Հրաչ Փափազեան. Յեղափոխական եւ ազգային մեծ գործիչ (Կեանքն ու գործը)
- (0)

Զաւէն Սապունճեան
Խմբ.- Օգոստոս 16-ին աւարտեցաւ ՀՅ Դաշնակցական ղեկավարներէն Հրաչ Փափազեանի մահուան 65-ամեայ յոբելեանը: Այս առթիւ կը ներկայացնենք Զաւէն Սապունճեանի «Հրաչ Փափազեան՝ յեղափոխական եւ ազգային մեծ գործիչ (Կեանքն ու գործը)» գրքոյկէն սոյն յօդուածը, որ հրատարակուած է Լիբանան, 1987-ին:
Երկու խօսք
Սիրելի՛ ընթերցող,
Այս գրքոյկով, պիտի պատմեմ անձի մը մասին, որ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան գիտակցաբար խուսափեցաւ իր մասին խօսիլ տալէ։ Այդ անձը, մեր երէց ընկեր Հրաչ Փափազեանն է, որուն յարգանքին ու յիշատակին նուիրուած է այս գրքոյկը։
Պէտք էր տօնուէր, ծննդեան 95-ամեակը յեղափոխական ու ազգային, հասարակական մեր մեծ գործիչին՝ ընկ· Հրաչ Փափազեանին, որ եղաւ այնպիսի մեծութիւն մը մեր ազգին մէջ՝ որ իր մասին գաղափար յայտնելը կը վախնամ որ կարելի չըլլայ եւ պակսեցնէ իր բնական արժանիքներէն, սակայն այսուհանդերձ որպէս պարտականութիւն՝ պիտի ջանամ կարելի եղած չափով ներկայացնել զայն նոր սերունդին եւ կատարել պարտականութիւն մը։
Մեր մեծ առաջնորդին՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի պահանջած «ԱԶԳԻ ՄԱՐԴ»ն էր ան, եղաւ մարմնացումը հայկական ՆԵՄԵՍԵԴԱյին, այսինքն վրէժխնդրութեան, որ քիչ մը զովութիւն պարգեւեց մէկուկէս միլիոն կորուստին կսկիծովը տոչորուող սրտերուն:
Կը խօսիմ իր մասին, երբ այլեւս իր ականջները չեն լսեր իր մասին արտայայտութիւնները, գովասական խօսքերը, կարելի է ըսել ճշմարտութիւններ այն չափով որ ճանչցած ենք զինք եւ կամ կրցած ենք զինք հասկնալ իր ողջութեան։ Անոնք, որ գործակից եղան իրեն ու ապրեցան, զգացին թէ ազնուական էր ոչ միայն արտաքնապէս իր նիստ ու կացով ու արտայայտութեամբ, այլ ազնուական էր իր հոգիով։
Յստակատես քաղաքագէտ, ճկուն ու հեռատես դիւանագէտ մըն էր ան։ Սուրիացի արաբ մեծ ղեկավար մը՝ իր մասին ըսած էր. «Առանց Հրաչին կարծիքները առնելու, երկրին համար կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող որեւէ որոշում չենք տար»։
Այս քանի մը տողերը պատրաստելու առթիւ, երբ կը կարդայի իր հեռաւոր ու մերձաւոր բարեկամներուն գրութիւնները, յարգանքի տուրք մատուցանելու համար իր յիշատակին, զգացի թէ, կարծես բոլորն ալ նախապէս խորհրդակցած ըլլային իրենց գրելիքներուն շուրջ։
Կ’անդրադառնային ուղղամիտ, անկաշառ մարդուն, հանրային պարկեշտ գործիչին եւ ճշմարիտ հայրենասէրին, գիծեր՝ որոնք անբաժան ստորոգելիները մնացին ընկ. Հրաչ Փափազեանի կեանքին մինչեւ շիջումը։
*
ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Յեղափոխական ու ազգային մեծ գործիչը
Երկարամեայ յեղափոխական ու քաղաքական բեղուն գործունէութեան շրջան մը ետեւը ձգած Հրաչ Փափազեան, 1960 Օգոստոս 16-ին, Լիբանանի հայաբնակ ամարանոցներէն՝ Շթորայի մէջ աւանդեց իր հոգին, յետ երկարատեւ ու տաժանելի հիւանդութեան։
Աւազանի անունով Կարապետ-Կարպիս, Հրաչ Փափազեան ծնած էր Եոզկատի մէջ, 19 Յունիս 1892-ին:
Եօթ տարեկանին կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր հինգ տարի մնալէ ետք, 1904-ին, կը ղրկուի Պոլիս իր ազգականներուն մօտ եւ հոն ալ կը ստանայ իր կրթութիւնը: 1910-ին, կը մտնէ Հ․Յ․Դ.-ի շարքերը Պոլսոյ մէջ եւ մինչեւ 1922 կ’ունենայ բեղուն գործունէութիւն: 1922-ի աշնան, կը հեռանայ Պոլսէն ու կ’անցնի Յունաստան եւ 1926-ի վերջերը՝ Հալէպ։
