ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Էմմանուէլա Լամպրոպուլոսի հետ

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով Գանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան  քաղաքական հանդիպումներուն ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ, Սէն Լորան ընտրատարածաքի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Էմմանուէլա Լամպրոպուլոսի հետ, վերջինիս Մոնթրէալի գրասենեակին մէջ:

Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Վարանդ Եափուճեան։

Նշենք, որ Գանատայի պատգամաւորին հետ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը քննարկեցին Գանատա-Հայաստան համագործակցութեան տարբեր բնագաւառներ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.