ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 30 Ամեակի եւ ՀՕՄ-ի 110 Ամեակի Յոբելինական Տօնակատարութիւն
2, Յուլիս, 2022 Թորոնթօ
Իր ուխտին և պայծառ դրօշին հաւատարիմ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը, 2, Յուլիս 2022 –ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս, մեծ շուքով եւ արժանավայել վեհութեամբ, նշեց Հայ ժողովուրդի վիշտի ու տառապանքի ընդերքէն ծնած եւ տասնամեակներ շարունակ պատնէշի վրայ գործող՝ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ աւելի քան 110 տարիներու և անոր շառաւիղէն վերընձիւղուած՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի աւելի քան 30 տարիներու նուիրեալ առաքելութեան յաղթական երթը։
Տօնակատարութեան ներկայ էին Թորոնթոյի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Տաթեւ Աւագ քահանայ Միքայէլեան, Հ.Յ.Դ.Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ընկ.Վաչէ Գըլըպօզեան, ՀՕՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Դոկտ.Նայիրի Տէրտէրեան,Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկին Անահիտ Հարությունյան, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջ. Վարչութեան անդամներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ համակիրներ եւ ՀՕՄուհիներ: Հանդիսութեան նախագահն էին Տէր և Տիկ. Ստեփան և ընկհ. Հուրի նաճարեան։
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ Նիգոլ Չոչեանի, օրկի ընկերակցթեամբ՝ Վրէժ Ղազարեանի, որմէ ետք ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը , միութեան ծառայած եւ առյաւէտ բաժնուած անդամներուն և բարերարներուն:
Յաջորդաբար հայերէն և անգլերէն բացման խօսքեր արտասանեցին Վարդուհի Պարտագճեան և Անժէլիք Աստուրեան-Գիրէջեան, որ նաեւ ընթերցեց զոյգ ամեակներուն առթիւ Գանատայի վսեմաշուք Վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի ուղարկած շնորհաւորագիրը։
Ապա՝ իրենց պատգամը փոխանցեցին ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջ. վարչութեան ատենապետ՝ընկհ. Անի Օհանեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան: Անոնք անդրադարձան ՀՕՄ-ի նպատակասլաց ծառայութեան, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով 112 Ամեայ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներու անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան իրագործած ծրագիրներուն, ի խնդիր Հայրենիքի, Արցախի թէ Ջաւախքի , գոյատեւման եւ բարգաւաճման սրբազան գործին։ «Կազմակերպութեան շարքերը նոր սերունդի ներկայացուցիչներով ուռճացնելու առաջադրանքը՝ ՀՕՄ-ի կարեւորագոյն հրամայականներէն մէկն է: Աւանդութիւն դարձած այն երեւոյթը թէ՝ միայն երէց սերունդի կազմակերպութիւն է ՀՕՄ-ը, յառաջիկայ տարիներուն պէտք է յեղաշրջել, վերանորոգել կազմակերպութեան շարքերը համալրելով նոր սերունդի մասնագիտացած ներկայացուցիչներով: Այս մէկը Հայ Օգնութեան միութեան ապագայ գոյատեւման գլխաւոր հիմնաքարն է:» նշեց ընկհ. Օհանեան։
Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւագ քահանայ Միքայէլեան կատարեց ճաշի օրհնութիւնը։
Հանդիսութեան նախագահ ընկհ. Հուրի Նաճարեան, իր սրտի խօսքին ընդմեջէն կոչ ուղեց աշխարհի բոլոր կանանց որպէսզի իրենց ուժն ու կարողականութիւնը օղակեն միանալով ՀՕՄ-ի շարքերուն։
Ան ինքզինք միշտ հպարտ ու երախտապարտ նկատեց անդամակցելով ՀՕՄ-ին, և միշտ պատրաստ ծառայելու անոր վեհ առաքելութեան ու վերելքին։
Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկին Անահիտ Հարությունյան շնորհակալութիւն և երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի ջերմ ընդունելութեան, նաեւ դեսպանատան հետ համագործակցութեան համար։ Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ ՀՕՄ-ի մարդասիրական և հայրենասիրական առաքելութիւնը, որ կ՛առաջնորդուի արդարութեան սկզբունքներով և մայրական անկոտրում բնազդով, և իւրաքանչիւր հայու հպարտութեան առիթ է։
Առ ի գնահատանք ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս իրենց անձնուրաց նուիրումին եւ երկար տարիներու ծառայութեան, ինչպէս նաեւ իրենց գաղութի վերելքին նպաստելու անվերապահ աջակցութեան, պատուոյ մեծարանքի արժանացան հետեւեալ 13 վաստակաշատ ՀՕՄուհիները:
Արմէնուհի Գոլոլեան, Աննա Պուլկարեան, Մարօ Ֆուրունճեան,Սեդա Թաշճեան, Հուրի Նաճարեան,Սօնա Պետրոսեան, Հուրի Գասամանեան, Վանտա Սաղտըճեան, Անժէլ (Ժօժօ) Պետրոսեան, Մելինէ Ճէնապեան, Սեդա Պետրոսեան, Էլմաստ Էնկէյեան, Անի խաչէրեան։
Յուշատախտակները յանձնեցեցին Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամները։
Մեծարեալներուն կենսագրականները ներկայացուց հանդիսավար՝ Վարդուհի Պարտագճեան։
Պարգեւատրումներուն յաջորդեց հիմնադրութենէն ցարդ օրս ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան մաս կազմած անդամներուն նկարահանումն ու կարկանդակի հատումը։
Տօնակատարութեան երեկոն ճոխացուց «Կիլիկիա» Նուագախումբը՝ Վրէժ Ղազարեան, Գէորգ Մանուկեան և Յովիկ Կարապետեան, մասնակցութեամբ՝ տաղանդաւոր Երգիչներու՝ Սեւակ, Նվեր, Սեյրան և Թորոս, որոնք հայկական իւրայատուկ երգերու փունջ մը ներկայացուցին։
Սրահին անկիւնը տեղադրուած էին վիճակահանութեան թանկարժէք նուէրներու ճոխ հաւաքածոյ մը, որոնք տրամադրուած էին նուիրատուներու և կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն կողմէ: Վերջիններս ջանք չէին խնայած ձեռնարկը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ մեծ թիւով բարերարներու աջակցութիւնը ձեռք բերելու:
Փառք Հայու աննկուն կամքին եւ ծառայասէր ոգիին։
Արդարեւ՝ Հայ կիներու անզուգական այս կառոյցը անգամ մը եւս վերանորոգելով իր ուխտը փաստեց, թէ ան իր ժողովուրդին հետ է և ժողովուրդին համար ամէնուրէք, միշտ անոր արդար դատին կողքին կանգնած, Հայրենիքին հզօրացման եւ Արցախեան գոյապայքարի սրբազան գործին լծուած՝ ի գին ամէն զոհողութեան։
Թող, որ ՀՕՄ-ի անձնուրաց նուիրեալներու գործերուն վաստակը դառնայ կանացի այս հզօր կազմակերպութեան հպարտութեան դափնեպսակը։
Բիւր յարգանք այս վսեմ կազմակերպութեան հիմնադրութեան տեսիլքը յղացողներուն։
Փառք ու պատիւ այն անձնուէր փաղանգին, որ յոյսի եւ լոյսի ջահակիրը կը մնայ ՀՕՄ-ի սրբազան առաքելութեան, «Մինչեւ ծագի արդարութեան վառ արփին»։
Բարի երթ դէպի նորանոր նուաճումներ…Բարի երթ դէպի լուսաշող ամեակներ…
Վարդուհի Պարտագճեան