ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովէն Ակնկալութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեր ժողովուրդը (Հայաստան եւ սփիւռք) եւ անոր փոքրացած հայրենիքը կը գտնուին շրջանային, միջազգային եւ ընկերաքաղաքական խառնարանի մէջ, զոր հակակշռելու համար բաւարար ուժ չենք:

Բարդ կացութիւնը դիմագրաւելու եւ նուազագոյն վնասով անկէ դուրս գալու համար պէտք ունինք հեռանկար ունեցող անանձնական իմաստուն ղեկավարումի, որ գործէ հետեւելով իւրայատուկ ազգային ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան:

Հայաստան, անոր հունով նաեւ սփիւռք(ներ)ը, ոչ միայն չեն յաջողած եւ չեն յաջողիր սպառնալիքներու եւ պարտութիւններու դէմ միացեալ հզօր ճակատ յարդարել, այլ` պառակտումները կը բազմապատկեն: Չե՞նք անդրադառնար, որ անելանելի դրութեան մէջ ենք, ճիշդ է, մեզմէ անկախ արտաքին ազդակներու ճնշման պատճառով, բայց նաեւ` մեր բաժանումներու, կոտորակումներու եւ պառակտումներու:

Բեմերէ կը լսենք խօսքեր, կը ծափահարենք, բայց կարծէք անոնք չեն ըսուած մեզի համար, կարծէք բանաստեղծը չէ նշդրակած մեր փքուած եսերը: Գէորգ Էմինի խօսքը որո՞ւ համար ըսուած է` մեզի՞, թէ՞ Պրազիլի անտառներու Պորոներուն եւ Նամպիքուարաներուն: Գէորգ Էմինի ախտորոշումէն բան չենք հասկցած.

Մենք գահ ու թագ չենք ունեցել,
Եւ… արքա՛յ է ամէն մի հայ…

Քննադատելու եւ քննադատութիւն լսելու առաքինութիւն չունինք:

Արքան երկնաւորէն ստացուած իրաւունք ունի, հետեւաբար` անսխալական է: Եթէ «արքա՛յ է ամէն մի հայ», ան հետեւորդ չունի: Բանաստեղծի այս իմաստութիւնը իր լրի՛ւ իմաստը կը գտնէ՞ այսօր հայկական իրականութեան մէջ: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է կանգնի հայելիին առջեւ, ինքզինք դիտէ եւ դատէ, իրմէ դուրս յանցաւոր եւ մեղաւոր փնտռելէ առաջ:

Սիրեցինք Եղիշէ Չարենցի «գաղտնագիր»-ը… Անով ճառեր զարդարեցինք, բայց չլսեցինք ինչ որ ըսուած էր. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Ինչպէ՞ս Չարենց լսել, երբ «արքա՛յ է ամէն մի հայ»… Իմաստութիւնը բաժակաճառ չէ, ան պէտք է ճամբացոյց ըլլայ ազգի անդամին եւ անոր ղեկավարին: Ի վերջոյ, ո՞վ է յանցաւոր, եթէ հաւաքական ուժ չունինք, ուժ չենք: Յանցաւորները ո՛չ մեր իրաւ կամ կարծեցեալ բարեկամներն են, ո՛չ ալ մեր հին ու նոր բացորոշ թշնամիները:

Օր մը կը կազմե՞նք եւ կը հրապարակե՞նք ցուցակը Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի «ամէն մի հայ արքայ»-ներու. նախախնամական, անփոխարինելի, անսխալական: Ինչո՞ւ կը գտնուինք անփառունակ վիճակի մէջ, ի՞նչ է իւրաքանչիւր «արքայ»-ի մեղքի բաժինը: Այս ինքնաքննադատութիւն է, որ առաքինութեան որակ է:

