ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառ
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի 2023 տարեշրջանի տարեկան երկօրեայ տօնավաճառի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,11 Նոյեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Հայ Կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, ՀՕՄ-ի քայլերգով:
Բացման ներկայ էին՝ Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մօտ Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լուսին Փալանճեան եւ վարչական ընկերուհիներ, Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Ալին Հատիտեան եւ վարչական ընկերուհիներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր, որոնց կարգին էին Մոնթրէալի քաղաքապետարանի անդամ ընկհ. Վանա Նազարեան եւ Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ ընկհ. Սեդա Թոփուզեան:
«Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Հուրի Զաքարեան տարեկան 61-րդ տօնավաճառի բացման պաշտօնական հանդիսութեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան նշեց. «Նախորդ տարիներուն մասնաճիւղը մեծ խանդավառութեամբ կը կատարէր այս ձեռնարկը, սակայն այս տարի բոլորովին տարբեր պարագաներու մէջ ենք: Այսօրուան մեր կեդրոնացումն է օժանդակել Արցախազուրկ մեր հայ ժողովուրդին։ Հետեւաբար, ինչպէս բոլորդ տեղեակ էք ՀՕՄ-ը իր համաշխարհային կառոյցներով լծուած է նիւթական օժանդակութեան ծրագրին, որպէսզի առաւելագոյնս օգտակար դառնանք արցախահայութեան։ Ճիշդ վերոյիշեալ նպատակին ծառայելու համար, այս ձեռնակի հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրուի Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր ազգակիցներուն»: Ան շարունակելով ըսաւ.«Տարեկան դրութեամբ, այս ձեռնարկը կ’իրականանայ մեր ընկերուհիներու համագործակցութեամբ, միասնական ներդրումով եւ անսակարկ նուիրումով: Կարեւորութեամբ կ՚ուզեմ շեշտել, թէ մեր նուիրական եւ փորձառու ընկերուհիներուն կողքին ունինք նաեւ ՀՕՄ-ի երիտասարդ ընկերուհիներու մասնակցութիւնը նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Սիրելի՛ երիտասարդ ընկերուհիներ, դուք մեզի դարձեալ վստահեցուցիք, որ ապագային այս աշխատանքներուն ղեկըդուք պիտի ստանձնէք»: Ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի եւ ընկերային յանձնախումբերուն անդամուհիներուն, բոլոր նուիրատուներուն, օժանդակներուն եւ կամաւորներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն ՀՕՄ-ի ձեռնարկները՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս: Շհորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտներուն, ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի ընկեր-ընկերուհիներուն եւ ՀՄԸՄ-Կամքի սկաուտներուն, որոնք իրենց նպաստը բերին այս ծրագրին:
Ընկերուհի Զաքարեան ներկայացուց տօնավաճառի կնքամայր ընկհ. Անահիտ Գաբրիէլեանի կենսագրականը եւ երկար տարիներու նուիրումնու ներդրումը ՀՕՄ-ին: Ան 1966-ին կ’անդամակցի Հայ Օգնութեան Միութեան եւառաջնորդութեամբ լուսահոգի ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանին կը զարգանայ իր միութենական կեանքն ու քանի մը անգամ կ’ընտրուի վարչական անդամ՝ քարտուղարի կամ հաշուապահի պաշտօնով: Անկէ ետք զինք հրաւիրեց ժապաւէնի հատումին:
Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ աղօթքով օրհնեց ներկաներն ու նախաձեռնութիւնը: Սրբազանը բարձր գնահատեց նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներու զոհաբերութեան ոգին, որոնք միշտ պատրաստ են օժանդակութեան ձեռք երկարելու եւ ծառայելու հոն ուր որ հարկաւոր է:
Տօնավաճառը կ’ընդգրկէր զանազան կրպակներ, ինչպէս՝ հագուստեղէն, Կաղանդի զարդարանքներ, խաղալիքներ, կանացի զարդեղէններ, հայկական ձեռագործներ, հայաստանեան արտադրութիւններ, Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի գրադարանի գիրքեր, մրգեղէններ եւ զանազան տեսակի համեղ ճաշեր ու անուշեղէններ՝ պատրաստուած անդամներու եւ համակիրներու կողմէ: «Հայ Հորիզոն» կայանէն ընկհ. Թամար Շահինեան այցելեց կրպակները եւ յատուկ տեսակցութիւններ ունեցաւ աշխատողներուն եւ օրուան կնքամայրին հետ: Տօնավաճառ այցելեցին նաեւ Քեպէգնահանգի խորհրդարանի անդամ տիկին Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ եւ Մոնթրէալի քաղաքապետարանի անդամներ՝ Անտրէ Մորէն եւ Մարի Տերոս:
Տօնավաճառը իր աւարտին հասաւ վիճակահանութեան նուէրներու բաշխումով: 80-էն աւելի հաւաքուած նուէներ բաժնուեցան, որոնցմէ յիշենք մեծագոյն նուէրը՝Air Canada-էն զոյգ մը տոմսակ: Յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղուեցաւընկհ. Էլիզ Պօղոսեանին այս նուէրը տրամադրելուն համար:
Երկօրեայ սոյն տօնավաճառի հասոյթը պիտի յատկացուի Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանին եւ բաժին մըն ալ արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագրին:
Վարձքերնիդ կատար ընկերուհիներ:
Գոհար Թորոսեան
Comments are closed.