Հորիզոն եւ հորիզոններ. «Հորիզոն»-ի 45-ամեակին առթիւ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Չեմ կրնար «Հորիզոն»-ի մասին գրել առանց վերյիշելու մանկութիւնս, պատանեկութիւնս եւ երիտասարդութիւնս։ Սա մեծ բախտաւորութիւն է, քանի որ հայ թերթին հետ առնչութիւնս հինէ՜ն սկսեր է ու յետոյ, ահա արդէն 45 տարի է, «Հորիզոն»-ի ճամբով շարունակուեր, ամրացեր է, անքակտելի է դարձեր։

Բայց ինչո՞ւ մանկութիւնս կը յիշեմ առաջին հերթին։

Հայրս ու մայրս, բայց մանաւանդ մայրս թերթի, գիրքի խենթ են եղած։ Իրենք ալ վստահաբար այդ խենթութիւնը ժառանգած ըլլալու են իրենց ծնողներէն։ Յատկապէս մօրենական մեծ հայրս՝ Նորատունկեան Մեսրոպը, իր ատենին բաժանորդագրուած է նախ Պոլսոյ «Մասիս»-ին, «Անահիտ»-ին, «Ծաղիկ»-ին եւ ուրիշ թերթերու, ապա Եգիպտոսէն՝ Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին։ Ես չեմ տեսած զինք, բայց իր ձգած այդ ժառանգութիւնը՝ գեղեցիկ կաշեկազմ կողքերով, կը գտնուէր մեր ննջասենեակին մէջ, եւ հաւանական է, որ այդ կողքերուն վրայ ոսկետառ անունները տեւաբար աչքերուս առջեւ ունենալովս է, որ առաջին ծանօթութիւնս հաստատուած է հայկական այբուբենին հետ։ Փակագիծի մէջ աւելցնեմ, որ «Հայրենիք»-ը շարունակած է օրհնել թէ՛ ծնողական տունս ի Գահիրէ, թէ՛ ալ յետոյ մեր տունը՝ ի Մոնթրէալ, մինչեւ իր վերջի՛ն թիւը, եւ այդ հաւաքածոն հիմա մաս կը կազմէ «Հորիզոն»-ի հարստութեան ։

Պատանութեանս՝ արդէն «Յուսաբեր»-ն է, Նաւասարդեաններու, Մխիթարեաններու, Լազեաններու եւ Թաշեաններու գանձարանը, որ հետզհետէ պիտի գրաւէ ուշադրութիւնս, քանի որ մայրս՝ Անահիտը, գրական անունով՝ Արմէն Նայիրին, կանոնաւոր կ՚աշխատակցէր անոր, ու ամեն օր անհամբեր կը սպասէր անոր գալուն։ Ցրուիչը զայն կը ձգէր մեր նամակատան մէջ, որուն բանալին մայրս զամբիւղով մը կ՚իջեցնէր վար դպրոցէն վերադարձիս, որպէսզի զայն բերեմ վեր, բայց նաեւ կ՚ը նեղանար, քանի որ չորս յարկ բարձրացած ատենս ես ալ կը բանայի ու «աչք մը կը նետէի» թերթին վրայ՝ փոխանակ անմիջապէս վազելով վեր տանելու զայն։ Յետոյ արդէն ես ալ պիտի համարձակէի մի քանի յօդուած տալ, 14 տարեկանէս սկսեալ, աւելի ուշ կանոնաւոր աշխատակցիլ, նոյնիսկ համալսարանը ուսանած շրջանիս մէկ կողմէ ալ խմբագրել անոր «Երիտասարդական շարժում» շաբաթական կամ երկշաբաթական էջը։

Գանատա գաղթելէ առաջ արդէն առնչուեր էի նաեւ Փարիզի մեր Նոր սերունդի «Հայաստան» շաբաթաթերթին հետ։

Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ խմբագիրի առաջին քայլերս առեր եմ «Յուսաբեր»-էն առաջ՝ իմ յաճախած Գալուստեան ազգային վարժարանի «Հունձք» խմորատիպ պարբերաթերթին մէջ։ Պարբերաթերթ, որուն «խմբագրութեան» անդամ նշանակուելովս է, որ սրեցաւ խմբագրելու ախորժակս…

Երբ 1966-ի աշնան հաստատուեցանք Մոնթրէալ՝ տակաւին նոր աճող այս գաղթօճախը, Սուրբ Յակոբ եկեղեցին ունէր նոյնպէս խմորատիպ պարբերաթերթ մը՝ «Լրաքաղը», Երիտասարդական միութիւնը՝ նման «Շանթ»-ը, որոնց չափով մը սկսայ աշխատակցիլ, սակայն մեր գլխաւոր մամուլը «Հայրենիք»-ն էր, մանաւանդ որ թէ՛ կուսակցական առումով եւ թէ՛ թեմական՝ մենք մաս կը կազմէինք Հիւսիսային Ամերիկայի կառոյցներուն։ Եւ Խաթանասեանի, ապա Թէօլէօլեանի խմբագրած «Հայրենքի»-ը երկար տարիներ եղաւ իմ բեմը։

