ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի Արազ վարժարանի «Վերջին զանգը» հանդիսութիւնը
773
0
ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի Արազ Վարժարանի տարեշրջանի «Վերջին զանգի» հանդէսը տեղի ունեցաւ 10 Յունիս 2023-ին, Հայ Կեդրոնէն ներս։ Հանդէսի բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ յոտնկայս՝ երեք քայլերգներով։ ՀՕՄ-ի Արազ Մասնաճիւղի ու Արազ Վարժարանի ատենապետուհին՝ ընկերուհի Ազօ Մովսէսեան, փոխանցեց սրտի խօսքը՝ ըսելով. «Վանգուվըրի Արազ Վարժարանի նպատակը, հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, եղած է սորվեցնել գրաճանաչում հայ մանուկին ու պատրաստել զայն ազգային ոգիով ու հայրենասիրութեամբ, որպէսզի դառնան ապագայի հայ երիտասարդները՝ կառչած մնալով իրենց արմատներուն։ Այս աշխատանքը չէր կրնար իրականանալ առանց ուսուցչական կազմին հետեւողականութեան եւ բծախնդիր մօտեցումին՝ իւրաքանչիւր աշակերտի»:
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինին ընթացքին աշակերտները երգեցին շարք մը ազգային երգեր, դաշնամուրի ու ջութակի ընկերակցութեամբ։ Սահիկով ցուցադրուեցաւ 2022-2023-ի դպրոցական աշխատանքները, վերակենդանացնելով տարեշրջանիս քաղցր եւ անմոռանալի յուշերը։
Յայտագրի ամենահետաքրքրական բաժինն էր «Աւարայրի ճակատամարտ»ի ներկայացումը, ուր՝ կապելով անցեալն ապագայի հետ, վարժարանիս աշակերտները մեծ հմտութեամբ ու խանդավառութեամբ ներկայացուցին ճակատամարտը եւ երգեցին «Մենք Քաջ Վարդանի տոհմն ենք» երգը։
Աւարայրի ճակատամարտը մահ ու կենացի պատերազմ էր։ Մենք՝ հայերս, չենք ուրանար մեր կրօնքն ու հայրենիքը ու կը շարունակենք պայքարիլ մինչեւ մեր արեան վերջին կաթիլը։ Աւարայրի ճակատամարտը շատ նման է յանուն Արցախի մեր ներկայ պայքարին։ Աշակերտները ներկայացումը փակեցին «Հայեր, միացէ՛ք» երգով ու Սարոյեանի խօսքով։
Արժանապատիւ Տէր Նշան Քահանայ Մանուկեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Աւարտին, բոլոր աշակերտները ստացան մետալներ, որով յաջողութեամբ ամբողջացուցին տարեշրջանը։ «Պահպանիչ»ով ու վերջին զանգը հնչելով փակուեցաւ յայտագիրը, մաղթելով բոլորին բարի արձակուրդ։
Մարիա Պարսումեան
Comments are closed.