Երբ «ամէն մի հայ արքայ է», կը նշանակէ, որ լսողներ չկան, չկայ հետեւող բանակ, եւ արքաները առանձին են: Յիշել եւ ընթերցել դանիացի գրող Հանս Անտերսընի պատմուածքը` մերկ թագաւորի եւ պալատական կեղծիքի մասին: Շահախնդրուածներու աշխարհին մէջ ո՞վ կը համարձակի ըսել, որ «Թագաւորը մերկ է»: «Թագաւորի մերկութիւնը» չտեսնողներով ինչպէ՞ս ազգ եւ բանակ կը ստեղծուին, կը պահուին, կը պաշտպանուինք:

Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը, մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան մէջ, գերանցում կատարելով իր ի միջի այլոց հայաստանեան կուսակցութիւն մը ըլլալու վիճակէն, իր խօսքը պէտք է ըսէ ո՛չ թէ մրցակցութիւններու դաշտին մէջ յաւելեալ տեղ եւ իրաւունք ունենալու համար, այլ ըլլալու համար համազգային ուժի եւ կամքի ստեղծման ճամբացոյց: Այսինքն, Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը պէտք է ըսէ, թէ ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չենք ըրած, ի՞նչ չէինք կրնար ընել եւ ինչո՞ւ, որպէսզի ոչ միայն կուսակցութիւնը, այլ նաեւ ազգը գիտնան, թէ ո՞ւր կ’երթան, ո՞ւր կրնան երթալ, ինչպէ՞ս:

Համաշխարհային եւ մեր պատմութեան ճակատագրական այս օրերուն ժողովուրդին, բարեկամներուն եւ թշնամիներուն յստակ խօսք պէտք է ըսել: Այդ խօսքը իր իմաստէն կը դատարկուի, եթէ ըլլայ մասնակի, եթէ չըլլայ հաւաքական կամքի արտայայտութիւն` ե՛ւ կուսակցութեան ե՛ւ ազգին համար: Այդ խօսքին մէջ իրենք զիրենք պէտք է տեսնեն ազգի ապագայով մտահոգուող եւ անոր համար գործող բոլոր ուժերը:

Պատմութեան լաստին վրայ ենք հաւաքաբա՛ր:

Մեզի համար պերճանք են մեծ եւ հզօր պետութիւններուն համար բնական համարուող պառակտումները: Ժողով պէտք է գումարեն ոչ միայն Դաշնակցութիւնը, այլ նաեւ բոլոր կազմակերպութիւնները, ո՛չ թէ յաւելեալ իշխանութեան տիրանալու, այլ` ազգը փակուղիէն դուրս բերելու, համագործակցութեամբ, կռթնելով բոլոր ուժերու կարողականութեան (potentiel), Երեւան, Գիւմրի, Մոսկուա, Պուէնոս Այրէս, Պէյրութ, Ուաշինկթըն թէ… Քամչաթքա:

Մեր ժողովուրդը ունի գոյութենական օրակարգային հարցեր, որոնք կը կարօտին անսեթեւեթ որոշումներու եւ անոնց համապարփակ գործադրութեան: Անոնց իրականացման յաջողութեան կամ ձախողութեան լոյսին տակ պիտի դատուի մեր ժողովուրդը` իր պետութեամբ, կուսակցութիւններով, հեռուի եւ մօտիկ համայնքներով:

Թէեւ յապաղումով, բայց վերջապէս գտնուեցաւ հայրենի պատասխանատու մը, որ գիտակցուած սրտցաւութեամբ յայտարարէ, որ Ազրպէյճանի դէմ պատերազմին չէինք պարտուեր, եթէ Արցախը ունենար 300.000 բնակիչ եւ Հայաստանը` 4 միլիոն:

Ոչ ոք ըսաւ, որ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք չհետապնդեցին ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ իրաւ քաղաքականութիւն, ոչինչ յաջողեցան ընել աղէտ-արտագաղթին առաջքը առնելու համար: Այսինքն, իշխանութիւններ եւ բազմատասնեակ կուսակցութիւններ չունեցան ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ գոհացան տնտեսավարելով նախկին խորհրդային հանրապետութիւնը, զայն դարձուցին մրցակցութիւններու բեմ` այն հաւատքով, որ ռուսական ամպհովանին միշտ ապահովութեան երաշխիք պիտի ըլլայ:

