Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Բ. լիագումար ժողով. Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի ընտանքին պիտի միանայ Հ.Մ.Ը.Մ. Օթթաուայի միաւորը
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը Շաբաթ 17 Օգոստոս, 2024-ին, գումարեց 2023-2025 նստաշրջանի իր 2-րդ լիագումար ժողովը Քեպէք նահանգէն ներս, Ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գանատայի ներկայացուցիչ Քոյր Լիոնի Սարմազեանի:
Քոյրը փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան զեկոյցը ապա Լիագումարին արծարծուեցաւ շրջանի յառաջիկայ ամիսներուն կայանալիք նախաձեռնութիւններուն մասին, մասնաւորաբար Շրջանիս մէջ կայանալիք 51-րդ մարզախաղերը որ տեղի պիտի ունենան 29-30 Նոյեմբեր և 01 Դեկտեմբեր 2024-ին, նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գէմպրիճ Մասնաճիւղին։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ Մարզախաղերուն նախապատրաստական աշխատանքներ։
Մասնաճիւղերու խմբապետական ժողով Մարզիչներու խորհրդակցական հանդիպում :
Ինչպէս նաեւ օրակարգի վրայ էր Օթթաուայի Միաւորի հիմնադրութեան ծրագիրը։
Մեծ խանդավառութեամբ շրջանիս մասնաճիւղերուն պիտի միանայ Հ.Մ.Ը.Մ. Օթթաուայի Միաւորը 22 Սեպտեմբեր, 2024-ին:
Լիագումարի ընթացքին Վարչութիւնը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քեպէգի Մասնաճիւղերու, Մոնթրէալի Կամք և Լաւալի Վարչութիւններուն հետ:
Comments are closed.