ՀՕՄը Հայաստանի Մէջ Իր Հիմնադրութեան 115 Ամեակը Պիտի Ոգեկոչէ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) ուրախ է յայտարարելու, որ շարք մը ձեռնարկներով եւ հանդիսութեամբ մը միութեան հիմնադրութեան 115 ամեակը պիտի ոգեկոչէ։

15էն 25 Հոկտեմբերին, ՀՕՄի անդամներ եւ համակիրներ աշխարհի չորս ծագերէն պիտի մէկտեղուին Հայաստան՝ ոգեկոչելու համար առաւել քան դար մը անսակարկ մարդասիրական ծառայութեան, մշակոյթի պահպանման եւ հայ ժողովուրդին բարեկեցութեան ապահովման առաքելութեան լծուած ՀՕՄի 115 ամեակը։

Յոբելենական ձեռնարկները կ՛ընդգրկեն ոգեկոչման հաւաքներ, մշակութային ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ տարբեր այցելութիւններ՝ լուսարձակի տակ առնելու համար ՀՕՄի գործունէութիւնը եւ պատուելու համար անոնք, որոնք իրենց աշխատանքով եւ նուիրումով ՀՕՄի առաքելութիւնը իմաստաւորեցին։

Շուտով պիտի յայտարարուի պաշտօնական յայտագիրին մանրամասնութիւնները։

ՀՕՄի 115ամեակը ոչ միայն անցեալի տօնակատարութիւն է, այլեւ առաքելութիւնը շարունակելու կոչ մը։

ՀՕՄի անդամները եւ համակիրները կրնան արձանագրուիլ ՀՕՄի տեղական վարչութիւններուն մօտ՝ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասնակցելու համար։

ՀՕՄի առաքելութեան նեցուկ կանգնեցէք՝ նուիրատուութիւն կատարելով այս հասցէին միջոցով։

Միացէ՛ք մեզի Հայաստանի մէջ՝ ոգեկոչելու համար 115 տարիներու ծառայութիւնը, զօրակցութիւնը եւ նուիրումը։

115 Տարիներու Անխոնջ Նուիրում։
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