Յաճախ ըսած եւ գրած եմ, որ Արցախը իր աւելի քան տասը հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Լիբանանէն աւելի ընդարձակ էր: Թէեւ, ինչպէս կ’ըսեն, բաղդատելին պէտք է բաղդատել: Բայց ընդունիլ նաեւ, որ 150.000 բնակչութեամբ 12.000 քառ. քմ-ի տիրութիւն ընել դժուար էր, չըսելու համար` անկարելի: Մեծ քաղաքագէտ պէտք չէր ըլլալ այս գիտնալու համար: Հակառակ այս իրողութենէն ընկալուելիք թելադրութեան, Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններու օրակարգին չգտնուեցան բնակեցման եւ հայրենադարձութեան էական հարցերը: Դիրքի եւ աթոռի համար մղուող պայքարներու ընթացքին ալ հարցը օրակարգ չեղաւ:

Ընդհակառակն, պակաս չեղան վարչական-լեզուական խոչընդոտներ, որոնք կրնան երկրորդական համարուիլ, ինչպէս` լեզուի, անուններու, ինչքի փոխադրութեան մաքսային եւ թղթաբանական խնդիրները (կը պահանջուէր դգալ-պատառաքաղներու թիւը եւ ծանրութիւնը):

Ամպագոռգոռ որոշումներէ, իշխանութիւններու թեր եւ դէմ գնահատումներէ առաջ, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը նպատակ պէտք է դարձնէ հայրենադարձութիւնը եւ հայրենիքի բնակեցումը, այդ պահանջելով նաեւ այսօրուան եւ վաղուան իշխանութիւններէն, եթէ հայրենիք պահելն ու պաշտպանելը նպատակ են: Պահանջել նաեւ, որ իշխանութիւնները, կուսակցութիւնները եւ այլ կազմակերպութիւններ ստանձնեն հայրենադարձութեան եւ բնակեցման իրականացման պատասխանատուութիւն եւ զանոնք գնահատել` ըստ ստացուած արդիւնքի:

Պարզ չէ՞, որ հայրենիքը հայրենիք կ’ըլլայ իր բնակիչներով, ժողովուրդով:

Աւելի քան երբեք, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը Հայաստանի եւ Արցախի զարգացումը եւ վերականգնումը պէտք է դիտէ ոչ միայն զանազան օժանդակութիւններու ցուցական նախաձեռնութիւններու տեսանկիւնէ, այլ նաեւ` բնակչութեան եւ համրանքի բերելիք հզօրութեան: Այս իմաստուն վերլուծում կամ տպաւորիչ բանաձեւ չէ, այլ` գոյապահպանման էական օրակարգ, որուն իրականացման լոյսին տակ պէտք է գնահատուին իշխանութիւնները, կուսակցութիւնները, քաղաքական գործիչները: Այս ճառ չէ, բառերու հեղեղ չէ, կը չափուի թիւերով եւ բնակեցուած քառակուսի քիլոմեթրերով:

Հայաստանի ներքաղաքական պայքարներուն հեռանկարային որակ պէտք է տալ եւ մեծնալ: ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը, ամենայն պատասխանատուութեամբ, անմիջականէն անդին սեւեռելով իր հայեացքը, ապագայակերտ նախաձեռնութիւններու սկիզբ կրնայ ըլլալ` իրեն հետ քաշելով ազգի եւ հայրենիքի ըմբռնում ունեցող բոլոր դրական ուժերը, ժամանակավրէպ ըլլալու կոչուած սնափառութիւններէն անդին նայելով, որ կը նշանակէ քաջութիւն` ըսելու, որ ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունին, եւ վերջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.