ՀՕՄ-ը մեր ինքնութիւնը սնուցող անսպառ աղբիւրն է. Սեւակ Պէլեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն կազմակերպած «ՀՕՄ-ի օր»-ուան տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ 3 մայիսին, «Հորիզոն Մետիա»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Պէլեանի արտասանած բանախօսութիւնը.


Արժանապատիւ Տէր Հայր, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ տեղական մարմիններու յարգարժան ներկայացուցիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, յարգելի ՀՕՄ-ի ընկերուհիներ եւ շատ սիրելի համակիրներ.

Այսօր մենք չենք հաւաքուած պարզապէս նշելու օրացուցային թուական մը կամ մասնակցելու միութենական հերթական հանդիսութեան մը։ Մենք հաւաքուած ենք վերանորոգելու մեր հաւաքական ուխտը այն արժէքներուն հանդէպ, որոնք աւելի քան դար մը առաջ դրուեցան հայ իրականութեան ամենատոկուն եւ ամենակենսունակ կառոյցներէն մէկուն՝ Հայ Օգնութեան Միութեան հիմքերուն մէջ։ «ՀՕՄ-ի օր»-ը սովորական տարեդարձ չէ, այլ հայութեան հաւաքական դիմադրողականութեան, ինքնակազմակերպման եւ բարոյական վերածնունդի խորհրդանիշը, որ իր մէջ կը խտացնէ մեր ժողովուրդի գոյատեւման տենչն ու արժանապատուութիւնը։

Երբ փորձենք վերլուծել ՀՕՄ-ի էութիւնը, պէտք է դուրս գանք «բարեգործութեան» կամ «մարդասիրական օգնութեան» նեղ ու երբեմն սահմանափակող եզրոյթներէն։ ՀՕՄ-ը մեր ազգային կեանքի այն ընկերաբանական եւ հոգեբանական ողնայարն է, որ դարերու փոթորիկներուն դէմ յաջողեցաւ պահել հայուն ողնաշարը ուղիղ։ Անիկա պարզապէս կարիքաւորին ձեռք մեկնելու կազմակերպութիւն չէ, այլ ազգային ինքնութիւնը կերտող եւ պահպանող հզօր եւ ուռճացող կառոյց։ Այն պահուն, երբ պետականութիւնը կը բացակայէր մեր կեանքէն, երբ հայրենիքը կը բզկտուէր ու կ’արիւնաքամուէր, ՀՕՄ-ը դարձաւ այն «ոչ-պետական պետականութիւնը», որ ստեղծեց դպրոց, դարմանատուն, որբանոց եւ, ամենակարեւորը՝ ստեղծեց յոյսի ու վստահութեան մթնոլորտ։ Այս առումով, ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը ունի խորքային հոգեբանական ազդեցութիւն. անիկա մեր ժողովուրդին կը ներարկէ այն համոզումը, որ անոնք որբ ու անտէր չեն, որ կայ հաւաքական մայրական գորով մը, որ պատրաստ է սպիացնելու ամենախոր վէրքերը։

Այսօր մենք կ’ապրինք մեր ժամանակակից պատմութեան ամենադժնդակ եւ ճակատագրական օրերը։ Արցախի կորուստը, զոր կը սգանք այսօր, պարզապէս աշխարհագրական տարածքի կամ հողի կորուստ չէր։ Այն մեր ազգային ինքնութեան, մեր հաւաքական երազանքին եւ մեր անվտանգութեան համակարգի հիմնասիւներուն փլուզումն էր։ Արցախի հայաթափումը ստեղծեց հոգեբանական այնպիսի անդունդ մը, որուն հետեւանքները դեռ երկար պիտի զգացուին մեր սերունդներուն մօտ։ Այս ողբերգութիւնը յառաջացուց հաւաքական ընկճուածութիւն եւ անորոշութիւն, որոնք կը սպառնան քայքայել մեր ազգային դիմադրողականութիւնը։ Աւելի մտահոգիչ է սակայն այն բարոյական եւ արժեհամակարգային մաշումը, որ այսօր կը հրահրուի Հայաստանի գործող վարչակարգին կողմէ։ Մենք ականատես ենք ազգային իտէալներու հետեւողական նսեմացման, պատմական յիշողութեան խեղաթիւրման եւ «ապրելու» պատրուակով՝ ինքնութենէն ու իրաւունքներէն հրաժարելու վտանգաւոր քարոզչութեան։ Երբ պետական մակարդակով կը փորձեն մեզ համոզել, որ մեր պատմական անցեալը բեռ է, իսկ մեր արդար դատը՝ խոչընդոտ, հոն է, որ ՀՕՄ-ը եւ ՀՕՄ-ի նման կազմակերպութիւններու դերը կը դառնայ աւելի քան կենսական։

