ՀՅԴ Վանաձորի գրասենեակը վերանորոգուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի ջանքերով
- (0)

Մայիս 27-ին հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ Վանաձորի ՀՅԴ գրասենեակին բացումը: Գրասենեակը վերանորոգուած է Գանատայ Դաշնակցութեան կառոյցի ջանքերով: Գրասենեակի բացման մասնակցեցան մեծ թիւով սփիւռքահայ դաշնակցականներ:
Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեան Yerkir.am-ի հետ զրոյցին մէջ տեղեկացուց, որ Վանաձորի գրասենեակի վերանորոգումը միակ նախաձեռնութիւնը չէ:
«Մինչ օրս առիթը ունեցած ենք հիմնովին վերանորոգելու Ալաւերտիի ՀՅԴ կեդրոնը, նաեւ առիթը ունեցանք նորոգելու Ստեփանաւանի կեդրոնի Երիտասարդականի գրասենեակի բաժինը: Ստեփանաւանի ՀՅԴ կեդրոնը տակաւին ամբողջութեամբ չենք վերանորոգած: Հիմա Վանաձորի գրասենեակի բացումը եղաւ, կը նախատեսուի նաեւ Սպիտակի կեդրոնի բացումը: Ստեփանաւանի եւ Սպիտակի ՀՅԴ գրասենեակներուն մէջ տարուող վերանորոգման աշխատանքները տակաւին ամբողջացած չեն, պետք է ամբողջանան», յայտնեց ան:
Տօնապետեանի խօսքով` ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը կը փափաքի, որ Լոռիի մարզին մէջ յաւելեալ ճամբարներ եւ բանակումներ կազմակերպուին: «Այդտեղ եւս պէտք է օգտակար ըլլանք, որ Վանաձորէն դուրս ալ բանակումներ եւ ճամբարներ կազմակերպուին, օրինակ` Ստեփանաւանի, Սպիտակի մէջ», ըսաւ ան:
Իսկ թէ ինչո՞ւ Գանատայի ՀՅԴ կառոյցը միայն Լոռիի մարզին մէջ աշխատանքներ կը ծավալէ, Տօնապետեան պատասխանեց, որ այդ ժողովի ժամանակ որոշուած է: «Որոշուած էր, որ Սփիւռքի ՀՅԴ կառոյցները պէտք է «որդեգրեն» Հայաստանի մարզ մը կամ շրջան մը, մեզի Լոռիի մարզը բաժին ինկաւ», բացատրեց ան:
Տօնապետեան նաեւ նշեց, որ երբ ՀՅԴ-ն Հայաստան վերադարձաւ, առաջին գործիչներէն մէկը, որ Սփիւռքէն Հայաստան եկած էր, Գանատայէն էր եւ հաստատուեր էր Լոռիի մէջ: «Այսինքն` սկիզբէն ալ Գանատան եւ Լոռին միշտ յարաբերութիւններու մէջ եղած են», ըսաւ ան:
Տօնապետեան ըսաւ, որ իրենց խնդրանքով է, որ գրասենեակին բացումը ճիշդ այս օրը կը կատարուի: «Մենք ուզեցինք, որ այդպէս ըլլայ՝ երկու պատճառով: Այս մէկը խորհրդանշական է, պատմական օր է, փափաքեցանք, որ այդ օրուան առթիւ բացումը կատարուի: Երկրորդ պատճառը այն էր, որ այս պատմական առիթով աւելի շատ Գանատայէն ընկերներ եւ ընկերուհիներ այսօր կը գտնուին Հայաստան, եւ փափաքեցանք, որ անոնք մեծ թիւով ներկայ ըլլան», ըսաւ ան: