Հրաշքը Պատահեցաւ. Վատիկանի մէջ պիտի յայտարարուի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Մարտինի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասումը
- (0)

Սօսէ Փիլաւճեան
Ծ․Խ․- Հոկտեմբեր 19-ին, Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Մարտինի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասումը։
Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք այս ուսումնասիրութիւնը, պատրաստուած Զմմառու դպրեվանքի հայոց լեզու դասատու եւ վանքի տեղեկատուական գրասենեակի խմբագիր Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ։
«Գերպծռ.Մալոյեանի. դիակը կանաչորակ էր` սակայն կը շողար արտակարգ լոյսով մը» Օրէնսգէտ- բժիշկը կը յայտնէ` Գերպ ծռ. Թափփունիի
Հայ կաթողիկէ Մարտինի նահատակ առաջնորդ` Արհ. Իգնատիոս Արք.Մալոյեան Բարի հովիւի վարկով, նահատակութեամբ եւ Սրբադասմամբ դարձաւ հայ կաթողիկէ համայնքի խորհրդանիշը։ Սակայն մինչեւ օրս կան փաստաթուղթեր, մամուլի անդրադարձեր եւ արխիւային աղբիւրներ, որոնք ամբողջովին գիտական արժանավայել յայտնագործման չեն արժանացած։ Այս ուսումնասիրութիւնները այժմ ուղղուած են` ոչ միայն իր կեանքի նոր մանրամասները բացայայտելու, այլ նաեւ իր հոգեւոր, քաղաքական եւ կրթական գործունէութիւնը աւելի խորաթափանց ձեւով ընկալելու։ Այս գրութիւնը կը միտի Իգնատիոս Մալոյեան կեանքի վկայութիւնները, որոշ ծալքերը լոյս աշխարհ բերել։
Բազմաթիւ ձեռագիր նամակներ եւ զեկոյցներ կը գտնուին հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արխիւներուն եւ դիւանատան մէջ։
Այս փաստաթուղթերը` Մալոյեանի՝ 1896-1915 շրջանի հաղորդակցութիւններ են` Իր առաքելական իրավիճակի մասին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած ահաւոր իրադարձութիւններու, անձնական վկայութիւններու վերաբերեալ։
Հայ տպագիր մամուլը` յաճախ անդրադարձած հայ կաթողիկէ Մարտինի նահատակ առաջնորդ` Արհ. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի գործունէութիւնը՝ զինք յիշատակելով իբրեւ խիզախութեան` միեւնոյն ժամանակ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ջատագով։ Բայց այդ յօդուածները հրապարակուած են` Մարտին քաղաքի անունով, ուր անդրադարձ կատարուած է Մալոյեանի մասին, ինչպէս` Եգիպտոս հրատարակուած` 2020-ի, “Ջահակիր” յաւելուածի մէջ լոյս տեսած` Տիգրան Գէորգեանի “1915-1920 ԹԹ. ԵՐԿՈՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐ` ՄԱՐՏԻՆԻ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ” Եզակի ուսումնասիրութեան մէջ օգտագործուած փաստաթուղթերը։ Այդ ականատեսերու վկայութիւնները կապուած են Մալոյեանի նահատակութեանը հետ, որոնք պահուած են արաբախօս հայ ընտանիքներու մօտ, որոնք գաղտնի ձեւով արձանագրուած են 1915-ի, ողբերգական իրադարձութիւններէն անմիջապէս ետք։
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի մասին փաստաթղթային նոր աղբիւրներու բացայայտումը, մամուլի մոռցուած յօդուածներու վերլուծութիւնը եւ արխիւներու ուսումնասիրութիւնը ծաւալուն լոյս կը սփռեն ոչ միայն իր անձի, այլ տուեալ ժամանակաշրջանի քաղաքական անցքերու վրայ։
Այժմ “1915-1920 ԹԹ.ԵՐԿՈՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐ` ՄԱՐՏԻՆԻ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ” ուսումնասիրութիւնը փորձենք վերագրել`
Լոյս տեսած է` Գահիրէի Ֆրանչիսկեան Հայրերու Քրիստոնէական արեւելագիտութեան Կեդրոնի գիտական տարեգիրքին, Studia orientalia Christiana. Collectanea, 1996-1997 տարիներու միացեալ հատորի` թիւ 29-30։
Այս ստուար հատորէն, 220 էջնոց առանձնատիպը` «P.V.M., Documents sur les événements de Mardine (1915-20)։
Աշխատասիրութիւնը խմբագրած է` կեդրոնի տնօրէն Հայր Վենսան Մսթրիհը ։
Ան վաւերագրերը ներկայացուցած է՝ արաբերէն բնագրերով, ֆրանսերէն թարգմանութիւններով եւ մանրամասն ծանօթագրութիւններով։
Սոյն հետազօտութիւնը նուիրուած է 1915-1920 թուականներուն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ, տուեալ ժամանակաշրջանին Մարտին քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:
Հետազօտութեան նպատակն է` վերլուծել այդ վաւերագրերը, ընդգծել անոնց պատմական նշանակութիւնը եւ մանրամասն ներկայացնել Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքի եւ առհասարակ քրիստոնեաներու կրած տառապանքները:
“Ջահակիր” 2020-ի, յաւելուածին մէջ հրատարակուած աշխատասիրութիւնը` հիմք հանդիսացաւ սոյն յօդուածին, որու հարազատութիւնն ու հերթականութիւնը ամենայն բծախնդրութեամբ պահպանուած է։
Ներածական
______________
Հայոց ցեղասպանութիւնը (1915-1918) Օսմանեան կայսրութեան մէջ` հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած համակարգուած բնաջնջման ծրագիր էր, որ յանգեցաւ միլիոնաւոր հայերու սպանդին եւ տեղահանութեանը:
Այս ողբերգութեան կարեւոր, բայց համեմատաբար քիչ ուսումնասիրուած դրուագներէն մէկը` Մարտին քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն են: Այս վաւերագրերը, որոնք կը ներկայացնեն ականատեսերու վկայութիւններ, լոյս կը սփռեն հայերու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեայ համայնքներու դէմ կատարուած վայրագութիւններու մասին։ Հ. Վենսան Մսթրիհի խմբագրած աշխատութիւնը կարեւոր ներդրում է Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ, քանզի ան կը ներառէ նոր եւ եզակի աղբիւրներ, որոնք նախքան այդ անյայտ էին:
Հ. Վենսան Մսթրիհը , որպէս արեւելագէտ եւ հայագէտ, իր խմբագրական աշխատանքին մէջ ընդգծած է պատմական ճշմարտութեան բացայայտման կարեւորութիւնը՝ առանց մեղադրանքի կամ վրէժխնդրութեան մտադրութեան: Անոր խօսքով՝ «Մոռնալ եւ ներել չի նշանակեր ժխտել կատարուած չարիքները: Այդ մասին խօսիլը, դատապարտելը սուրբ պարտականութիւն է» (նախաբան, էջ 8):
Այս հետազօտութիւնը նպատակ ունի վերլուծել վաւերագրերը, ներկայացնել անոնց բովանդակութիւնը եւ ընդգծել անոնց նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան համայնապատկերին մէջ։
Վաւերագրերու նկարագրութիւն
___________________
Առաջին վաւերագիր՝ «Մարտինը՝ ինչպէս գիտեմ»
Այս վաւերագիրը (արաբերէն բնագիր՝ էջ 17-35, ֆրանսերէն թարգմանութիւն եւ ծանօթագրութիւններ՝ էջ 37-55) Իպրահիմ Գասպոյի յուշագրութիւնն է։ Ան ծնած է Մարտին, 1899-ին:
Իպրահիմը հայ կաթողիկէ համայնքի անդամ է եւ ականատես եղած է 1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւններուն: Անոր հայրը՝ Նաում էֆենտին, քաղաքապետարանի իրաւաբանն է, սակայն 1915 Յունիս 5-ին, ձերբակալուած է իր երկու որդիներու` Իլիասի (26 տարեկան) եւ Մանսուրի (24 տարեկան) հետ: Անոնք բոլորը սպաննուած են` Արհ. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի հետ 1915 Յունիս 11-ին: Իպրահիմը, աւելի փոքր ըլլալով, մօրը, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ տեղահանուած է Ռաս ալ-Այն, ապա ապաստանած Հալէպ։
Իպրահիմ Գասպոն Հալէպի մէջ վարպետ դերձակ եղած է, սորված է` արաբերէն, թրքերէն, քրտերէն եւ պարսկերէն: Ան եղած է ընթերցասէր, բարեգործ անձնաւորութիւն, հիմնած է բարեգործական ընկերութիւն, ամուսնացած է Մարի Նազարի հետ եւ ունեցած` վեց զաւակ: Անոր յուշագրութիւնը մանրամասն կը նկարագրէ Մարտինի պատմութիւնը, քաղաքի կառուցուածքը, բնակչութեան բազմազանութիւնը եւ 1915 թուականի կոտորածները:
