ՀՅԴ-ի Մեծ Ընտանիքը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը Նշեց Ապարանի Եւ Վանաձորի Մէջ
- (0)

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող մեծաթիւ սփիւռքահայեր, ինչպէս նաեւ հայաստանցիներ, Մայիս 27-ին, միացան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպած այցելութիւններուն` դէպի Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերու յուշահամալիրներ:
Առաւօտեան ժամը 9:30-ին Երեւանէն մասնակիցները ուղղուեցան Ապարան, ուր քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Բաշ Ապարանի յուշահամալիր, որմէ ետք անոր մօտակայքը գտնուող Դրոյի շիրմաքարին շուրջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի:
Անկէ ետք մասնակիցները ուղղուեցան Վանաձոր, ուր Ղարաքիլիսէի հերոսամարտին նուիրուած յուշահամալիրին առջեւ արտասանուեցան Մայիս 28-ի խորհուրդին անդրադարձող եւ այս անկախութեան կարեւորութիւնը շեշտող խօսքեր: Անկէ ետք կրկին տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի:
Ապա պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Վանաձորի վերանորոգուած գրասենեակին, որուն համար յատկացում կատարած էր ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն: