ՀՅԴ-ն կը գլխաւորէ ընդդիմադիր ուժերու խորհրդակցութիւնները՝ համատեղ քաղաքական օրակարգի շուրջ

Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի նախագահ Իշխան Սաղաթելեան յայտարարեց, որ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած են քաղաքական ուժերու հետ խորհրդակցութիւններու շարք մը, որոնք նպատակ ունեցած են քննել համագործակցութեան հեռանկարները՝ հիմնական քաղաքական եւ ազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ։

«Ֆէյսպուք»-ի իր գրառումին մէջ Սաղաթելեան նշեց, թէ հանդիպումները կայացած են Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, «Ազատութիւն» կուսակցութեան եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ, ինչպէս նաեւ հասարակական գործիչներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու եւ իրաւաբաններու մասնակցութեամբ։ Անոր համաձայն, քննարկումները կեդրոնացած են հիմնարար հարցերու շուրջ ընդհանուր դիրքորոշումներու յստակեցման եւ համակարգուած գործողութիւններու կարելիութեան գնահատման վրայ։

«Կայ հիմնարար հարցերու շուրջ ընդհանուր ըմբռնում։ Քաղաքական եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ քննարկումները պիտի շարունակուին»,– գրած է Սաղաթելեան։

Ան յիշեցուց, որ խորհրդարանական լսումներու ընթացքին քաղաքական կուսակցութիւնները հրաւիրուած էին նախաձեռնելու լայն քննարկումներ շարք մը առանցքային խնդիրներու շուրջ։ Այդ խնդիրներուն մէջ ընդգրկուած են՝ իրաւական միջոցներով բռնաճնշումներուն, քաղաքական հետապնդումներուն եւ ազատութիւններու սահմանափակումներուն դէմ պայքարը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու պաշտպանութիւնը, քաղաքական բանտարկեալներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ այն սկզբունքով, որ իւրաքանչիւր քաղաքական բանտարկեալ բոլորին խնդիրն է, ինչպէս նաեւ ընտրական գործընթացներու օրինականութեան եւ պատշաճ վերահսկողութեան ապահովումը։

Սաղաթելեան նաեւ շեշտեց քաղաքական փոխադարձ հակաքարոզչութենէն խուսափելու կարեւորութիւնը եւ գործող իշխանութիւններուն հետ որեւէ ձեւի համագործակցութիւն մերժելու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ՝ ընտրութիւններէն ետք հնարաւոր համագործակցութիւնը։

Այս խորհրդակցութիւնները տեղի կ’ունենան այն պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանը կը նախապատրաստուի յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք նախատեսուած են 2026 թուականի Յունիսին։