Մարտինի նկարագրութիւնը
_____________________
Վաւերագիրը Մարտինը կը ներկայացնէ որպէս հին քաղաք՝ Ճեզիրէի (Միջագետք) հիւսիսը, բարձրադիր լերան վրայ: Քաղաքի միջնաբերդը դժուարամատչելի է, նոյնիսկ Լենկ Թիմուրի համար: Մարտինը ենթարկուած է պարսիկներու, բիւզանդացիներու, քիւրտերու, հայերու եւ արաբներու տիրապետութեանը: Համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ բնակչութիւնը կազմած է մօտ 50,000 մարդ, որոնց կէսը քրիստոնեայ, խօսելով՝ արաբերէն, բայց խառն լեզուով` (արաբերէն, քրտերէն, ասորերէն, հայերէն, թրքերէն): Քաղաքին մէջ գտնուած է ուղղափառ եւ կաթողիկէ ասորիներու պատրիարքական աթոռը, հայ կաթողիկէ Ս. Գէորգ եկեղեցին, արեւորդիներու Ս. Շմունէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Ս. Միքայէլի եւ Ս. Անանիայի վանքերը:
Կոտորածի նկարագրութիւնը
____________________
1915 Յունիս 3-ին, Տիարպեքիրէն ժամանած Մեմտուհ պէյը ձերբակալած է Արհ. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը եւ հայ կաթողիկէ համայնքի մօտ 50 նշանաւոր անձ։ Յաջորդ օրը ձերբակալած են նաեւ փողոցը շրջող բոլոր հայերը: Ընդհանուր առմամբ, մօտ 560 մարդ տեղափոխուած է Տիարպեքիր՝ ձեռնակապ եւ հետիոտն: Քաղաքէն երեք ժամ հեռանալէ ետք` անոնց խումբերով մտցուցած են քարայրներ, ուր քիւրտերը սպաննած են զիրենք: Հայ կանայք եւ երեխաներ նոյնպէս տեղահանուած են Ռաս ալ-Այն, ուր անոնք ենթարկուած են սովի, հիւանդութեան եւ բռնութիւններու: Իպրահիմի ընտանիքը` Հալէպ ապաստան գտած է , սակայն շատեր մահացած են ճանապարհին կամ Տէր Զօրի մէջ:
Երկրորդ վաւերագիրը
________________________
«Յուշեր Մարտինի պատահարներու մասին»
Այս վաւերագիրը (արաբերէն բնագիր՝ էջ 64-109, 131-175, ֆրանսերէն համառօտութիւն եւ ծանօթագրութիւններ՝ էջ 110-129, 176-189) գրուած է Թել Արմանի բնակիչի կողմէ, որ ինքնութիւնը չէ բացայայտած։ Ան ծնած է 1883-ին, մահացած` Քամիշլի 96 տարեկանին: Անոր յուշագրութիւնը գրուած է գեղջկական արաբերէնով, քանզի ականատեսը` միայն նախնական կրթութիւն ստացած է: Վաւերագիրը բաժանուած է երկու մասէ՝ հայերու եւ ասորիներու կրած տառապանքները:
Մարտինի եւ Թել Արմանի նկարագրութիւնը
_____________________
Մարտինը յայտնի է իր հարստութեամբ եւ բարգաւաճութեամբ, առեւտուրով եւ ճարտարարուեստով, արհեստներով, քրիստոնեաներու գերակայութեամբ, Հայերը ունեցած են իրենց ստացուածքները, անգամ երեք յարկանի քարաշէն գեղեցիկ շէնքերով։ Մահմետականներու հետ ապրած են համերաշխ, հակառակ այս իրողութեան` հայերու հանդէպ անիմանալի վայրագութիւններ գործուած են այնտեղ, նոյնպէս ասորիները, քաղդեացիները եւ այլ քրիստոնեաներ ապրած են խաղաղութեամբ, մինչեւ 1915 թուականը:
Մարտինի համայնքներու վիճակագրական պատկերը կը կազմէր հեւեւեալ կերպ`
Կաթողիկէ հայեր 1600 ընտանիք
Ուղղափառ ասորիներ 1200
Կաթողիկէ ասորիներ 450
Քաղդէացիներ 200
Բողոքական աւետարանականներ 75
Լատիններ 45
3570 ընտանիքներու այս ցուցակին պէտք է աւելցնել` Թէլ Արմանի կաթողիկէ
հայերու 700 ընտանիքները, որով կաթողիկէ հայերու ընտանիքներուն ընդհա
նուր թիւը կ’ըլլայ` 2300
իսկ բոլոր քրիստոնեաներու` 4270։
Շրջակայքի գիւղերուն վիճակագրութիւնը` թերի է, ինկած թերթի մը պատ
ճառով.
Քալ ’աթ Մարա 350 ընտանիք, կաթ.եւ ասորի-Մարտինէն 3 ք.մ.
Կոլլիյա 550 ընտանիք, կաթ.եւ ասորի-Մարտինէն 5 ք.մ.
Մանսուրիյա 400 ընտանիք, կաթ.եւ ասորի-Մարտինէն 3 ք.մ.
Պանապիլ 120 ընտանիք-Մարտինէն 6 ք.մ.
