ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու Կանանց Միջազգային օրուան տօնակատարութիւն
- (0)

Աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերը կը նշեն Կանանց Միջազգային օրը՝ յիշատակելով կէս դար առաջ ծայր առած եւ մինչեւ օրս շարունակուող պայքարը ընկերութեան մէջ, իգական սեռի հանդէպ խտրականութեան դէմ, իրաւունքներու պահպանման ու հաւասարութեան ի խնդիր: Վերջապէս, Հայ Օգնութեան Միութեան նման կանացի մարդասիրական կազմակերպութիւն մը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնն է հոգալ հայ ժողովուրդի մարդկային կարիքները եւ պահպանել հայ ազգային մշակութային ինքնուրոյնութիւնը, ձեռնածալ չի կրնար մնալ գնահատելու եւ արժեւորելու հայ կնոջ ուսերուն վրայ բարդուած դերը, որպէս ղեկավար՝ ոչ միայն ընտանեկան, եկեղեցական, մշակութային, գաղութային եւ սերնդաբանութեան աւանդներու պահապան, այլ նաեւ աշխատանքի զանազան միջավայրերէ ներս որպէս յաջողակ տիպար:
Արդ, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու զոյգ վարչութիւններուն նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ միացեալ յատուկ յանձնախումբի մը, Կիրակի, 16 Մարտ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզարանէն ներս նշուեցաւ Կանանց Մ Միջազգային օրը, նախագահութեամբ ընկհ. Տիրուկ Մանճիկեանի: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մօտ Գանատայի ներկայացուցիչ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ. Լուսին Փալանճեան եւ վարչական ընկերուհիներ, Քեպէգի խորհրդարանի անդամներ տիկ. Միշէլ Սեթլաքուէ, տիկ. Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ եւ տիկ. Սելին Հայթայեան, Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետարաններու անդամներ՝ ընկերուհիներ Վանա Նազարեան եւ Սեդա Թոփուզեան, զոյգ մասնաճիւղերու վարչական անդամներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ՀՕՄ-ականներ եւ բարեկամներ, որոնք ամէն տարի կու գան քաջալերելու այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը:
Կիթառահար Ատամ Կուլէի նուագներու ընկերակցութեամբ, տեղի ունեցաւ ճոխ նախաճաշի սպասարկութիւնը: Ապա, յայտագրին պաշտօնական բաժինը ընթացք առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, որոնցմէ ետք, օրուան հանդիսավար ընկհ. Շողիկ Գաթարոյեան, ջերմօրէն ողջունեց ներկաները: Ան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցեալի կանանց ներդրումին մեր նորօրեայ կեանքէն ներս, իրենց անվհատ պայքարին յաղթահարելու բազմաթիւ արգելքներ եւ խտրութիւններ, նաեւ կոչ ուղղեց շարունակելու իգական սեռին հանդէպ արդարութեան պայքարը: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան ընկերուհիներուն իրագործած մարդասիրական եւ բարեսիրական հսկայական գործունէութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն, որուն շնորհիւ դարձած են առհասարակ ներշնչման աղբիւր եւ կը խանդավառեն երիտասարդ սերունդը՝ անդամակցելու այս բացառիկ հզօր կանացի միութեան:
Գեղարուեստական յայտագրին առաջին բաժինով հանդէս եկան Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբի անդամներ՝ ներկայացնելով «Հայաստանի Աղջիկներ» եւ «Սէր Քոչարի» գեղեցիկ պարերը:
Ապա, հանդիսավար ընկերուհին օրուան պատգամաբերին համապարփակ կենսագրական գիծերը ներկայացնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց տիկ. Ռիթա Գաթարոյեանը:
