ՀՕՄ-ի «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրով բնակարաններ կը յատկացուին Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը կը նպատակադրէ օգնութեան եւ օժանդակութեան ձեռք երկարել մասնաւորաբար Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու՝ անոնց բնակարաններ յատկացնելով, Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ։

«Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը շարունակական է։ Անոր առաջին հանգրուանին ընթացքին հինգ երկյարկանի բնակարաններ պիտի նորոգուին եւ տրամադրուին արցախահայ ընտանիքներու, որոնք անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ կը զբաղին։ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ այս ծրագիրը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստանի գիւղերու զարգացման վրայ եւ իր ներդրումը պիտի ունենայ արցախահայութեան արտագաղթին նուազեցման ճիգերուն մէջ։

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ արդէն իսկ երկու բնակարաններ գնուած են Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ։ Բնակարանները շուտով պիտի յանձնուին արցախցի երկու բազմազաւակ ընտանիքներու։

Ինչպէս նշուեցաւ, «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը անընդմէջ պիտի շարունակուի, յաւելեալ բնակարաններ տրամադրելով արցախահայ ընտանիքներու։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը այս իմաստով կ՛ակնկալէ հայորդիներու անվերապահ աջակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ բնակարաններ յատկացնել արցախահայ ընտանիքներու։

ՀՕՄ-ի ԿՎ.եան սոյն ծրագրին կարելի է աջակցիլ՝ միանալով ընկերային ցանցերու վրայ իր ունեցած էջերուն կամ
օգտագործել https://ars1910.org/give/ կապը։

Հայ Օգնութեան Միութիւն

Comments are closed.