Ռաշմալ եւ Քըպալա 50 ընտանիք-Մարտինէն 9 ք.մ.
Պեքէրի 30 ընտանիք- Մարտինէն 35 ք.մ.
Տարա 120 ընտանիք
Չիֆիթլիք 30 ընտանիք
Ուէնա 70 ընտանիք
Այս բոլոր շրջաններու բնակիչներն ալ տեղահանուած, կողոպտուած, բազում ձեւերով չարչարուած, լլկուած, սպաննուած են անգթօրէն։
Թել Արմանը
________________
Թել Արմանը` Մարտինէն 20 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ է, ունեցած է 700 հայ կաթողիկէ ընտանիք եւ ծաղկուն առեւտրական կեդրոն: Գիւղը ունեցած է Ս.Գէորգ եկեղեցին, 80 խանութներով շուկայ եւ կառավարչական շէնքեր:
Կոտորածի նկարագրութիւն
____________________
1915-ի ապրիլին, թուրք ձիաւորներ պաշարած են Թել Արմանը՝ զօրակոչի պատրուակով: 500 տղամարդ, ներառեալ ֆիզիկապէս անկարողներ, տարուած են Մարտին, ապա Գարա Ճուրան՝ ծանր աշխատանքի համար: Շատեր մահացած են սովէ եւ հիւծախտէ: Ընդհանուր առմամբ, 7000 քրիստոնեայ զինուորներ սպաննուած են Գարա Ճուրանի մօտ: Հեղինակը փրկուած է՝ ծպտուելով քիւրտի տարազով: Թել Արմանը կործանած է 1915 Յունիսին եւ վերանուանուած Քիզիլ Թեփէ։
Պատմական վաւերագրերու արժէքը
________________________
Սոյն վաւերագրերը եզակի են այն առումով, որ կը ներկայացնեն ականատեսերու վկայութիւններ, որոնք մանրամասն կը նկարագրեն Մարտինի եւ Թել Արմանի հայերու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեաներու կրած տառապանքները:
Ասոնք կ’ամբողջացնեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին գոյութիւն ունեցող պատմական աղբիւրները՝ ընդգծելով քրիստոնեայ համայնքներու ճակատագիրը:
Հայ կաթողիկէ համայնքի դերը
___________________
Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքը ամենամեծն էր տեղի քրիստոնէական համայնքներու մէջ: Վաւերագրերը ցոյց կու տան, որ անոնք առաջին թիրախները եղած են կոտորածի եւ տեղահանութեան: Գերապայծառ Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութիւնը` խորհրդանիշն է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատարմութեանն ու դիմադրութեանը:
Շայխանէի լեռներ կոչուած վայրին մէջ, Զարզավան միջնաբերդին մերձակայքը, կը նահատակուին 500 անձ։
Շուտով կը տարածուի կոտորածներու լուրը, օրէնսգէտ-բժիշկը` իր բարեկամ Թափփունի Գերապայծառին կը յայտնէ, թէ տեսած է Գերապայծառ Մալոյեանի դիակը, վիրաւոր` գանկէն եւ կուրծքէն. Դիակը` կանաչորակ էր, սակայն, կը շողար արտակարգ լոյսով մը։ Ուրիշ զինուորներ ալ` կը հաստատեն նոյն իրողութիւնը։
Հայր Վենսան Մսթրիհը սոյն աշխատասիրութիւնը խիստ շահեկան է` այն առումով, որ ան կը ներկայացնէ անծանօթ ձեռագրեր, որոնք պահպանուած են կրօնական հաստատութիւններու մէջ:
Արժէքաւոր է նաեւ, որ ան կը համեմատէ այս վաւերագրերը այլ աղբիւրներու հետ, ինչպիսիք են «Al-Qouçara fi Nakabat Annaçara» եւ J. Naayem-ի «Les Assyro-Chaldéens et les Arméniens massacrés par les Turcs» գիրքերը, որ կը հաստատեն անոնց վաւերականութիւնը։
Իպրահիմ Գասպոյի եւ Թել Արմանի անանուն հեղինակի յուշագրութիւնները ցոյց կու տան` Մարտինի եւ Թել Արմանի մէջ տեղի ունեցած կոտորածներու, տեղահանութիւններու եւ մարդկային տառապանքներու սարսափելի մանրամասները:
Մարտինի առաջնորդ` Արհ. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը` նոր մեկնակէտ է` վերարժեւորելու եւ վերանայելու` կրօնական հաստատութիւններու մէջ թաքնուած փաստաթուղթերը, որոնք գիտական հետազօտութիւններու եւ արխիւային աշխատանքներու միջոցաւ կը շրջեն պատմութեան անիւը եւ կը նպաստեն Հայ դատի ներկայ հոլովոյթին։
Զմմառ – Լիբանան