Ի յարգանս հանգուցեալ մեծ հայուն եւ ի յիշատակութիւն անոր արդիւնաշատ վաստակին, հոս կ’ուզեմ փակագիծ մը բանալ, նախ ներկայացնելու համար Հրաչ Փափազեանի կուսակցական-յեղափոխական պատասխանատու գործունէութեան երկարամեայ շրջանը, սկսելով համաշխարհային առաջին պատերազմի զինադադարի անմիջական վաղոր- դայնէն, երբ դաշնակցական պատկան մարմիններու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պոլսէն փախստական կամ Պոլիս սպահուըտած հայակեր ճիւաղներու հետքերը գտնելու, եւ զանոնք պատժելու հրամայական անհրաժեշտութեան վրայ։ Կը փնտռուէին նուիրեալներ, որոնց պիտի վստահուէին այդ հետապնդումները եւ անոնց յաջորդելիք ահաբեկումները։ Ուրիշներու կարգին Հրաչն ալ եղաւ ընտրեալներէն մէկը եւ աւելի քան երկու տարի, Հ․Յ.Դ.-ի Պոլսոյ Կեդր. Կոմիտէին հերթապահութիւնը վարելով հանդերձ, կատարեց նաեւ իրեն վստահուած այլ պարտականութիւններ, որոնց գլխաւորներն էին ջարդարարներու հասցէները գտնել եւ բնակավայրերը ճշդել, ինչպէս նաեւ մասնակցիլ՝ Պոլիս կամ այլուր ապրող հայանուն մատնիչներուն հաշուեյարդարը կազմակերպելու աշխատանքներուն: ։
Պոլսոյ Իրաւաբանական համալսարանի ուսանողներէն եւ 1914-ի ընթացաւարտներէն էր Հրաչ, երբ պատերազմի հռչակումէն յետոյ ղրկուեցաւ զինուորական վարժարան, պահեստի սպայ դառնալու համար։ Հազիւ սպայի աստիճանը առած, փախաւ եւ պահուըտեցաւ, նախ Պոլիս եւ ապա, պատերազմի վերջին տարին, թուրք սպայի մը ինքնութեան թուղթով կրցաւ հասնիլ Հալէպ եւ դարձեալ կորսնցուց իր հեքտը։ Զինադադարին, Հալէպ էր եւ 1919-ին վերադարձաւ Պոլիս։ Աչքերով տեսած էր Մեծ Եղեռնը եւ սիրտը լեցուած էր վրէժխնդրական կատաղութեամբ: Կային բնականաբար ընելիք գործեր, որոնց ինքն ալ պէտք էր բերէր իր մասնակցութիւնը։ Կապուեցաւ դաշնակցական պատասխանատու մարմինին, որ կը ղեկավարէր այս ուղղութեամբ տարուող բոլոր աշխատանքները Պոլսոյ եւ արտասահմանի մէջ։ եւ ստանձնեց պարտականութիւններ, որոնց մէջ ի յայտ բերաւ պահանջուող բոլոր ընդունակութիւնները։
Գործի մարդ էր Հրաչ Փափազեան եւ օր մըն ալ, իր առաջարկով, իրեն վստահուեցաւ ամենէն պատասխանատու աշխատանքներէն մէկը, Պերլինի մէջ:
Թալէաթի ահաբեկումէն յետոյ անցած էին շուրջ վեց ամիսներ։ Պերլինի մէջ, ուր խմբուած էր ջարդարարներուն խումբը, անկարելի կը դառնար գտնել հետքը Տքթ. Պէհաէտտին Շաքիր կոչուող բորենիին, որուն գանկին մէջ ալ պէտք էր մխուէր վրիժառու ահաբեկիչին գնդակը։
Պերլին գտնուող հայ հետախոյզները կրցած էին երեւան հանել հետքը Տրապիզոնի ջարդարար կուսակալ Ճեմալ Ազմիին, որ սիկարէթի խանութ մը բացած էր հոն: Կրցած էին գտնել նաեւ հետքերը Պոլսոյ ոստիկանական տնօրէն եւ ապա Պէյրութի կուսակալ Ազմիին եւ ասոր կարգին նաեւ ուրիշներու, բայց տակաւին, անյայտ կը մնար Պէհաէտտինին թաքստոցը։ Յապաղումը կրնար ձախողցնել անոր դէմ արձակուած մահավճիռին գործադրութիւնը, որովհետեւ մէկ օրէն միւսը կրնար ան հեռանալ Պերլինէն: Ասկէ զատ, կարեւոր էր բուն իսկ ոճրագործներուն շրջապատէն իմանալ անոնց մշակած ծրագիրներն ու տեղեկանալ անոնց շարժումներուն, որպէսզի ըստ այնմ ձեռք առնուէին անհրաժեշտ միջոցները։
եւ Հրաչն է, որ կ’առաջարկէ Պոլսոյ պատասխանատու մարմինին·- Թուրքի ծպտումով երթալ Պերլին եւ հոն ստեղծել ջարդարարներու շրջանակին մօտենալու եւ անոնց հետ մտերմանալու պատեհութիւնը։ Լաւ թրքագէտ եւ թրքախօս, մօտէն ծանօթ թրքական բարքերուն եւ կրօնական սովորութիւններուն, այլեւ մեծապէս պաղարիւն եւ շրջահայեաց, Հրաչ՝ ունէր առաջադրուած գործը լաւագոյն արդիւնքով գլուխ հանելու ինքնավստահութիւնը։ Ուրեմն առաջարկը կ’ընդունուի, եւ Հրաչ կ’անցնի գործի։ Ամենէն առաջ կը թլփատուի։ եւ ապա, քանի մը շաբթուան ընթացքին կը ստանայ թաղային մուխթարի մը հաստատագիրը, կը հանէ անցագիրը, կը վերջացնէ օրինական ձեւակերպութիւնները եւ արդէն պատրաստ է ճամբայ ելլելու դէպի Պերլին:
