«Հորիզոն»-ի 45-ամեայ էջերէն. ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէ Լաւալի մէջ
«Հորիզոն», 14 Սեպտեմբեր 1992
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան հիմնուելուն թղթակցութիւնը.
ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէ Լաւալի մէջ
Մոնթրէալի կղզիին կից Լաւալ քաղաքին մէջ, հետզհետէ կ’ուռճանայ հայութեան թիւը: Այս պատճառով յառաջացած կազմակերպական-գաղութային կարիքները առանձին ուշադրութեամբ բաւարարելու համար, Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 1992-ին, հիմը դրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լաւալի կոմիտէութեան, որ անուանակոչուեցաւ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէ, ի յիշատակ ՀՅԴ արդի ժամանակներու գործիչներէն, 1985 Մարտին Պէյրութի մէջ առեւանգուած եւ ապա սպանուած ընկ. Սարգիս Զէյթլեանին:
Նորակազմ կոմիտէութեան անուանակոչումը մեր գաղափարական ու նահատակ ընկերոջ՝ Սարգիս Զէյթլեանի անունով, լրիւ կը պատշաճի օրուան կացութեան: Դաշնակցութեան դէմ մղուող պայքարի զոհերէն՝ ընկ. Սարգիս, իր առեւանգումէն քիչ առաջ, պատասխանելով Հայրենիքի օրուան իշխանութիւններուն կողմէ Դաշնակցութիւնը «ուղղակի թշնամի» տեսնելու վարքագծին, կը պատգամէր եւ կը զգուշացնէր.
«Որքա՛ն հալածեն, այնքա՛ն պիտի զօրանայ ան: Որքա՛ն ճնշեն ու վարկաբեկել փորձեն, այնքա՛ն պիտի ամրանայ ու վերանորոգուի եւ իր բարոյական, գաղափարական ու քաղաքական ազդեցութիւնը աւելի լայնօրէն տարածէ Երկրի թէ արտերկի հայ բազմութեանց մէջ հաւասարապէս» (Ազդակ Շաբաթօրեակ, 26-01-85):
Յառա՛ջ, ուրեմն, ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան:
Comments are closed.