«Հորիզոն» ուղիղ եթերով պիտի սփռէ Հայ Դատի յանձնախումբերու գրասենեակներու համացանցային քննարկումը

Օգոստոս 11-ին, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու գրասենեակներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ պիտի կայանայ համացանցային առցանց քննարկում, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ատենապետ՝ Գասպար Կարապետեան, Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու՝ Վերա Եագուպեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Համբարեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար՝ Սեւակ Պելեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսերեան։

Քննարկումը գլխաւորաբար պիտի կեդրոնանայ Արցախեան հիմնախնդրի, Լիբանանի տագնապի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։

Քննարկման ժամանակացոյցն է.

Ուաշինկթընի ժամով՝ 8։30
Սիտնիի ժամով՝ 10։30
Պրիւքսէլի ժամով՝ 2։30
Պէյրութի ժամով՝ 8։30
Մոնթրէալի ժամով՝ 8։30

Քննարկման առցանց հետեւիլ հետեւեալ յղումներով.

Facebook.com/armeniaonline/live

https://www.facebook.com/Horizon-Weekly-120633978044872/

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.