Բայց եկաւ ատենը, որ ունենանք մեր ինքնուրոյն կազմակերպական-վարչական ժողովներն ու մարմինները, ու բնականաբար պէտք է ունենայինք նաեւ մեր սեփական մամուլը, մանաւանդ, որ մեծաթիւ էին գրոց-բրոցները՝ թէ՛ Մոնթրէալ եւ թէ՛ Թորոնթօ…

Չեմ կրնար մոռնալ, ինչպէ՛ս մեզ այնքան խրախուսեց ու մղեց այն ատեն ՀՅԴ Բիւրոյի մեր շրջանի ներկայացուցիչ հանդիսացող բժ. Հրաչ Աբրահամեանը՝ մայրաքաղաք Ուշինկթընէն։ ՀՅԴ Գանատայի 1977-ի մեր շրջանային ժողովը տուաւ որոշումը մեր թերթը սկսելու, կազմուեցաւ յանձնախումբ՝ աշխատանքը կազմակերպելու համար։

Ամեն բան ծրագրուեցաւ, որդեգրուեցաւ անունն ալ՝ «Հորիզոն», որ նոյնանուն չորրորդ թերթը պիտի հանդիսանար կուսակցութեան տարեգրութեան մէջ, առաջինը՝ Թիֆլիս (1914-15), երկրորդը՝ Իզմիր (1919-21) եւ երրորդը Սելանիկ (1928-1931)։ Այդ օրերու մեր այդ կազմակերպական աշխատանքին մասին թերեւս կարելի է առանձին հատոր մը գրել… Կազմեցինք նոյնիսկ թերթին մանրակերտը, յօդուածներու եւ այլ գրութիւններուն տեսակն ու քանակը, ծանուցումներու յատկացուելիք տարածքներուն համեմատութիւնը։ Ձեռք ձգեցինք արուեստագէտներու ներդրումը՝ թերթին տեսքին վերաբերեալ։ Ամե՛ն ինչ։ Սակայն գործը ճամբայ չելաւ, քանի որ խմբագիր չունէինք, մեր նկատի առած անձը Պէյրութէն գալիք էր, բայց չէր գար։

Արդար պէտք է ըլլալ խոստովանելու համար, որ եթէ չըլլար յամառ վճռակամութիւնը ընկ. Զաւէն Ինճէճիկեանի (այդ օրերուն ինք անդամ էր Կեդրոնական կոմիտէին), մենք տակաւին երկար պիտի սպասէինք, որ հորիզոնը բացուէր մեր առջեւ։ Ինք պատրաստակամութիւն յայտնեց ու խմբագրի պաշտօնը վստահուեցաւ իրեն, առժամաբար ու կամաւոր բնոյթով. գործի առնուեցան մասնաժամ օգնական մը եւ մասնաժամ շարագրող մը։ Յանձնախումբի անդամներս մնացինք թերթին շուրջ եւ 1979 մայիս 28-ին լոյս տեսաւ առաջին թիւը։ Երկու տարի չանցած ընկ. Զաւէնի սահմանափակ ժամանակն ու հնարաւորութիւնները այլեւս բաւարար չէին։

Անգամ մը եւս, ու միշտ սիրայօժար, երեք ընկերներով առաջարկեցինք գործը շարունակել մինչեւ խմբագրի ժամանումը։ Սակայն հետզհետէ յստակացաւ, որ ոեւէ մէկը անկարգելով երկինքէն պիտի չիջնէր մեր խմբագրատունը, յստակացաւ նաեւ, որ մէկը փաստօրէն այդ դերը կը կատարեր արդէն…

Այդպէս էր, որ «Հորիզոն»-ի հետ նոյնանալս սրբագործուեցաւ։

Անկէ ետք ինչպէս զարգացաւ «Հորիզոն»-ը, ինչպէս նոր, երիտասարդ անձնակազմերով օժտուեցաւ, ինչպէս ճոխացաւ այլազան յաւելուածներով ու բացառիկներով ու հասաւ առցանց հրապարակումներու ներկայ ժամանակաշրջանը՝ առանձնաբար ու մանրամասնօրէն գրուելու արժանի պատմութիւն է, բայց կրնամ անվարան ըսել, որ 11 տարի շաբաթաթերթին իսկ 25 տարի ալ գրական յաւելուածին խմբագրին գլխարկներով, յետոյ մինչեւ օրս այլեւս առանց որեւէ գլխարկի աշխատակցութիւնս կեանքիս ամենէն յանկուցիչ, ամենէն երջանկացնող տարիներս հանդիսացան ու կը հանդիսանան։

Շնորհակալութիւն, սիրելի՛դ իմ «Հորիզոն»։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Comments are closed.