Հ.Մ.Ը.Մ.ը յաղթել կը սորվեցնէ հայուն
- (0)

(Հատուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին եղբ. Վիգէն Աւագեանի արտասանած պատգամէն)
Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր մթնոլորտը իբրեւ շաղախ ունենալով մասնիկները իրարու կը միացնէ, նորահաս սերունդի ներկայացուցիչները քով-քովի կը բերէ։ Բոլորին սիրտերը իրարու կը կապէ, կամքերը իրարու կը միացնէ։ Անհատականութիւնները հաւաքականութեան կը վերածէ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը անվերջ շարժում կը ստեղծէ։ Կեանք եւ աշխուժութիւն սփռող, լաւատեսութիւն եւ յոյս ներշնչող։ Շարժում, որ օրուան 24 ժամերուն հանգիստ չի ճանչնար։ Երբ տեղ մը խարուկահանդէս մը կամ խրախճանք մը իր աւարտին կը հասնի, այլ տեղ բանակումի մը առաւօտեան դրօշակի արարողութիւնը նոր կը սկսի, ախոյեանական մրցաշարքի մը սուլիչը նոր կը հնչէ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայացնող շարժում կը յառաջացնէ։ Ով որ Հ.Մ.Ը.Մ.էն կ’անցնի հա՛յ կը մնայ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայ մարդուն կու տայ ինչ որ ամէնէն աւելի կը պակսի անոր՝ հպարտութեան զգացումը եւ յաղթանակի բերկրանքը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը յաղթե՛լ կը սորվեցնէ հայուն։
Ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդի արժանաւոր մտաւորականներէն մէկը առիթով մը խոստովանած է, թէ այբուբենի գիրերէն ամէնէն աւելի սիրած է Հօ տառը, որովհետեւ անով կը սկսին Հայը, Հայկը, Հայաստանը, Հպարտութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։
Իսկ գաղտնի՞քը այս բոլորին։
Գաղտնիքը միութեան մէջ եւ միութեան շուրջ եղող տեւական խանդավառութիւնն է, որ հայ մարդը կը կերպարանափոխէ, անոր գոյութեան եւ գոյատեւման ուժ կու տայ, հայ ըլլալու եւ հայ մնալու կորով կը ներշնչէ։
Մեր ժողովուրդը կը սիրէ խանդավառութիւնը։ Կը սիրէ խանդավառութեան աղբիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ը, կը վստահի եւ կը գուրգուրայ անոր, որովհետեւ լաւ գիտէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը սովորական սկաուտական շարժում մը չէ, մարզական ակումբ մը չէ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մարմինի, հոգիի եւ միտքի կրթութեան իւրայատուկ շարժում մըն է, որուն ալիքները հայ պատանին ու երիտասարդը կը պաշտպանեն շրջապատի տեսակաւոր վտանգներէն։
Գաղտնիքը միութեան նպատակին գիտակցութիւնն է եւ այդ նպատակին ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու մնայուն պատրաստակամութիւնն է։ Նպատակ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ հայութեան հզօրացումը զինք տկարացնել, ընկճել եւ պարտութեան մատնել փորձող ուժերուն դէմ.- կազմակերպական հզօրացում, տնտեսական հզօրացում, հոգիներու եւ միտքերու հզօրացում՝ չհամակերպելու համար պարտութեան եւ նահանջի բոլոր տեսակ երեւոյթներուն։
Իսկ կա՞յ աւելի մեծ գաղտնիք՝ քան Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ հայութեան նպատակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող այս զուգորդութիւնը։ Այն, որ երկուքն ալ բնական ձգտումը ունին յաղթական ազգ դառնալու, հզօր եւ անպարտելի հայրենիք ունենալու։
Ինչ որ մեր օրերու հիմնակա՛ն պահանջն է։