Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերն ու միջ-դիւանական 12-րդ խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ

ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 2-էն 6, Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերն ու միջ-դիւանական 12-րդ խորհրդաժողովը՝ միութեան համահայկական կառոյցի գործունէութիւնը արժեւորելու, դիմագրաւած մարտահրաւէրները քննարկելու եւ յառաջիկայ ծրագիրները մշակելու նպատակով։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի պատուիրակութիւնը։

Նոյեմբեր 2-էն 4, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գումարեց 2023-2027 քառամեակի իր չորրորդ լիագումար նիստերը, որոնց ընթացքին գնահատումը կատարեց անցնող տարուան գործունէութեան։ Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին միութեան սկաուտական, մարզական, երիտասարդական, քարոզչական եւ կազմակերպական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան առնչուող հարցեր։

Կեդրոնական Վարչութիւնը մասնաւորաբար անդրադարձաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումին, սկաուտական «Արարատեան» կարգի կազմակերպման, քարոզչական առաջին համագումարին, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան եւ արխիւային նիւթերու թուայնացման աշխատանքներուն։ Գնահատուեցան նաեւ տարբեր շրջաններու սկաուտական ու կրթական նախաձեռնութիւնները եւ վերահաստատուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղին ցուցաբերուող մնայուն աջակցութիւնը։

Յառաջիկայ ծրագիրներու շարքին քննարկուեցան 2027-ին նախատեսուած միջ-շրջանային երեք մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Պուէնոս Այրէսի, Փարիզի եւ Հալէպի մէջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային սկաուտութեան եւրոպական տարածաշրջանի համաժողովին, որ յառաջիկայ գարնան պիտի կազմակերպուի Երեւանի մէջ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի հիւրընկալութեամբ։

Լիագումար նիստերուն յաջորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 12-րդ խորհրդաժողովը, որ իր աշխատանքներուն սկսաւ հինգշաբթի, 5 նոյեմբերին, Երեւանի «Քոնկրէս» պանդոկին մէջ։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցին միութեան 24 շրջաններէն 41 ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի պատասխանատուներ եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ ընդամէնը 60 մասնակիցներ։

Բացման հանդիսութեան ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան յայտարարեց նաեւ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակին կատարուած 300 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութեան մասին, որով հիմը կը դրուի «Հրայր Սողոմոնեան եկամտաբեր ֆոնտ»ին։

Խորհրդաժողովի առաջին նիստերուն ընթացքին, շրջաններու ներկայացուցիչները ներկայացուցին վերջին երկու տարիներու իրենց գործունէութեան գլխաւոր իրագործումներն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Զեկուցումներուն մէջ առանձնացուեցան մարդուժի եւ նիւթական միջոցներու անբաւարարութեան, հայախօսութեան նահանջի, նորահաս սերունդի ազգային ինքնութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ ակումբներու եւ մարզական տարածքներու պակասի խնդիրները։

Կեդրոնական Վարչութեան անդամները իրենց կարգին ներկայացուցին միութեան տարբեր մարզերուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացն ու ընթացիկ ծրագիրները։ Զեկուցումներուն յաջորդեցին լուսաբանական հարցումներ եւ քննարկումներ՝ միութեան կազմակերպական կեանքը ամրապնդելու եւ շրջաններու միջեւ գործակցութիւնը զարգացնելու նպատակով։

Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ ուրբաթ, 6 նոյեմբերին՝ մասնագիտական աշխատանիստերով եւ քննարկումներով։ Մասնակիցները նաեւ պիտի այցելեն Եռաբլուր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախեան պատերազմներու նահատակ հերոսներուն։