Այս տագնապալի օրերուն, ՀՕՄ-ը պէտք է հանդիսանայ մեր ազգային բարոյական խարիսխը։ Երբ պետական մեքենան կը հրաժարի արցախահայութեան իրաւունքներուն տէր կանգնելէ, երբ պաշտօնական Երեւանը կը փորձէ մոռացութեան մատնել Արցախի էջը, ՀՕՄ-ը իր գործնական եւ հետեւողական ներկայութեամբ կը վերահաստատէ, որ հայութիւնը չի հրաժարիր իր արդար իրաւունքներէն։ Աւելին՝ ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը այսօր ունի քաղաքական եւ ռազմավարական նշանակութիւն եւս. անիկա կը պահէ ազգային շարունակականութեան շղթան այնտեղ, ուր պետական օղակները կը թուլնան կամ կը դաւաճանեն իրենց կոչումին։ ՀՕՄ-ը այն կառոյցն է, որ իր կրթական, ընկերային եւ մշակութային ծրագիրներով կը հակազդէ ազգային արժէքներու քայքայման, պահպանելով հայու տեսակը իր ամբողջականութեան մէջ։ Անիկա կը հանդիսանայ այն կամուրջը, որ կը միացնէ Սփիւռքի հզօր ներուժը հայրենիքի կարիքներուն հետ, ոչ թէ որպէս լոկ նիւթական օժանդակութիւն, այլ որպէս ազգային միասնական կամքի կամրջող դրսեւորում։

Սփիւռքի կենսունակութիւնը եւ յարատեւումը ուղղակիօրէն կապուած են ՀՕՄ-ի նման կառոյցներու հզօրութեան հետ։ Մոնթրէալի մէջ, ինչպէս աշխարհի բոլոր հայաշատ գաղութներուն, ՀՕՄ-ը կը հանդիսանայ այն սոսինձը, որ կը պահէ համայնքային կեանքի ամրութիւնը եւ կենսունակութիւնը։ Մենք պէտք է գիտակցինք, որ հզօր Սփիւռքը Հայաստանի միակ իրական եւ անշահախնդիր թիկունքն է։ Այս թիկունքը սակայն չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց կազմակերպուած ուժի։ ՀՕՄ-ը, գործելով ազգային միւս կառոյցներու եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդհանուր ռազմավարական տեսլականին համահունչ, կը ստեղծէ այն համապարփակ ցանցը, որուն միջոցով մեր հաւաքական ուժը կը դառնայ ներազդու գործօն։ Այս համագործակցութիւնը պարզապէս կազմակերպական կապ չէ, այլ գաղափարական դաշինք՝ ի խնդիր հայ ազգի անվտանգութեան եւ յարատեւման։ ՀՕՄ-ը կը լրացնէ ազգային պայքարի այն բացը, ուր հարկաւոր է հոգատարութիւն, մարդկային ջերմութիւն եւ ընկերային արդարութիւն, որոնք անհրաժեշտ նախապայմաններ են ցանկացած յաղթանակի համար։

ՀՕՄ-ի գործունէութեան մէջ գոյութիւն չունի «փոքր» կամ «մեծ» գործի տարբերակում։ Այս մօտեցումը կը հանդիսանայ միութեան յաջողութեան եւ տեւականութեան գլխաւոր գաղտնիքն ու գրաւականը։ Մենք յաճախ հակամէտ ենք հիանալու միայն մեծածաւալ ծրագիրներով, սակայն ազգային շէնքը կը կառուցուի ամէնօրեայ, համեստ ու անաղմուկ քարերով։ Այն ՀՕՄ-ուհին, որ իր ժամանակը կը տրամադրէ համայնքային տօնավաճառի մը պատրաստութեան, կամ այն ընկերուհին, որ կը հոգայ տարեց մը, կամ անոնք, որոնք տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն կը հաւաքեն անհրաժեշտ լումաները որբախնամ ծրագիրներուն համար, կը կատարեն նոյնքան սրբազան գործ, որքան բարձրաստիճան դիւանագիտական հանդիպումները։ ՀՕՄ-ը սորվեցուց մեզի, որ ազգային գոյապայքարը կը մղուի ամէնուր՝ դպրոցի նստարանէն մինչեւ հիւանդանոցի մահճակալը, ընտանեկան սեղանէն մինչեւ միջազգային ատեաններ։ Այս բոլորը մէկ ամբողջութիւն են, քանի որ անոնց նպատակը նոյնն է՝ պահել հայուն կենսունակութիւնը եւ թոյլ չտալ, որ մեր հաւաքականութիւնը փոշիանայ։

ՀՕՄ-ի իւրաքանչիւր արարք, որքան ալ փոքր կամ մեծ թուի անիկա առանձին վերցուած, ունի ընկերաբանական խոր ներազդեցութիւն։ Անիկա կը ստեղծէ փոխօգնութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան այնպիսի մշակոյթ մը մեր մէջ, որ կը հակադրուի այսօրուան անհատապաշտական եւ սպառողական աշխարհի մարտահրաւէրներուն։ Երբ մենք կը ծառայենք ՀՕՄ-ի միջոցով, մենք կը յաղթահարենք մեր անձնական սահմանները եւ կը դառնանք մասնիկը աւելի մեծ իրականութեան մը, մեր փոքր ԵՍ-ը միախառնելով մեծ ՄԵՆՔ-ին։ Այս գիտակցութիւնն է, որ մեզ կը դարձնէ ազգ եւ ոչ թէ պարզապէս ամփոխ։ ՀՕՄ-ը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր ուժը մեր կազմակերպուածութեան մէջ է, եւ որ ոչ մէկ հարուած կրնայ մեզ ծունկի բերել, քանի դեռ ունինք միմեանց թեւ ու թիկունք կանգնելու կամք եւ ներուժ։

Այսօրուան մարտահրաւէրները մեզմէ կը պահանջեն աւելին, քան պարզապէս գոյատեւում։ Մենք պէտք է անցնինք հակազդողի դիրքերէն դէպի նախաձեռնողի դիրքեր։ Ուրիշ բան մը, որ սորված ենք ՀՕՄ-էն եւ դեռ վստահաբար շատ աւելին ունինք սորվելու։

ՀՕՄ-ի աշխատանքը Արցախի բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն հետ պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն, բայց ոչ միայն նիւթական առումով։ Մենք պարտաւոր ենք վերականգնելու անոնց հաւատքը ապագայի հանդէպ, ներարկելու անոնց մէջ այն համոզումը, որ Արցախի էջը փակուած չէ, եւ որ իրենց ցաւը համազգային ցաւ է։ ՀՕՄ-ը իր բնոյթով մայրական կառոյց է, եւ այդ մայրական գորովը այսօր պէտք է վերածուի ազգային պաշտպանական վահանի։ Մենք պէտք է հակազդենք այն բոլոր փորձերուն, որոնք կը միտին հայ մարդը վերածել կամազուրկ եւ յիշողութենէ զուրկ լոկ էակի։

Այս առումով, ՀՕՄ-ի կրթական ծրագիրները եւ հայապահպանման ջանքերը Սփիւռքի մէջ կը ստանան նոր որակ եւ ռազմավարական կարեւորութիւն։ Մեր վարժարանները, մեր շաբաթօրեայ դպրոցները եւ մշակութային ձեռնարկները այն խրամատներն են, ուր կը դարբնուի վաղուան հայը։ Եթէ մենք ձախողինք մեր զաւակներուն մէջ վառ պահել ազգային պատկանելիութեան զգացումը, ապա ոչ մէկ քաղաքական յաղթանակ կրնայ մեզ փրկել վերջնական ուծացումէ։ ՀՕՄ-ը իր դարաւոր փորձառութեամբ գիտէ այս ճշմարտութիւնը եւ վտահաբար ան իր ողջ ներուժը պիտի ուղղէ երիտասարդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, անոնց մէջ սերմանելով ծառայութեան եւ նուիրումի վեհ գաղափարները։