«Թուրք» է այլեւս, հարիւրէն, հարիւր, թէ՛ իր խօսակցութեամբ, թէ՛ իր արտայայտած մտածումներով եւ թէ՛ շարժումներով։ Անունն ալ՝ Մէհմէտ Ալի: Կեսարիոյ այս ինչ գիւղէն, հարուստ այլ մեռած թուրքի մը զաւակը, որ յանձնուած է նոյնպէս հարուստ իր Ռիզա հօրեղբօրը հոգածութեան։ Հիւանդ է եւ դարմանման ճար մը գտնելու համար, հօրեղբայրը կը ղրկէ զայն Պերլին, որպէսզի վայելէ մասնագէտ գերմանացի բժիշկներուն խընամքը։ Գրպանը լեցուն է դրամով եւ պատրաստ է նիւթական ամէն զոհողութեան, միայն թէ գտնուի իր հիւանդութեան դարմանը: … եւ որովհետեւ անծանօթ է Պերլինին եւ գերմաներէնին, կը փնտռէ այնտեղ իր «ազգակից» թուրքերը, որպէսզի աջակցին իրեն բարոյապէս:
Այս է կազմուած ծրագիրը եւ ի գործադրութիւն այս ծրագրին, 1921-ի աշնանավերջին, Հրաչ Պոլսէն կը մեկնի Պերլին։ Այնտեղ են արդէն կատարուելիք նոր ահաբեկումներու կազմակերպիչները եւ հետախոյզները։ Դեկտեմբերին հոն կը հասնի Պէհաէտտինը սատկեցնելու պարտականութիւնը ունեցող ահաբեկիչ Արամ Երկանեանը, այն սքանչելի երիտասարդը, որ արդէն երեք յաջող ահաբեկումներ գլուխ հանած էր Թիֆլիսի մէջ, 1919-20 թուականներուն: Քանի մը ամիս յետոյ Պերլին է նաեւ Սայիտ Հալիմի ահաբեկիչը՝ Արշաւիր Շիրակեանը, որուն գործը պիտի ըլլայ սատկեցնել Ճեմալ Ազմին:
Ու ահա, Հրաչն ալ Պերլինի մէջ։ Սկզբնական քանի մը զգուշաւոր տեսակցութիւններ իր ընկերներուն հետ, հրահանգներուն եւ ժամադրավայրերու ճշդուն եւ ապա հրապարակային հանդիպումներու վերջնական խզում իր եւ անոնց միջեւ: «Թուրք» մըն է ինք եւ իր տեղը թրքական շրջապատն է։
Ցոյց տրուած է իրեն Ճեմալ Ազմիի խանութը։ եւ օր մըն ալ կը մտնէ խանութէն ներս։ Ազմիի տղան Էքմէլն է այնտեղ։ Կը ծանօթացնէ ինքզինքը, կ’ընէ իր պատմութիւնը եւ կը խնդրէ անոր աջակցութիւնը երիտասարդ ազգակցի մը, որ հիւանդ է եւ դարմանումի պէտք ունի։ Էքմէլի վերաբերումը կ’ըլլայ շատ սիրալիր իր այս ՎԱԹԱՆՏԱՇԻՆ հանդէպ։ Կը բարեկամանան եւ շատ չանցած, բարեկամութիւնը կը յանգի մտերմութեան։ Էքմէլն է, որ կը տանի զինք մասնագէտ բժիշկներու եւ գիշերներն ալ հաճոյքի կեդրոնները, ուր ընդհանրապէս Մէհմէտ Ալին է, որ կը ծախսէ: Խօսակցութիւնները կը տաքնան։ Էքմէլ կը պատմէ իրեն թուրք ջարդարարներու ծրագիրներուն մասին։ Կ’իմանայ, որ կը պատրաստուին անոնք մէկիկ մէկիկ անցնիլ Անգարա եւ Պուխարա։ Էնվէր, Տօքթ. Նազըմ, Մուամմէր, Սթըֆ, Աղաեւ եւ ուրիշներ անցած են արդէն, բայց տակաւին Պերլին կը մնան Պէհաէտտին Շաքիրը, Պոլսոյ ոստիկանապետ Պետրին, Վանի կուսակալ Ճէվտէթը, Ազմին եւայլն: Կ’իմանայ նմանապէս, որ Պէհաէտտին Շաքիր վերադարձած է Պուլկարիայէն, ուր գացած էր զէնք եւ ռազմանիւթ գնելու Մուսթաֆա Քէմալի համար։
Յաճախ կ’այցելէ խանութ: Ճէմալ Ազմին առանց նուազագոյն կասկած ունենալու իր անդրանիկ զաւկին ընկերոջ ինքնութենէն, ցոյց կու տար իրեն հանդէպ հայրական վերաբերում։ Այնտեղ կը հանդիպի ուրիշ ջարդարարներու ալ։ եւ կը լսէ անոնց խօսակցութիւնները։ Ամէն ինչ կարգին է· երբ օր մը կը պատահի անախորժ անակնկալ մը։
Ճեմալ Ազմիին խանութը գտնուած պահուն, ներս կը մտնէ Պոլսոյ իրաւաբանական վարժարանի Հրաչի դասընկերներէն թուրք երիտասարդ մը։ Էքմէլ կը ծանօթացնէ Մէհմէտ Ալին։ եւ երբ այս վերջինը կը մեկնի (օրեր յետոյ Էքմէլն է որ կը պատմէ) թուրքը կ’ըսէ անոր, Մէհմէտ Ալին շատ կը նմանէր Պոլսոյ իր մէկ դասընկերոջ, որուն անունն էր Կարապետ Փափազաեն (Հրաչը ինքը) … կասկածն է, որ կը ծագի Էքմէլի մտքին մէջ. թէ արդեօ՞ք Մեհմէտ Ալին, ծպտուած հայ մըն է։ Էքմէլ, Մեհմէտին ինքնութիւնը ճշդելու համար կը դիմէր Տօքթ. Նազմիի, եւ Հրաչ՝ պաղարիւնութեամբ, պատշաճ պատասխաններ տալով անոր հարցումներուն, Տօքթ. Նազմի եւս, Հրաչը կ’ընդունէր որպէս կատարեալ թուրք մը Կեսարիայէն։ (Հոս յիշեմ որ այս Տօքթ. Նաղմին յետագային կախուեցաւ Իզմիրի մէջ Մուսթաֆա Քէմալի հրամանով)։ Էքմէլ բարեբախտաբար չի կրնար համոզել ինքզինքը այս կասկածին ուղղութեամբ եւ չ’ուզեր մտքէն անցնել, թէ իր այնքան մտերիմ ընկերը, կրնար այդպիսի մէկը եղած ըլլալ։ Իրարու նմանող մարդիկ քի՞չ կան աշխարհի երեսին։ Հրաչ յաջորդական օրերուն, իր շփումներով կը հաստատէ, թէ ոչ իսկ Ճեմալ Ազմին հաւատացած էր նման ենթադրութեան մը։ Կարելի՞ էր այսքան կեղծիք, երբ Մեհմէտ Ալին ամէն տեղ ի յայտ կը բերէ թուրքի հարազատութիւնը։ Երբ օրինակի համար, Մարտ 15–ին, որ բոլոր թուրք ջարդարարներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ ներկայ կը գտնուի Թալէաթի սպանութեան առաջին տարելիցին առթիւ կատարուած հոգեհանգիստին, ինքն ալ կ’աղօթէ Մոլլային հետ եւ Թալէաթին կնոջ մխիթարական քանի մը խօսք ըսելէ յետոյ, Էքմէլին հետ կը մեկնի տունէն…:
Եթէ նոյն իսկ կասկածը խորանար եւ Ազմիները ուզէին ստուգել Պոլսէն, թէ կա՞յ իրապէս Կեսարիոյ շրջանին մէջ, Ռիզա Պէյ անունով հարուստ վաճառական մը, որուն զաւակը Պերլին ղրկուած ըլլայ բուժուելու համար – վտանգ կա՞ր, որ յայտնուէր Հրաչին ինքնութիւնը։ Գուցէ, բայց մինչեւ ձեռքէ ձեռք այդ պատասխանին ստացումը, շատոնց սատկած պիտի ըլլային երկու ջարդարարները, եւ Հրաչն ալ անհետացած պիտի ըլլար հրապարակէն։
Էականը այն էր, որ շնորհիւ Էքմէլի հետ ունեցած իր մտերմութեան, Հրաչ յաջողած էր ստուգել Պէհաէտտին Շաքիրին թաքստոցը եւ երեկոյ մը, ճաշարանի մը միզարանին մէջ, տեղեկացուցած էր լուրը ահաբեկչական խումբի ղեկավարին, Շահանին։
Գործը դիւրացած էր այլեւս եւ օր չանցած պիտի գործադրուէին ահաբեկումները։ Այդպէս ալ եղաւ։ Եւ Ապրիլ 17-ի կէս գիշերին, երկու կտրիճները, Պերլինի Ուլանա փողոցին վրայ, մէկ մէկ գնդակով գետին փռեցին բորենիներէն երկուքը՝ Պէհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին:
Յաջորդ առաւօտուն կանուխ, Էքմէլն էր, որ հեռաձայնով, Մէհմէտ Ալիին կը հաղորդէր իր հօրը եւ Պէհաէտտինին սպանութիւնը … – ՄԷՀՄԷՏ ԱԼԻ, ԷՐՄԷՆԻԼԷՐ ՊԱՊԱՄԸ ՎԷ ՊԷՀԱԷՏՏԻՆ ՇԱՔԻՐ ՊԷՅԻ ՎՈՒՐՄՈՒՇԼԱՐ ԿԷՉԷՆ ԱՔՇԱՄ…
Մէհմէտ Ալին անշուշտ, չ’աւրեր ինքզինքը։ Կը ցաւակցի Էքմէլին, կը սգայ սգացողներուն հետ, կ’ողբայ կորուստը երկու սպանեալներուն, որոնցմէ մէկն ալ իր «պապա» է, կ’ընկերանայ անոնց ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն, երբ անոնք կ’երթան դիազննարանին մատուռը, ուր դիակները երկնցած են սպիտակ սաւաններուն տակ, կը նկարուի նոյն իսկ անոնց հետ այնտեղ, եւ ամբողջ պաղարիւնը պահած, քանի մը օր ետքն ալ կը մասնակցի շանսատակ հրէշներու յուղարկաւորութեան:
Հրաչ՝ կատարած էր իր պարտականութիւնը մեծ ճարտարութեամբ եւ իր անձն իսկ վտանգելու գնով, բայց դարձեալ, իր մասին կասկածներ չարթնցնելու, այլեւ թրքական շրջանակներէն նոր տեղեկութիւններ ալ ստանալու նպատակով, բաւական ժամանակ մը չբաժնուեցաւ ան Էքմէլի ընկերակցութենէն։ Եւ երբ ամէն ինչ պատրաստ էր իր ալ մեկնումին համար, հրաժեշտ առաւ Էքմէլէն եւ թրքութեան իր դիմակը Պերլին ձգած, վերադարձաւ Պոլիս 1922-ի Մայիսի վերջերը, հայ տղամարդու միւռոնը ճակտին…։
Մեր այս պատմած դրուագը, ամէն պարագայի տակ, կը կազմէ Հրաչի յեղափոխական գործունէութեան լաւագոյն մէկ էջը։
Իր ընկերներէն հերոս՝ Արշաւիր Շիրակեան հետեւեալը կ’ըսէ այս առթիւ.- «… Արտաքնապէս անխռով, սրտին քար դրած, օրերով մտիկ կ’ընէր ջարդարարներուն անմարդկային պատմութիւններուն, հայկական կոտորածի անլուր դէպքերուն եւ գազանավայել մանրամասնութիւններուն։ Օր մը դահլիճին մէջ, այդ անխիղճ հանըմներն ու գազան պէյ ու էֆէնտիները հաճոյքով ու ծիծաղներ արձակելով կը պատմեն թէ, ինչպէս Ճեմալ Ազմին, հպարտութեամբ իրենց հաղորդած է սա աներեւակայելի հրէշութիւնը։
- Տրապիզոնի հայերուն երկսեռ առողջ ու սիրուն մանուկները զատեցի, մէկ քանին, 10-13 տարեկան, նուէր տուի տղուս, իսկ միւսներն ալ կողովներու եւ սնտուկներուն մէջ տեղաւորել տալով ծովը թափել տուի։
- ՊՈՒ ՍԷՆԷ ԽԱՄՍԻ ՉՕՂԱԼՍԸՆ, աւելցուցած էր ճիւաղը ծիծաղելով։ Հրաչ՝ կամ Մէհմէտ Ալի այդ ամէնը կը լսէր անխռով արտաքնապէս, այլ ներքնապէս չարչարուելով ու տանջուելով։
Ջիղերը քայքայուած էին, ինչպէս կը զգայի ու կը տեսնէի ամէն հանդիպումիս։
Տարիներ անցած են այդ ահաւոր օրերուն վրայէն։ Երբեմն կ’անդրադառնամ, որ առանց «Մէհմէտ Ալի»ին կամաւոր զոհողութեան, հաւանաբար հրէշները չգտնէինք եւ անոնք ազատէին մեր վրիժառու գնդակներէն, ինչպէս ազատեցան շարք մը արիւնարբու իթթիհատականներ, Նազըմը, Մուամմէրը եւայլն․․․»:
Արշաւիր Շիրակեան իր «Կտակն էր Նահատակներուն» գրքին մէջ տեղ մը կ’ըսէ նաեւ «Ան սիրելի դարձած էր այդ գազանի որջը այցելող շարք մը բարձրաստիճան թուրքերուն, որոնք հոն հաստատուած էին կամ կու գային կ’անցնէին, ինչպէս նաեւ սիրելին՝ հանըմներուն: Մէհմէտ Ալին քանիցս «Քավալիէ» եղած է նոյնիսկ Թալէաթ Փաշայի այրիին»։
Տեսնել իր ժողովուրդին նահատակութիւնը, իր կարգին քաշկռտուիլ եւ տառապիլ թագստոցէ թագստոց, կատաղօրէն ատել ոճրագործները, եւ սրտին քար դրած, ատամները սեղմած, ներսիդին եռացող ընդվզումը զսպած, դառնալ ԹՈՒՐՔ եւ ամիսներով, գիշեր ու ցերեկ ապրիլ այդ ոճրագործներու անմիջական շրջապատին ու մտերմութեան մէջ, ունենալ մեր պաշտելի նահատակներուն տեւական յաճախանքը եւ հակառակ այս բոլորին կեղծել, խաբել, «փառաբանել» թուրքն ու «անիծեալ» խային հայը – իրապէս շատ էր այս խռովքն ու տառապանքը, կեանքի բեմին վրայ իրեն վիճակուած այս դերասանութիւնը թանկագին ընկ. Հրաչին համար, որուն ճանչնալու բախտը ունեցած էի միայն յիսունական թուականներու սկիզբը Հալէպի «ԱՐԵՒԵԼՔ»ի խմբագրատան մէջ։ Քար ըլլար՝ կը ճաթէր։ Բայց Հրաչ տոկաց, պահեց իր պաղարիւնն ու վճռականութիւնը եւ մնաց արի, յանուն իր ստանձնած պարտականութեան եւ յանուն սուրբ գործին, որ մեր նահատակներուն արեան արդար հատուցումն էր եւ հայակեր բորենիներուն ալ վճռական պատուհասումը։
Ինքնակամօրէն նետուեցաւ ան այդ սրբազան արկածախնդրութեան մէջ եւ դուրս եկաւ պատուով: Անով ալ ձգեց իր լուսաւոր հետքը, որ հետագային առաւել եւս լուսաւորուեցաւ, իր հանրային եւ կուսակցական քառասնամեայ գործունէութեան հետ կապուած ուրիշ դրուագներով։
Հրաչ 1922–ին հեռացաւ Պոլսէն եւ անցաւ Յունաստան, ուր, ինչպէս ըսինք, զբաղուեցաւ ազգային, քաղաքական եւ կուսակցական աշխատանքներով: Ընդմիջումներով մնաց ան Աթենք եւ Սելանիկ մինչեւ 1926-ի վերջերը եւ ապա կուսակցական գործով հաստատուեցաւ Հալէպ, ուր արդէն գտնուած էր զինադադարին:
Սուրիոյ մէջ Հրաչ Փափազեան ապրեցաւ ամբողջ երեսնամեակ մը եւ ունեցաւ յաւէտ անմոռանալի գործունէութիւն մը, քաղաքական, ազգային, կուսակցական եւ հասարակական բոլոր ճակատներու վրայ։
