ՀՅԴ ՀԵՄ-ը կը շարունակէ Երեւանի հանրային վայրերու ախտահանման ծրագիրը
1545
0
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը (ՀԵՄ) կը շարունակէ Երեւանի հանրային վայրերու ախտահանման ծրագիրը. այս մասին կը տեղեկացնէ ՀԵՄը Ֆէյսպուքի գրառումով, ուր կ՚ըսուի. «Շարունակում ենք հանրային վայրերի եւ շքամուտքերի ախտահանումը։ Սոցիալական պատասխանատուութիւնը ստիպում է, որ այս օրերին իւրաքանչիւրս կարելիի չափով նպաստենք համավարակով պայմանաւորուած իրավիճակի յաղթահարմանը։
Իսկ դու կարող ես կանխել վարակի տարածումը պարզապէս #տանըմնալով»։
Գրառմանը կից միութիւնը նաեւ լուսանկարներ հրապարակած է։