ՀՅԴ երիտասարդները բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին Գանատայի տարածքին

Horizon Weekly Newspaper

Հոկտեմբեր 3ին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական  միութիւնն ու ՀՅԴ Արմէն Գարօ ուսանողական միութիւնը թուրք-ատրպթյճանական ռազմական յարձակումը դատապարտող բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին Օթթաուայի, Թորոնթոյի եւ Վանգուվըրի մէջ։

Օթթաուայի մէջ, ցուցարարները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ատրպէյճանական եւ թրքական դեսպանատուներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ ԱՄՆի, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դեսպանատուներուն դիմաց։ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց դրօշակներով, ՀՅԴ երիտասարդները բացագանչեցին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսներ:

Նոյն օրուան ընթացքին, բողոքի ցոյց կայացաւ Թորոնթոյի թրքական հիւպատոսարանին առջեի եւ Վանգուվըրի քաղաքակեդրոնին մէջ։

Horizon Weekly Newspaper Horizon Weekly Newspaper Horizon Weekly Newspaper Horizon Weekly Newspaper

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/4453784998029373

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.