Կշիռք ունեցաւ իր դատողութիւնն ու խօսքը ո՛չ միայն հայկական կեանքէն ներս այլեւ, այլ մանաւանդ պետական շրջանակներու մէջ, սուրիացի ժողովուրդին մղած ազատագրական պայքարներու ժամանակաշրջանին մասնաւորաբար։ Մահէն յետոյ արաբ մեծամեծներու եւ արաբական մամուլին արտայայտութիւնները Հրաչ Փափազեանը ոգեկոչելու գծով, պերճախօս ապացոյցն էին այն սիրոյն ու յարգանքին, զոր կը վայելէր ան սուրիական շրջանակներու մէջ։ Միեւնոյն սիրոյն, յարգանքին ու վստահութեան արժանացած էր ան իր կենդանութեան, երբ երկիցս 1932-ին եւ 1943-ին ընտրուած էր երեսփոխան սուրիական խորհրդարանին, Հալէպէն։ Ան անդամակցեցաւ նաեւ ազգային վերին մարմիններուն եւ եղաւ ամենամօտիկ գործակիցը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա.-ին երբ ան Բերիոյ Թեմի Առաջնորդն էր այդ շրջաններուն։ Յաճախ ճամբորդեց արտասահման (Լիբանան, Եգիպտոս, Իրան, Իրաք, Եւրոպա եւայլն) գլխաւորաբար կուսակցական գործերով։ Հ․Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյին անդամակցեցաւ 1947-էն մինչեւ 1959 եւ մասնակցեցաւ կուսակցական գրեթէ բոլոր ընդհ. ժողովներուն 1923-էն սկսեալ, նաեւ 1959-ի գումարուած ընդհ. Ժողովին:
Հրաչ Փափազեան ունեցաւ քաղաքական եւ մանաւանդ յեղափոխական գործիչի մը պահանջած բոլոր յատկութիւնները։ Շրջահայեաց էր գաղտնապահ, սակաւախօս եւ համեստ: Այլեւ վճռական, փորձառու եւ իրատես: Չէր գիտեր յոգնիլ ու յուսահատիլ։ Չէր սիրեր երեւիլ կամ գովեստ ու գնահատանք լսել իր անձին մասին: Խօսքերը արժէք չունէին իրեն համար։ Կարեւորը, ամէն բանէ առաջ, գործն էր եւ գործի վերածուելիք մտածումները կամ կարծիքի փոխանակութիւնները։ Այսպէս ապրեցաւ ան իր արդիւնաշատ կեանքը, որուն կարգ մը այլ դրուագներն ալ պիտի տամ առանձին:
Մահը բաժինն է բոլոր մահկանացուներուն։ Երանի սակայն անոնց, որ մինչեւ այդ ճակատագրական պահը լիովին կատարած կ’ըլլան իրենց պարտականութիւնները եւ այդպէս հրաժեշտ կու տան անցաւոր կեանքին։ Հրաչ Փափազեան եղաւ անոնցմէ մէկը։ Ինք գնաց, բայց անունը մնաց Հայոց Պատմութեան։
Հրաչ Փափազեան, կամքէ անկախ պատճառներով Պէյրութ փոխադրուած էր 1957-ին, երբ համրօրէն իր ներսիդին փորող հիւանդութիւնը սկսած էր արդէն գործել իր աւերը։ Իր կեանքին վերջին ամիսները եղան ծանր տառապանք մը իրեն համար։ Եւ այդ տառապանքով ալ փակեց իր աչքերը։
Ազգային յուղարկաւորութիւն կատարուեցաւ իրեն, Նախագահութեամբ ԶԱՐԵՀ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ, որ այդ առթիւ խօսեցաւ յուզիչ դամբանական մը, եւ եռագոյնով ծածկուած դագաղը յանձնուեցաւ հողին։ Ու Հրաչ Փափազեան եւս հրաժեշտ տուաւ անցաւոր կեանքին, արժեցնելով զայն ըստ ամենայնի, յօգուտ իր ժողովուրդին, որուն ծառայեց աւելի քան քառասնամեակ մը, զմայլելի եւ անայլայլ անձնուիրացութեամբ մը եւ երկարամեայ յեղափոխական ու քաղաքական բեղուն զործունէութեան շրջան մը ետեւը ձգած: Յիշենք, որ Հրաչ Փափազեան հակառակ այս բոլոլորին, զերծ չէր մնացած նաեւ բամբասանքէ եւ չարախօսութիւններէ, ինչե՜ր չգրեցին իր մասին, ատեն մը նոյնիսկ ըսին, որ Սուրիական Հայրենիքի դաւաճան է կամ դաւաճաններու գործակից ուղեկից, այդ մարդուն, որ եղաւ Սուրիական Հայրենիքի ազատագրական շարժումի ռահվիրաններէն մին: Օդանաւով մինչեւ Անգարա ղրկեցին այդ հայը, որ կեանքին մէջ մոլեգնօրէն կ’ատէր թուրքը․ իբրեւ թէ թուրք վարիչներուն հետ բանակցութեան կ’երթար, սակայն այս բոլորին հանդէսլ զարմանալիօրէն պաղարիւն անտարբեր էր, փորձ մ’իսկ չէր ըներ հերքելու կամ ժխտելու այդ չարամիտ ու չարաբարոյ վերագրումները։ Իր դատախազը իր խիղճն էր եւ ինք անպարտ էր խրղճին առջեւ։ Ասիկա գիտէր ինք, գիտէինք նաեւ մենք։ Չարամիտները ատեն ատեն զինք Անգարա կը ղրկէին Ամերիկեան օդանաւով կամ Բրիտանական ռազմանաւով Հոն, Մենտէրէսին այցելելու, Դրոյին, Իփէքեանին եւ ուրիշներու հետ։ Երբ այս «լաւատեղեակ» անասելի զրպարտանքը յայտնէինք իրեն, ան անտարբեր ու պաղարիւն եւ այդ արարածները լաւապէս ճանչցող, կ’ըսէր.- «Այդ թերթերը կը հրատարակուին նման բաներ գրելու համար։ Կարեւորութիւն մի՛ տաք»։
Հրաչի հայրենասիրութեան փաստը սակայն, Փարիզէն կու տայ, նշանաւոր Վահան Փորթուգալեան, Ֆրանսական ատեաններու երբեմնի նախագահը, հայ կամաւորական գունդերու հին սպան՝ որ Բ. Աշխարհամարտին պաշտօնով գտնուած էր Սուրիա, հետեւեալ ուշագրաւ յայտնութիւնը կ’ընէ ան.-
«… 1940-ի սկիզբն էր, Զօր․ Վէյկան ֆրանսական ուժերու Միջերկրականի եւ Միջին Արեւելքի վերին հրամանատարը, յարձակում մը կը պատրաստէր Խ· Միութեան դէմ, թրքական գործակցութեամբ եւ այս առթիւ իր սպայակոյտէն երկու բարձրաստիճան սպայ կ’ուղղարկէ Հալէպ։ Այս վերջինները Հալէպի մէջ փափաք յայտնած էին տեսակցիլ հայ հակախորհրդայիններուն (այսինքն դաշնակցականներուն) հետ, կ’ուզէին իմանալ թէ հայերը յանձն կ’առնէի՞ն ապստամբութիւն յառաջացնել Հայաստանի մէջ, դիւրացնելու համար արշաւող բանակին մուտքը։
Ստացած էին բացասական պատասխան։- Հայերը նկատի ունենալով իրենց բնակավայր Միջին Արեւելքի անկայուն վիճակը եւ աննախատեսիլի ելեւէջները։ -Հրաչ Փափազեան, իր մահկանացուն կնքեց։ Այժմ կրնանք առանց անպատեհութեան եւ յաղագս պատմական ճշմարտութեան յայտնել, թէ ինքն էր պարագլուխը, որ առանց ազդուելու վերին հրամանատարին աշխարհահռչակ հմայքէն եւ ներշնչուելով միայն հայրենիքի շահէն մերժեց իր կուսակցութեան մասնակցութիւնը ծրագրուած բախտախնդրութեան»։
Հրաչ Փափազեան ընկերակցութեամբ հանգուցեալ ընկ. Յակոբ Սիմոնիի (Տասնապետեան) շրջան մը զբաղեցաւ նաեւ Տէրսիմի քրտական ապստամբութեամբ, որովհետեւ այդ շարժումը ուղղուած էր թուրքին դէմ։
Այս լրակեաց մարդը մեծ դեր ունեցաւ նաեւ Հալէպի Համազգայինի հիմնադրութեան մէջ 1930-ին։
Մեծ դեր ունեցաւ նաեւ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադրութեան մէջ 1947-ին, երկար ժամանակ մասնակցելով նաեւ անոր խնամակալութեան: Իրեն շատ սիրելի այդ հաստատութեան, շրջան մը, մնայուն այցելուն էր։ Միշտ կը խնամէր Ճեմարանի ծաղիկները, այժմու Ճեմարանի ետեւի ծառաստանին առաջին ծաղիկները, ինք տնկած է, իր ձեռքերովը։
Հրաչ Փափազեան հիմնադիրն ու արտօնատէրն էր նաեւ գաղութիս մեծագոյն օրաթերթին՝ անոր ԱՐԵՒԵԼՔին, շրջան մը եղաւ նաեւ պատասխանատու տնօրէնը։
Ան միշտ սերտ կապեր ունեցած է Սուրիական պետական վարիչներուն հետ եւ դարձած գործակիցը, Արաբական աշխարհի առաջին քաղաքացիին, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Շուքրի Քուաթլիի։ Իր խօսքը կշիռ ունէր Սուրիացի արաբին մօտ եւ սերտ գործակից մըն էր Ազգային կուսակցութեան (Քըթլէթ կամ Հըզպ էլ Ուաթանի)։ Ճիշտ ասոր համար գլխուն միշտ կը կրէր արաբական ֆէսը։
Խօսքը կշիռ էր նաեւ Ազգային Իշխանութեան մէջ, Գաւառական, Քաղաքական եւ Ազգ․ ընդհանուր Ժողովներուն մէջ, Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ եւ Անթիլիաս:
Հրաչ Փափազեան սակայն երբեք գրող չէր, ճառախօս չէր, հրապարակի սովորական աղմկարար ԱԺԻԹԱԹԷՕՐներէն չէր, պարզապէս գործող էր, կը գործէր ազգին ու հայրենիքին համար, «ՑՈՅՑ» չկար իր գործունէութեան մէջ, զերծ էր ցուցամոլութեան հիւանդութենէն։ ՆԵՐԱՆՁՆԱԿԱՆ թերեւս նաեւ ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ լռիկ-մնչիկ աշխատող մըն էր։ ԵՍ մը չէր, ՄԵՆՔ մըն էր։
