանրային կարծիքի կազմաւորման, աւելի ճիշտ մշակման մէջ։

Արդ, որո՛նք են հանրային կարծիքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող գլխաւոր ուժերը, ըլլայ դրական թէ բացասական առումով։

Առաջին հերթին, եւ երկա՜ր ժամանակ, եկեղեցին ու պետութիւնն էին զայն ձեւաւորողը։ Սուրբ գիրքերը, – ի՛նչ կրօնէ որ բխած ըլլան, – եւ սահմանադրութիւնները, – ի՛նչ պետութեան որ պատկանած ըլլան, – անկասկած ոչ միայն նպաստած, այլեւ պարտադրած են այդ կարծիքը. պատմութիւնը լի է պարտադրանքներու, եւ ատոնց հետեւանք՝ բուռն բախումներու, պատերազմներու օրինակներով։ Բռնապետական վարչակարգերը՝ հին Հռոմէն մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն ու Խորհրդային Միութիւն եւ մինչեւ ներկայ պետութիւններէն շատեր իրենց «զօրավիգ» հանրային կարծիք վայելած են ու կը վայելեն տակաւին։

Այսօր սակայն բազմացած են ազդեցութիւն բանեցնողները, որոնց պարտադրանքները յաճախ ծածուկ են, անզգալի, քաղցրօրէն փոխանցուած. օրինակ, ծխախոտի պահանջքը, որ որպէս թէ անգերազանցելի վայելք մըն է, որ տարիներով, տասնամեակներով քարոզուած է արտադրիչ ընկերութիւններուն կողմէ, գեղանի կիներու նկարներով զարդարուն ազդերով, եւ հանրային կարծիքը դարձած է ի նպաստ ծխելուն՝ հակառակ առողջապահական բոլոր նախազգուշացումներուն։ Աստուծոյ ձայնո՞վ է եղած այդ, թէ՞ արտադրիչներու հարստացման շահագրգռութիւններով։

Նոյնն է պարագան շուկայի բոլոր արտադրանքներուն, յատկապէս պերճանքներու պարագային, որոնք կը ստեղծեն պահանջքը չզրկուելու այդ պերճանքներէն՝ հսկայ բնակարաններէ, ծախսալից ճամբորդութիւններէ, ճոխ խնջոյքներէ ու տօնախմբութիւններէ եւ այլ շքեղ հաճոյքներէ։ Եւ մարդիկ կը ստիպուին աւելի ու աւելի աշխատիլ, որպէսզի ձեռք ձգեն նիւթական միջոցները, կամ կը դիմեն ապօրինի միջոցներու, գողութեան, նոյնիսկ սպանութիւններու՝ այդ նպատակով։ Vox Dei?

Այդ բոլորին հետեւանքով ալ կը նահանջեն կրթութիւնը, ընդհանուր զարգացումը, հարցերը քննական աչքով դիտելու ունակութիւնը, նոյնիսկ ինքնութեան գիտակցութիւնը։ Արդիւնքը՝ հանրային կարծիքը կը հիմնուի անտեղեակութեան վրայ, տգիտութեա՛ն վրայ. անձնական նպատակներու եւ նախասիրութիւններու մղումով՝ փոխանակ հաւաքական բարօրութեան հետապնդումի։ Հանրային կարծիք, ի՞նչ հանրային կարծիք։

Փակագիծի մէջ կ՚արժէ այստեղ յիշել, որ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, երբ հայ յեղափոխական շարժումը կը կազմակերպուէր, ստրկութեան մէջ դարերով ապրած հայ ժողովուրդը կ՚ընդդիմանար այդ շարժումին՝ նախընտրելով շարունակել ապրիլ ամենէն անմարդկային պայմաններու մէջ, քան թէ զէնք վերցնել ու պաշտպանել ինքզինք։ Այսօր ալ նոյնը չէ՞ որեւէ երկրի մէջ, երբ ընդհանրութեան կարիքներուն համար մատ չեն ուզեր շարժել, եթէ իրենց անձնական կարիքները չափով մը գոհացում կը ստանան։

Գալով հարցախոյզերուն, որոնք որպէս թէ ժողովուրդի տեսակէտերը կը փորձեն ի մի բերել ու «հասարակաց տեսակէտ» մը մատուցել, անոնք ալ միջոց մը չե՞ն միթէ այդ տեսակէտը ձեւաւորելու, թէկուզ փոքրամասնութեան փոքրամասնութիւնը հանդիսանան հարցախուզուողները։

Չմոռնանք. այսօր հաղորդակցութեան գլխաւոր սպասարկութիւնները, – գրաւոր, բանաւոր թէ պատկերաւոր, – սակաւաթիւ մեծ դրամատէրերու ձեռքն են, ու անոնց միջոցաւ է, որ «կը զարգանայ» հանրային կարծիքը։

Չմոռնանք տակաւին մէկ այլ պարագայ, որ առկայութիւնն է առցանց հարթակներու, – նոյնպէս մեծագոյն դրամատէրերու սեփականութիւնը, – որոնց վրայ ամեն տեսակ «կարծիք» կրնայ տարածուիլ, ամեն տեսակ սուտ՝ բարեկամի թէ թշնամիի կողմէ։ Եւ մենք՝ որպէս այդ հարթակներուն հետեւողներ, պատրաստ ենք ընկալելու, «կլլելու» այդ սուտերը, անոնց համաձայն դառնալու եւ գործադրելու անոնց հրահանգները, մանաւանդ գնելու անոնց ապրանքները՝ ձեւ տալով այդ հանրային կարծիք ըսուածին։

Աւելցնեմ, որ վաղը նաեւ արուեստական բանականութիւնը իր այլազան կանոնաշարերով (algorithms) պիտի ըլլայ հայթայթողը այդ սուտ եւ իրաւին, ձեւաւորողը՝ «ժողովուրդի ձայնին», առանց իսկ մեզի հարցնելու։ Ու մենք պիտի հաւատանք, թէ մեր կարծիքն է, որ կ՚արտայայտուի։
Ուղեղալուացքո՛վ ստեղծուած կարծիքը։

Գուցէ ձայն բազմաց, բայց երբե՛ք ձայնն Աստուծոյ…

 

Comments are closed.