«Հովիւ քաջ, հովիւ բարի» յուշ-երեկոյ՝ նուիրուած հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի վախճանման ե. տարելիցին

Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեան Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, արժանավայել կերպով նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վաստակաշատ հոգեւոր սպասաւորին եւ Գանատայի Հայոց Թեմի նախկին առաջնորդ՝ հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Ս. Եպս. Բարիքեանի վախճանման հինգերորդ տարելիցը՝ «Հովիւ Քաջ, Հովիւ Բարի» խորագիրը կրող յուշ երեկոյի մը ճամբով, Crystal Fountain հանդիսասրահէն ներս։

Սկիզբը տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր սաքսոֆոնի կատարումով հանդէս եկաւ Արմէն Պետրոսեան։ Ժամը 6:00-ին սկսաւ հանդիսութեան պաշտօնական մասը, հանդիսավարներուն՝ Բրշ. Յարութ Սրկ. Կիւլոյեանի եւ Տիար Գրիգոր Աստուրեանի բացման խօսքերով, որոնց մէջ վեր առնուեցաւ Հոգելոյս Սրբազանին հոգեւոր, մարդկային եւ առաջնորդական վսեմ յատկանիշերը։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ կազմակերպող յանձնախումբին ներկայացուցիչ՝ Բրշ. Սարգիս Սրկ. Կիտանեան, որ իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկի իրականացման համար իրենց նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը ցուցաբերած բարերարներուն, ներկաներուն ջերմ մասնակցութեան ու քաջալերանքին, եւ յատկապէս անդրադարձաւ «Մեղրիկ Բարիքեան» հիմնադրամին առաքելութեան ու ապագայ նպատակադրումներուն։

Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանի սեղանի օրհնութենէն ետք, ձեռնարկը շարունակուեցաւ երաժշտական ու բանաստեղծական ելոյթներով, զանազան անհատներու կողմէ, որոնց կեանքին մէջ Հոգելոյս սրբազանը բաժին ունեցած է։ Այսպէս, հանդէս եկան «Զարեհ Ազնաւորեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» զոյգ դպրաց դասերը, ինչպէս նաեւ քանոնի կատարում՝ Տիկ. Մատիանա Թորոսեանի կողմէ։ Հեռակայ դրութեամբ, իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ երգի մը ներկայացումը կատարեց այժմ Փարիզ ապրող, Բրշ. Վարդան Սրկ. Գաբրիէլեան։ Բանաստեղծական ասմունքներով հանդէս եկան Տիկ. Սարին Փօլատեան եւ Օրդ. Իզապէլ Յակոբեան։

Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Բրշ. Կարօ Սրկ. Սարգիսեան, եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց Հոգելոյս Սրբազան Հօր կեանքն ու բազմաբովանդակ ծառայութիւնը։ Տեսերիզին մէջ տարբեր անհատներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու հասարակական օտար գործիչներ, իրենց վկայութիւններն ու մտածումները կիսեցին Հոգելոյս Սրբազանին անձին եւ վաստակին մասին։

Ապա բեմ հրաւիրուեցան օրուան նուիրատուները՝ մոմավառութեամբ պատուելու Հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Ս. Եպս. Բարիքեանի լուսաւոր յիշատակը։ Նշենք որ ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորութիւնը ստաձնեց՝ ազնուափայլ Օրդ. Ժիւլիէթ Սարգիսեանը։ Անոր յաջորդեց «Բարիքեան» կրթաթոշակի փոխանցումը Արմէն Պետրոսեանին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի ձեռամբ, որմէ ետք Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց՝ վեր առնելով հոգելոյս Սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը եւ խորապէս գնահատելով անոր յիշատակը վառ պահելու նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը։

Ձեռնարկը փակուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Սարկաւագաց դասին «Ամէն Հայր Սուրբ» շարականի հզօր եւ յուզիչ երգեցողութեամբ՝ Հոգելոյս Մեղրիկ Սրբազանին հեղինակած երաժշտութեամբ։ Երգեցողութիւնը եզրափակուեցաւ նոյնինքն Սրբազան հօր արձանագրած ձայնով՝ սարկաւագներուն աղօթքին ի պատասխան հնչեցուած «Ամէն» բառով, որ առաւել յուզիչ շունչ տուաւ երգեցողութեան։

«Պահպանիչ» աղօթքով Սրբազան Հայրը փակեց յուզումնախառն եւ հոգեպարար երեկոն։

Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած էր Հոգելոյս Սրբազանին կեանքի ժամանակահատուածը ներկայացնող պատկերներ, եւ կազմակերպուած էր լուռ աճուրդի անկիւն մը։

Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին տարբեր շրջաններէ ժամանած հայ հոգեւորականներ, Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր սպասաւորները, Օնթարիոյ նահանգի հայազգի երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեանը, ինչպէս նաեւ Հայ Կեդրոնի հարկին մէջ գործող բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները։