ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Շնորհաւորեց Լիբանանեան Բանակը

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յղեց հետեւեալ շնորհաւորագիրը.

«Ո՛չ միայն տօնդ շնորհաւոր ըլլայ: Այլ նաեւ տօն է, երբ դուն մեզի հետ ես, մեր պաշտպանը, որպէսզի մենք լաւ մնանք:

Մեր բանակն ու հայրենիքը… Բանա՛կն է հայրենիքը: Արդարեւ, մեր ապրած վայրը չէ հայրենիքը, այլ այն, որ մեր մէջ կ՛ապրի:

Ժամանակէն չենք վախնար, որովհետեւ մեր խիզախ բանակը իր նահատակներուն արեամբ ջրած է Լիբանանը` կերտելով անոր փառքը… Իր ասպետներով ու հերոսներով լուսաւորած է մեր յաղթանակի ուղին:

Մարտունակ մեր բանակը եզր մը կամ կարգախօս մը չէ, ղեկավարի մը կամ պետի մը սեփականութիւնը չէ, այլ պատերազմի զէնք է եւ խօսքի հաստատում, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն ապահովութիւն եւ գոյատեւման երաշխիք:

Տօնդ շնորհաւո՛ր, լիբանանեա՛ն բանակ, մնաս մի՛շտ լաւ, որպէսզի Լիբանանը բարով մնայ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.