Յարգելի՛ հայրենակիցներ, ՀՕՄ-ի պատմութիւնը յաղթանակներու եւ վերածնունդի պատմութիւն է։ Անիկա ծնունդ առաւ Մեծ Եղեռնի արհաւիրքներէն միայն մի քանի տարիներ առաջ, անցաւ Առաջին Հանրապետութեան դժուարին տարիներէն, դիմակայեց Սփիւռքի ձեւաւորման մարտահրաւէրները եւ միշտ մնաց կանգուն։ Այսօրուան տագնապը, որքան ալ ծանր ըլլայ, չի կրնար ընկճել մեզ, եթէ մենք հաւատարիմ մնանք ՀՕՄ-ի հիմնադիրներու տեսլականին։ Մենք պէտք է յիշենք, որ ՀՕՄ-ն ու մեր բոլոր կազմակերպութիւնները ստեղծուած են ոչ թէ հանգիստ պայմաններու մէջ գործելու, այլ աղէտներու դէմ յանդիման կանգնելու եւ զանոնք յաղթահարելու։ Այս է մեր ուժի աղբիւրը՝ վերածել ցաւը գործի, իսկ կորուստը՝ վերակազմակերպման ազդակի։

Այսօր, ձեր ներկայութիւնը կը հաստատէ, որ մենք պատրաստ ենք շարունակելու այս սրբազան երթը։ Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ յուսահատութիւնը տիրէ մեր սրտերուն։ ՀՕՄ-ը մեզի կը սորվեցնէ լաւատեսութիւն՝ ոչ թէ անհիմն ու դատարկ, այլ աշխատանքի եւ նուիրումի վրայ հիմնուած լաւատեսութիւն։ Ամէն մէկ օգնութեան ձեռք, ամէն մէկ հայերէն բառ, ամէն մէկ նուիրատուութիւն կաթիլ մըն է այն ովկիանոսին մէջ, որ կը կոչուի Հայաստան եւ Հայութիւն։

Ուստի, եկէ՛ք այս տարեդարձը դարձնենք նոր սկիզբ մը։ Եկէ՛ք վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը ՀՕՄ-ին՝ գիտակցելով, որ անոր հզօրացումով կը հզօրանայ մեր հաւաքականութիւնը։ Մենք պարտք ունինք մեր նախնիներուն, որոնք անգամ ամենադժուար պայմաններուն մէջ չլքեցին իրենց դիրքերը, եւ մենք պատասխանատուութիւն ունինք դեռ վաղուան գալիք սերունդներուն հանդէպ, որոնց պէտք է փոխանցենք աւելի ամուր ու աւելի գիտակից հայութիւն մը։

Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ կայսրութիւններ կը փլուզուին, կառավարութիւններ կու գան ու կ’երթան, քաղաքական դասաւորումները կը փոխուին, բայց ժողովուրդի հոգին անմահ է, երբ ունի զինք սնուցող բարոյական աղբիւրներ։ ՀՕՄ-ը մեր ինքնութիւնը սնուցող այդ անսպառ աղբիւրն է, որ դար մը շարունակ ջուր տուած է մեր ինքնութեան արմատներուն։ Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը Արցախի համար, Հայաստանի իսկական ինքնիշխանութեան համար եւ մեր ազգային արժանապատուութեան համար։ Եւ այս պայքարին մէջ ՀՕՄ-ը պիտի ըլլայ առաջին շարքերուն վրայ՝ որպէս խնամող, որպէս դաստիարակ եւ որպէս ազգային կամքի անխոնջ յառաջամարտիկ։

Կեցցէ՛ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, կեցցէ՛ հայ ժողովուրդի անկոտրում եւ միասնական կամքը, յարատե՛ւ փառք մեր ազգային իտէալներուն եւ մեր արդար դատին։

Սեւակ Պէլեան