«ՍԷՆԷՊԵԼ» արաբատար շաբաթերթը, որ ազգայնական հակում ունեցող թերթ մըն էր, ընկ. Հրաչի մահուան առթիւ 1960-ի Օգոստոսի թիւերէն մէկուն մէջ կը գրէր. «… Ան մասնակցած էր Սուրիական Ազգային բոլոր գործերուն, երկու մեծ ղեկավարներ՝ Իպրահիմ Հանանոյի եւ Սաատալլա Ճապրիի կողքին։ Հրաչ Փափազեան եղաւ սուրիական խորհրդարանի մէջ, արաբ ժողովուրդի Ազգային ազատագրական դատին համար նուիրեալ պայքարող մը, արաբ մեծ ղեկավարներու կողքին»։
Հրաչ Փափազեանի գործակիցներէն եւ խորհրդարանի ընկերներէն նախկին նախարար Տօքթ. Ապտիւլ Ռահման Քէյեալի՝ անոր մահուան առթիւ ըսած է.- Հրաչ Փափազեանի մահով ոչ միայն հայ ժողովուրդը, այլ Սուրիան ու ամբողջ արաբ աշխարհը կորսնցուց մեծ ղեկավար դէմք մը։ Անանձնական էր Հրաչը, ուշիմ, հեռատես, գործունեայ եւ ուղղամիտ, մենք զինքը ճանչցանք 1943-ին, Սուրիական խորհրդարանին մէջ եւ անոր մէջ տեսանք ղեկավար մը բարձր արժէքներով օժտուած, որ անհուն նուիրումով փառած էր հայրենիքի ազատագրութեան եւ վերելքին»։
Արաբ Միացեալ Հանրապետութեան դատական կեդրոնական նախարար Ֆախէր Քէյեալի իր կարգին ըսաւ.- «… Հրաչ Փափազեան, առաքինութիւններով օժտուած մեծ ղեկավար մըն էր»:
Օր մը, Հալէպի Հ․Մ․Ը․Մ.-ի ակումբի բակին մէջ, ֆութպոլի անտեղի պարտութենէ մը վերջ, երբ երիտասարդութիւնը ակումբին մէջ կը վիճէր, ինք` ի տես երիտասարդութեան յուզման, հանդարտեցնելու համար անոնց գրգրուած ջիղերը, խօսք առաւ եւ քանի մը բառեր ըսաւ, որոնց մէջ շեշտեց, թէ պէտք չկար իրար անցնելու, որովհետեւ պարտութիւնները, յաղթանակներու կ’առաջնորդեն։ Այդպէս էր, եթէ քանի մը բառ ըսէր, ԲԱՆ մը կ’ըսէր, պատգամ մը կու տար…
Մարզասէր էր Ընկ․ Հրաչը, միշտ անպակաս էր Հ․Մ․Ը․Մ.-ի մեծ հանդիսութիւններէն, Միջ-Մասնաճիւղային հանդիպումներէն կամ միջազգային ֆութպոլի մրցումներէն։ 1958-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբը քաջալերելու համար Գահիրէի մէջ անգամ, Ահլիի մարզադաշտն էր մեզի Հետ…:
Սիրելի՛ ընթերցող.-
Պարտականութիւն սեպած էի, յարգանքի խօսք մը ըսել Ընկ. Հրաչ Փափազեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ։
Սիրելի՛ Ընկ․ Հրաչ, այդ պարտականութիւնն է, որ կատարեցի, պարտականութիւն մը, զոր երբեք կարելի չէր համեմատել ոչ մէկուն հետ այն բոլոր պարտականութեանց, զորս դուն կատարեցիր յօգուտ քու սիրելի կազմակերպութեան եւ անոր խողովակով ալ յօգուտ հայ ժողովուրդին, սքանչելի անձնուիրութեամբ մը։
Հանգիստ կը մաղթեմ այնքան տառապած հոգիիդ ու կը փափաքիմ որ արդիւնաշատ կեանքդ օրինակ դառնայ մեր երիտասարդութեան, որպէսզի գործդ շարունակողներ միշտ գտնուին հայ կեանքի մէջ։
Ընկե՛ր, ըսի արդէն թէ խօսքի ու գրիչի մարդ չէիր, կը ցաւիմ, որ դուն եւս այլ վեթերաններուն ու գործօն ընկերներու նման, լոյս չտեսած պատմութիւն մը շալկած իջար գերեզման: Պատմութիւն մը, որ ներշնչման եւ ցեղային հպարտութեան աղբիւր կրնար ըլլալ նոր Սերունդի համար։
1921–ին Սողոմոն Թէհլիրեան եւ Հրաչ Փափազեան գաղափարական մէկ գծով ճամբայ ելան դէպի Պերլին: 1960-ին դարձեալ երկուքն ալ մէկ գծով իրարու ետեւէն մեկնեցան դէպի յաւիտենականութիւն, դէպի անմահութիւն: Երկու մասունքներ, ուրիշ բազմահարիւր մասունքներու հետ ցարդ կը հանգչին օտար հողի տակ։ Կու գայ օրը (եւ պիտի գայ անպայման), երբ այդ մասունքները կը փոխադրուին հայրենի հող, հոն գտնելու համար իրենց յաւիտենական անդորրութիւնը։ Կու գայ օրը, երբ հայրենիքի ժողովուրդը ԻՐ ԻՍԿ ձեռքով կը մաքրագործէ Երեւանի հրապարակները օտար արձաններէն եւ անոնց տեղ կը կանգնեցնէ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ, իբր խորհրդանիշ հայրենիքի ազատագրման համար պայքարած եւ զոհաբերած իր հարազատ զաւակներուն, որոնցմէ մէկը եղաւ հանգուցեալ Ընկ. Հրաչ Փափազեան:
Յարգանք արդիւնաշատ իր` վաստակին:
Հալէպ, 1987