Հոգեհանգիստ եւ նուիրահաւաք Գէմպրիճի մէջ. «ձեռք երկարենք սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն»
Կիրակի, 19 Փետրուար 2023-ին, հովանաւորութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան համագաղութային կառոյցին, նախաձեռնութեամբ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային դրամահաւաքի ձեռնարկ, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ պատմական Կիլիկիոյ տարածքին երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած հայորդիներուն:
Օրուան հանդիսավար Ազիկ Գէորգեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր նոր մարտահրաւէրի մը հրամայականին առաջ կը գտնուի համայն հայիւթիւնը։ Սուրիահայութեան հայահոծ շրջաններ երկրաշարժի աղէտի դէմ յանդիման գտնուեցան։ Մեր ազգային պատմութեան ընթացքին ապրած ենք ծանրակշիռ իրավիճակներ, որոնք գօտեպնդած են մեզ յաղթահարելու կացութիւնը։ Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի մաս կազմող հայորդիներս եւս անմասն չէինք կրնար մնալ համահայկական այս կոչին ընդառաջ, ուկը հաւատանք, որ մեր ներդրումով պիտի կարենանք մասամբ մեղմացնել սուրիահայութեան տագնապը»։
Ներկայացուեցաւ ամփոփ տեսերիզ մը երկրաշարժի անցնող ժամանակահատուածին արձանագրուած կորուստներուն եւ կործանումներուն։ Ետքը հեռավար կապի միջոցաւ զեկոյց փոխանցուեցաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեանի կողմէ։
Ներկաները հաղորդակից դարձան տիրող իրավիճակին եւ ընթացող աշխատանքներուն։
Դարձեալ հեռավար կապի միջոցաւ զեկոյց փոխանցեց Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Հոթոյեան Ժոլիի կողմէ ընդհանրապէս ընթացող դրամահաւաքներու եղանակի շուրջ եւ յատկապէս այս պարագային Սուրիահայութեան օժանդակութեան ուղղուած աշխատանքներուն շուրջ։
Հայորդիներ, խիտ շարքերով, կատարեցին իրենց խղճի պարտքը՝ նիւթական ներդրումով հասնելու աղէտահար սուրիահայերու։
Հրաւիրուեցաւ ձեռնարկին հիւրաբար ներկայ գտնուող Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ Պատուելի Արա Պալքճեան՝ իր սրտի խօսքը ուղղելու այս առթիւ:
Ձեռնարկի աւարտին հրաւիրուեցաւ , Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Հովիւ Գերապատիւ Հայր Գօսպէքեանը օրուան պատգամը արտասանելիւ, ապա «Պահպանիչ»-ով փակելու հաւաքը:
Վիգէն Գէորգեան