Հ.Մ.Ը.Մ. Կեդրոնական վարչութեան հաղորդագրութիւնը
2023-2027 քառամեակի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան առաջին լիագումար նիստերը տեղի ունեցան 25-27 Յունուար 2024-ին, Ալմելօ, Նետըրլէնտներ։
Պատգամաւորական 14-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներու լոյսին տակ, Կեդրոնական Վարչութիւնը մշակեց քառամեայ իր գործունէութեան ընդհանուր ուղղութիւնները՝ կարեւորութեամբ ընդգծելով հետեւեալները.-
ա) Արցախը ներկայ հանգրուանին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխատանքներուն մէջ ունի առանցքային տեղ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի Մեկուսի Շրջանը այսօր գործունէութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի մէջ, կայք ունենալով Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնը՝ մինչեւ պատմական վերադարձ իր ակունքներուն։ Հարկ է յատուկ ուշադրութեան արժանացնել Արցախի մասնաճիւղը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերը պարտականութիւնը ունին «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախ հիմնադրամ»ին ճամբով աջակցելու Հայաստան հաստատուած արցախցիներու օժանդակութեան ծրագիրներուն։
Արցախի գծով, լիագումարը որդեգրեց յատուկ նշանակ մը, որ այսուհետեւ իրենց տարազներուն վրայ պիտի կրեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բոլոր սկաուտներն ու մարզիկները։
բ) Լիագումարը հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կենսունակութեան աղբիւրներէն մէկը երիտասարդութիւնն է, ի մասնաւորի 18-35 տարիքի այն միութենականները, որոնք սկաուտական եւ մարզական տարիներուն հրաժեշտ տալէ ետք, բեղուն եւ ներգործoն մարդուժ են իրենց գաղութներէն ներս վարչական-կազմակերպչական աշխատանքներու համար։ Սոյն նպատակով, Կեդրոնական Վարչութինը որոշեց միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերու կողքին հաստատել կազմակերպ Երիտասարդական Ճիւղ:
Հ.Մ.Ը.Մ. պարտի երիտասարդական իր ճիւղով մշակել ծրագիրներ՝ կարենալ համախմբելու համար միութենական քոյրեր-եղբայրներ եւ զանազան պատճառներով հայ իրականութենէն հեռացած նոր սերունդի անդամներ, իրենց ներդրումը ունենալու հայ իրականութեան մէջ գիտակցելով, որ Սփիւռքի մաշեցնող իրականութեան դէմ յանդիման, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իբրեւ երիտասարդութեան ամէնէն աշխոյժ եւ կազմակերպ միութիւնը, պարտաւորութիւնը ունի ազգային արժեհամակարգի հիմերու ամուր պահպանման ի մասնաւորի երիտասարդ սերունդի մօտ։
գ) Սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներու պարագային, լիագումարը անհրաժեշտ գտաւ կեդրոնանալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համագաղութային կառոյցի հզօրութեան աշխատանքին վրայ։ Ինչպէս նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քառամեայ ձեռնարկներու կողքին, թափ տալ ցամաքամասային նախաձեռնութիւններու, շրջանները աւելի աշխուժացնելու, փոխադարձ կապերը սերտացնելու եւ երկու տարին անգամ մը նոյն ցամաքամասի սկաուտներն ու մարզիկները իրարու քով բերելու համար։
դ) Միութենական քարոզչութեան մարզը իր տպագիր, բանաւոր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով արժանացաւ լիագումարի բազմակողմանի քննարկման եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ յատուկ աշխատանք տանիլ ժամանակակից երիտասարդութեան ակնկալութիւնները գոհացնող եւ միութեան ընդհանրական դիմագիծը ներկայացնող քարոզչական համակարգ մը ունենալու։
ե) Միութեան կառուցային հզօրացման նպատակով, լիագումարը անդրադարձաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տեղեկութիւններու շտեմարանի (Data base-ի) աշխատանքներուն եւ այդ ճամբով աշխարհասփիւռ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները իրարու կապելու առաջադրանքին։
զ) Լիագումարը հաստատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տնտեսական հզօրացման պարտաւորութիւնը եւ առ այդ շարք մը որոշումներ տուաւ միութեան ֆոնտերուն աշխուժացման եւ տնտեսական ծրագիրներուն իրականացման համար։
է) Վերջին տարիներուն Հ.Մ.Ը.Մ. դրական փորձառութիւն ունեցաւ «Հրաշք» ծրագիրին իրագործումով։ Յատուկ խնամքի կարօտ պատանի-պարմանուհիներ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Հրաշք»ին շնորհիւ առիթը ունեցան Մ. Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ խաղերու իրենց մասնակցութիւնը բերել։ Այս քառամեակին ճիգ պիտի կատարուի «Հրաշք»ի փորձառութիւնը կիրարկելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ական այլ շրջաններու մէջ եւս, հոն ուր համապատասխան կարելիութիւններ գոյութիւն ունին։
Եռօրեայ լիագումար նիստերու առընթեր, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Նետըրլէնտներու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երեք Մեկուսի շրջաններու՝ Ալմելոյի, Առնհեմի եւ Ալքմարի վարչութիւններուն հետ, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ալմելոյի եւ Առնհեմի վարչութիւններուն՝ վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու պարգեւատրման ձեռնարկներուն։
2023-2027 քառամեակի առաջին լիագումարը նշեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 14-րդ Կեդրոնական Վարչութեան աշխատանքներուն մեկնարկը՝ հայ կեանքի ամէնէն բարդ եւ պատասխանատու այս հանգրուանին, մշակուած ծրագիրներու յաջողութեան համար հրամայական նկատելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ական կարելիութիւններու ամբողջական լարումը՝ ի սպաս հայ երիտասարդութեան համախմբման, ի խնդիր հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայութեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Comments are closed.