ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցն Ու Ուղեկից Միութիւնները Յուշագիրով Մը Կը Պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Հայ դատի մարմինը, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնները, «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնն ու Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը չորեքշաբթի, 18 մայիս 2022-ին` յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ յանձնեց հետեւեալ յուշագիրը, որով անոնք իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի մէջ «Դիմադրութեան» շարժումին ու կը պահանջեն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Ստորեւ` նամակին ամբողջութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան,

44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ հնչող իրերայաջորդ յայտարարութիւնները, Սիւնիքի մարզին մէջ Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքներ զիջելու քայլերը, ինչպէս նաեւ Արցախի կարգավիճակի հարցին մէջ «նշաձողը իջեցնելու», իմա` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքէն ու Արցախի Հանրապետութեան անկախութենէն հրաժարելու խիստ վտանգաւոր հարցի քննարկումի մասին վկայող արտայայտութիւնները չեն կրնար չգրգռել թուրք-ազրպէյճանական չարիքի առանցքի ախորժակը: Վկայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յստակ ու աներկբայելի յայտարարութիւնները:

Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած գոյութենական վտանգի պայմաններուն մէջ հիմնարար սկզբունքներէն եւ տարածքներէն զիջումները չեն կրնար խաղաղութիւն ապահովել. այդպիսի քաղաքականութիւն մը եւ մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմին մէջ պարտութիւն կրելով անձնատուր եղած ըլլալուն պատճառով արտաքին քաղաքականութեան մէջ խիստ խոցելի ու տկար դիրքի վրայ եղող իշխանութիւն մը ո՛չ իր յայտարարած նպատակը` «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի հաստատումը, ո՛չ ալ հայրենիքի, անոր պետութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան ու փայլուն ապագայի ապահովումը կրնայ իրագործել:

Ներկայ կացութիւնը չի կրնար Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, Արցախի եւ արցախահայութեան նկատմամբ արդար մտահոգութիւն չյառաջացնել:

Մեկնելով այս բոլորէն` կը զօրակցինք Հայաստանի մէջ «Դիմադրութեան» շարժումին ու կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն ու 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան խարանէն զուրկ իշխանութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ արտաքին քաղաքականութեան մէջ աւելի քան հրամայական եղող նոր էջ մը բանալ եւ աւելի ամուր ու ոչ պարտուողական դիրքերէ վարել Հայաստան-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները, եւ այդպիսով իսկական «խաղաղութեան դարաշրջան» եւ ոչ թէ անդառնալի կորուստներու եւ համաթուրանական դարաշրջան հաստատել:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

12 մայիս 2022
Պէյրութ, Լիբանան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.