Տիկ. Ռիթա Գաթարոյեան առաջին իսկ վայրկեանէն յաջողեցաւ գրաւել ներկաներուն ուշադրութիւնը, իր պատգամը մեկնելով իր անձնական փորձառութիւններէն, զգացումներէն եւ տեսանկիւնէն: Յիշեց, թէ քսանհինգ տարի առաջ, իր շատ երիտասարդ տարիքին, այս նոյն բեմէն խօսքը ուղղած է ՀՕՄ-ականներուն եւ հիմա կրկին, մեծ հաճոյքով ներկայ է բաժնեկցելու իր ձեռքբերումները: Առաջին հերթին, խօսքը ուղղելով հայ մայրերուն, լուսարձակի տակ առաւ անոնց արժանիքները, որպէս ընտանիքին սիւնը, խիղճը, հաւաքական յիշողութեան պահապանը եւ վերջապէս համեղ ճաշեր եփող-թափողը: Ապա, անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի նման կանացի առաջատար կազմակերպութեան ընծայած բազում բարիքներուն, ո՛չ միայն զայն ստացողին, այլ նաեւ հայթայթողին: Մասնակից դառնալով ՀՕՄ-ի կամաւոր աշխատանքին, պատկանելիութեան եւ օգտակար դառնալու զգացումները կը զարգանան մանաւանդ երէց անդամներուն մօտ, ինչ որ վերջ կու տայ իրենց առանձնութեան եւ առիթ կ’ընծայէ ներդրում ունենալու համայնքին մէջ: Եզրակացնելով ան ըսաւ, թէ գործունեայ ՀՕՄ-ուհին, աւելի ուրախ եւ աշխոյժ կը դառնայ:
Տիկ. Գաթարոյեան իր խօսքի երկրորդ բաժինը ֆրանսերէն լեզուով ուղղեց երիտասարդ սերունդին: Անդրադարձաւ, թէ ներկայիս տակաւին տնտեսական շրջանակներէ ներս, կիները համահաւասար դիրքերու վրայ չեն գտնուիր այրերու բաղդատմամբ եւ նուազ ներկայ են գործադիր մարմիններու մէջ: Երիտասարդուհիները սակայն, պէտք չէ կորսնցնեն իրենց ինքնավստահութիւնը եւ մնան հաւատարիմ իրենց սկզբունքներուն, առանց զիջողութիւն կատարելու հիմնական արժէքներու:
Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը, ընկերակցութեամբ կիթառահար Ատամ Կուլէի, սոբրանօ Սաշա Ճիհանեան խանդավառեց ձեռնարկը իր քաղցր ձայնով: Ան իր կատարած առաջին երկու երգերը՝ «Քուն եղիր բալաս»-ը եւ «Ave Maria»-ն նուիրեց բոլոր մայրերուն: Ապա, «O mio babbino caro»-ն՝ բոլոր աղջիկներուն՝ անոյշ ձայնով եւ եղնիկի աչքերով: Ալեմշահին «Իմ երգը» ձօնեց ՀՕՄ-ուհիներուն եւ ներկայացումը աւարտեց Ազնաւուրէն երգերու փունջով մը:
Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ ընկհ. Նելլի Պարսեմեան ներկայացուց օրուան նախագահ ընկհ. Տիրուկ Մանճիկեանի հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք ընկհ. Մանճիկեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով եւ Կանանց Միջազգային Օրուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց բոլոր հայուհիներուն եւ մեծապէս գնահատեց ՀՕՄ-ի գործունէութեան տարողութիւնը եւ աշխատանքի ձեւը, ապա յայտարարեց, թէ ի յիշատակ իր կեանքի յանձնառու ընկերոջ Յակոբ Մանճիկեանի, կը հիմնէ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղին մօտ 10,000 գանատական տոլարի հիմնադրամ մը, որուն շահարկումէն գոյացած գումարը պիտի գործածաուի Սուրբ Յակոբ երկրորդական վարժարանի կրթական ծրագիրներուն:
Անկէ ետք ընկհ. Պարսեմեան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին 2025 տարին «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակման եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով գնահատեց ներկայ գտնուող բոլոր կիները որպէս ջահակիր ու պահապան մեր աւանդութիւններուն:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան երկու նուէրներու տուչութիւն, տրամադրուած Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի եւ տիկ. Մէրի Պատալեանի Laser Glam գեղագիտական հաստատութեան կողմէ: Նաեւ շնորհակալական խօսքեր ուղղուեցան բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:
Անի Թաշճեան