ՀՕՄ-ի Մոնթրիալի «Սօսէ» մասնաճիւղի 63-րդ տարեկան տօնավաճառ – 2025

Մեծ ոգեւորութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնթրեալի «Սօսէ» մասնաճիւղը կազմակերպեց իր աւանդական տարեկան տօնավաճառը 15-16 Նոյեմբեր 2025-ին։

Բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Նոյեմբերի առաւօտեան, Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, ՀՕՄ-ի քայլերգով։

Ներկայ էին Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիւսի Շահինեան, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր, որոնց կարգին էին, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ Վանա Նազարեան, Էֆֆի Ճիանու եւ Ահունցիք-Գարթիէվիլ շրջանի քաղաքապետ Մօտ Թէրու Սեկէն, իսկ Լաւալի քաղաքապետարանէն Սեդա Թոփուզեան եւ Քեպէքի երեսփոխան Սելին Հայթայեան։

Մարլէն Գազանճեան ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա շնորհակալութիւն յայնտեց տօնավաճառի եւ ընկերային յանձնախումբերու անդամներուն, իրենց անձնուիրութեան եւ համերաշխ աշխատանքին՝ ի նպաստ տօնավաճառի յաջողութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւորներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն ՀՕՄ-ի ձեռնարկները։ Շնորհակալական խօսք ուղղեց նոյնպէս Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտներուն, ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի ընկեր-ընկերուհիներուն եւ ՀՄԸՄ-Կամք-ի սկաուտներուն, իրենց ցուցաբերած նուիրումին համար։

Ապա ան ներկայացուց տօնավաճառի կնքամայր Յասմիկ Միրզախանեանին կենսագրականը եւ երկար տարիներու նուիրումն ու ներդրումը ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն։ Միրզախանեան եղած է ՀՕՄ-ի անդամ աւելի քան երեսուն տարի եւ միշտ հաւատարիմ մնացած է անոր նպատակներուն։ Անկէ ետք կնքամայրը կատարեց ժապաւէնի հատումը։

Տէր Գառնիկ փոխանցեց իր պատգամը՝ բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի անդամներուն ծառայութիւնն ու անվեհեր պատրաստակամութիւնը։

Տօնավաճառը կ’ընդգրկէր զանազան ճոխ կրպակներ՝ հագուստեղէնի, Կաղանդի զարդարանքներու, կանացի զարդեղէննեու եւայլն: Այս տարի ունէինք կենդանիներու վերաբերեալ կրպակ, նաեւ՝ հացի կրպակ։ Նոյնպէս հայկական ձեռագործներու, Հայաստանեան արտադրութիւններու, մրգեղէններու եւ զանազան տեսակի համեղ ճաշերու ու տնային անուշեղէններու՝ պատրաստուած անդամներու եւ համակիրներու կողմէ։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս ունէինք վիճակահանութեան որպէս նուէր՝ երկու օդանաւի տոմսեր, նուիրուած Air Canada-ի կողմէ, առաւել 90 հատ զանազան նուէրներ։ Ինչպէս սովորութիւն է սոյն տօնավաճառի հասոյթը պիտի յատկացուի Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին։

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւն