ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Մասնաճիւղի Տոհմիկ Օր՝ Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի Հայ Գաղութները

Երկար ամիսներէ ի վեր համայն մարդկութեան կեանքը յեղաշրջող համաճարակի պատճառաւ լռութեան մատնուած Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը վերակենդանացաւ, Շաբաթ, 27 Նոյեմբերին: Արդարեւ արտասովոր եռուզեռ մը կը տիրէր, ՀՕՄ-ը կրկին յաջողած էր կազմակերպել այս անգամ 27-րդ Տոհմիկ Օրը, նուիրուած՝ Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայ գաղութներուն: Ներկաները սրահ մտնելով Երուսաղէմ փոխադրուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը կրէին: Մուտքի կամարը, Սրբոց Յակոբեանց տաճարի խորանի եւ մուտքի նկարները, Մարիամ Աստուածածնի Յիսուս Մանուկի հետ սրբապատկերները, յատկապէս Երուսաղէմէն բերուած սրահի առաստաղէն կախուած 45 կանթեղները եւ իւրայատուկ յախճապակեայ եւ այլ արուեստի գործերը, եկեղեցական սպասները, պաստառներու վրայ ցոյց տրուած Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հին եւ նոր նկարները, բոլորը, ներկաները կը տեղափոխէին խորհրդաւոր, հոգեւոր երազային երկիր:

Սրահ մտնելէ առաջ, հիւրերը կը տեսնէին սուրբ վայրերու եւ գաղութներու կեանքէն առնուած նկարներ, այդ օրուան համար տրամադրուած՝ Հրայր Բազէի, Կարօ Նալպանտեանի, Յարութ Գահուէճեանի, Զոհրապ Մարգարեանի, Մարտօ Նալպանտեանի եւ Վարդան Վարդանեանի ընտանիքին կողմէ:

Սրահի մուտքին հիւրերուն կը նուիրուէր 546 էջերով երկլեզու ծաւալուն գիրքը, այս առթիւ պատրաստուած, Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայ գաղութներու պատմական տեղեկութիւններով, սրբավայրերու նկարագրութիւններով, կրօնական եւ ազգային կառոյցներու տեղեկութիւններով, ականաւոր անձերու կենսագրականներով եւ բազմաթիւ խօսուն նկարներով: (Գիրքերը կարելի է ստանալ երեսուն Գանատական տոլարի, դիմելով ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղին հետեւեալ ե-նամակին՝ arstoronto@gmail.com). Մուտքին կը բաժնուէր նաեւ յայտագրի փոքր գրքոյկը երկու օրերու ձեռնարկներու յայտագիրներով վաճառքի ապրանքներու եւ վիճակահանութեան նուէրներու ցանկերով եւ առեւտրական զանազան ծանուցումներով:

Սրահի ետեւի կողմը յատկացուած էր վաճառքի դրուած սրբավայրերու նկարներուն՝ տրամադրուած Հրայր Բազէի եւ Կարօ Նալպանտեանի կողմէ, սրբանկարներուն եւ այլ թանկարժէք արուեստի իրերուն Սուրբ Երկրէն եւ Յորդանանէն բերուած: Ետեւի պատին վրայ մեծ տառերով արձանագրուած էր օրուան լոզունքը՝ «Սուրբ Երկիր՝ Աղբիւր Լոյսի եւ Հաւատքի» եւ «Սփիւռք… Հայեացքով միշտ դէպի Երկիր» պատգամը: Իսկ կեդրոնի սեղանին վրայ դրուած էին տարիներու ընթացքին Տոհմիկ Օրերու ՀՕՄ-ի հրատարակած գիրքերը: Ցուցադրութեան բաժնին մէջ կարելի էր տեսնել Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ եկեղեցական թանկարժէք սպասները եւ այլ պատմական եւ իւրայատուկ իրեր տրամադրուած կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն կողմէ:

Սեղանները գեղեցկօրէն յարդարուած էին յատկապէս Հայաստանէն բերուած սեղանին կեդրոնի Մարիամ Աստուածածնի Եւ Յիսուս Մանուկի սրբապատկերով փայտեայ ոսկեզօծ զարդերով, եւ իւրաքանչիւր հիւրի համար տուփիկներու մէջ դրուած էին օրհնուած իւղ Բեթղեհէմէն, Յորդանան գետի ջուր, խունկ, Երուսաղէմի հող եւ ձիթենեաց փայտէ խաչ:

Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայութեան ձօնուած բացառիկ երեկոն վայելելու համար ներկայ էին 225 հիւրեր, ինչպէս՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Տիար Արիս Պապիկեան, Հոգեւոր Հովիւներ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տէր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան եւ Տէր Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան, Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Տէր Յակոբ Քհնյ. Գեադայեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Տէր Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարկարեան, ՀՅԴ Ս. Թէհլիրեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Սեւակ Խոշեան, հովանաւորներ եւ այլ հիւրեր: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւ Գերյարգելի Տէր Եղիա Ծ. Վարդ. Գիրէջեանը չնախատեսուած արգելքի մը պատճառով կը բացակայէր:

Օրուան հանդիսավարը՝ Տոհմիկ Օրուան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհին՝ Զեփիւռ Տորնա բեմ բարձրացաւ բարի գալուստի մաղթանքով, որուն հետեւեցաւ Արմինիա Սարգիսեան Պատալեանը Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Յայտագիրը սկսաւ, ձօնուած Արցախի պատերազմի եւ մինչեւ օրս զոհուած ազատամարտիկներու, «Արցախ ցաւդ տանիմ» երգիչ Անտրէի պատկերիզով եւ «Տէր Ողորմեա» շարականով կատարողութեամբ՝ Անուշ Գալստեան-Բասիշնիկի:

Ապա Զեփիւռ Տորնան հանդէս եկաւ բացման խօսքով եւ պատմական տեղեկութիւններ հաղորդելով, նշեց հարուստ ժառանգութեամբ Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայ գաղութներու կարեւոր դերը, մանաւանդ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Հայութեան համար իբր հոգեւոր ու մշակութային կարեւոր կեդրոն եւ Սուրբ երկրի մէջ հայութեան իրաւունքներու զինուորագրեալ պաշտպան: Նաեւ երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, գիրքի յօդուածագիրներուն, կենսագրականներ եւ լուսանկարներ հայթայթող անձնաւորութիւններուն, յայտագրին մասնակցող արուեստագէտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք զանազան ձեւերով նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Պրն. Արիս Պապիկեանը, որ կարդաց Օնթարիոյ Նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտին շնորհաւորագիրը Տոհմիկ Օրուան առթիւ ուղղուած ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին: Բեմ հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղիս ատենապետուհի Մարալ Միսիրեանը որ ստանձնէ շնորհաւորագիրը, նաեւ ան ստանձնեց ձեռագործ ՀՕՄ-ի խորհրդանշանը, որ աշխատած էր Երուսաղէմէն ՀՕՄ-ուհի 95-ամեայ Զուարթ  Ստամպուլեանը եւ նուիրած Թորոնթոյի մասնաճիւղին:

Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի Քրիստոսի ուղղուած խօսքերով «Ետեւէս Եկուր» շարականը անոյշ ձայնով երգեց Տէր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանը:

Վահագն Դաւթեանի «Գիշերային Զրոյց Նարեկացու հետ»ը մեծ ապրումով ներկայացուց տաղանդաւոր ասմունքող Սարին Փոլատեան-Աբիկեանը:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ազնաւուրեան համոյթի իննը դպիրները՝ Նաթալի Թռնամեան, Մարիա Ճապրայեան, Փաթիլ Մարգարեան, Ատրինէ Արթին, Լիւսի Մինասեան, Թալին Մազեան, Ճէյն Զաաթար, Մարիամ Առաքելեան, Ռուպինա Քէօշկէրեան-Քէշիշեան, ղեկավարութեամբ՝ Անուշ Գալստեան-Բասիշնիկի, գեղեցիկ ձայնով երգեցին “Ով Զարմանալի”, “Ցնծա Երուսաղէմ”, եւ “Գովեա Երուսաղէմ զՏէր” շարականները:

Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանը տալու իր սրտի խօսքը եւ կատարելու սեղանի օրհնութիւնը: Սրբազան Հայրը Օրհնութեան խօսքին մէջ գնահատեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած 27-րդ Տոհմիկ Օրուան կազմակերպիչները, եւ յորդորեց որ շարունակուի հայ ազգի պատմութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող Տոհմիկ Օրերու ձեռնարկները: Ան շեշտեց որ մեր Սուրբ Վայրերու իրաունքներու պաշտպան կանգնած է մեր Հոգեւոր եւ աշխարհական դասը, եւ ըսաւ «մենք իբրեւ ազգ հպարտ ու պատիւ պիտք է զգանք, որ Սուրբ Երկրին մէջ ամէն տեղ իրաւունքներ ունինք, սեփականութիւն ունինք, աղօթքի վայրեր եւ ուխտատեղիներ ունինք։ Սակայն ունենալը բաւարար չէ ինքնին, հպարտանալը անցեալով քիչ է, պէտք է պահպանել, գուրգուրալ, տէր կանգնիլ ու պահապանը մնալ»։ Ապա Սրբազան Հայրը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը:

Կիլիկիա նուագախումբի եղանակներու ընդմէջէն, ներկաները ճաշակեցին համադամ ուտելիքները որ պատրաստուած էին Լաւաշ ճաշարանի կողմէ:

Ցոյց տրուեցաւ, յատուկ այս առթիւ պատրաստուած, Երուսաղէմի հոգեւոր եւ գաղութային կեանքը ներկայացնող պատկերիզը, որուն նկարահանումը կատարած էր  Յովսէփ Կարօ Նալպանտեանը, պատմողն էր Տէր Տիրան Ծ. Վարդ. Յակոբեանը, աշխատանքին օգտակար դարձած էր նաեւ Սարկաւագ Արտակ Թաթեւոսեանը:

Ճաշէն ետք բեմ բարձրացան օրուան երիտասարդ մեներգողները՝ Արմինիա Սարգիսեան Պատալեան, Նվեր Ղազարեան, Սեւակ Յարութիւնեան, Լեւոն Քարակիւլէեան, Թորոս Մայտոսեան, որոնք իրենց գեղեցիկ ձայնով ազգային եւ ժողովրդական երգերով եւ Կիլիկիա նուագախումբի յաջող կատարողութեամբ խանդավառեցին եւ զուարճացուցին ներկաները երկար ժամեր:

Ներկաներէն շատեր շահեցան նաեւ օրուան նիւթին հետ առնչուող վիճակահանութեան թանկարժէք նուէրներ:

Յաջորդ օրը, Կիրակի 28 Նոյեմբեր, ժամը 4-ին տեղի ունեցաւ դասախօսական ցերեկոյթ: Հոծ բազմութիւն մը եկած էր սրահի գեղեցիկ զարդարանքներու եւ վաճառքի ու ցուցադրութեան դրուած թանկարժէք իրերու ընդմէջէն ըմբոշխնելու հոգեպարար մթնոլորտը:

Յանձնախումբի փոխատենապետուհի՝ Մարալ Պէքարեանը բացման խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ Երուսաղէմի իր անձնական փորձառութիւններու եւ ապրումներու մասին:

Իբր բանախօս հրաւիրուած էր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տէր Կորիւն Վարդապետ Բաղդասարեանը, սակայն արտօնութիւն չէր կրցած ստացալ Գանատա գալու: Հանդիսատես ժողովուրդը պատկերիզի վրայ հետեւեցաւ իր խօսքին, որ Տէր Կորիւնը քանի մը օր առաջ ղրկած էր յստակ արձանագրութեամբ եւ տալով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մասին պատմական մանրամասն տեղեկութիւններ:

Բեմ բարձրացաւ Անուշ Գալստեան-Բասիշնիկ եւ գեղեցիկ ձայնով երգեց «Լոյս ի Լուսոյ» եւ «Մայր եւ Կոյս» շարականները:

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի բաժիններէն շրջանաւարտ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեան պատկերներու ընկերակցութեամբ հետաքրքրական կերպով ներկայացուց ընծայարանի ուսանողներուն կեանքը:

Մատիանա Թորոսեան վարժ կերպով քանոնի վրայ  նուագեց «Կռունկ»  եւ “Տէր Ողորմեա»:

Հրայր Բազէ, նկարներու ներկայացումով, խօսեցաւ Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի իր փորձառութեան մասին:

Լորիկ Պէրպէրեան մեծ ապրումով արտասանեց Ժագ Յակոբեանի “Աղօթքը”:

Մարալ Պէքարեանը փակման խօսքէն ետք հրաւիրեց ներկաները յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեան:

Այս միջոցին կրկին ցոյց տրուեցաւ Երուսաղէմի հոգեւոր եւ գաղութային կեանքը ներկայացնող պատկերիզը:

Ժողովուրդը երկու օրերուն հիասքանչ տպաւորութեամբ տուն մեկնեցաւ իր հետ տանելով հոգեւոր վառ յիշատակներ:

 

Զեփիւռ Տորնա

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.