ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ մոմավառութիւն եւ ոգեկոչում ի յիշատակ Արցախեան պատերազմին նահատակուած հերոսներուն
Նոյեմբեր 9-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ կայացաւ մոմավառութեան հաւաք՝ ի յիշատակ Արցախեան պատերազմին նահատակուած հերոսներուն։ Հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին կողմէ։ Ի զօրակցութիւն Թորոնթոյի հայ համայնքին՝ ներկայ էին Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Ժան Եիփ եւ Մայքըլ Գոթօ, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Վինսընթ Քէ, Մարքամի փոխ քաղաքապետ Մայքըլ Չան, Տոն Վալի Նորթի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Շէլի Քարոլ։
Յանուն ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անգլերէն ուղերձով հանդէս եկաւ Մէյրի Չաթալեան, իսկ հայերէնով՝ Արմէն Արթին։ «Մենք կը գիտակցինք, որ մեր հայրենիքի տարածքներուն ազատագրման եւ պաշտպանութեան համար նահատակուած են բազմահազար հերոսներ եւ որպէսզի ազատագրենք եւ պահենք մեզի պատկանող բոլոր տարածքները, հարկաւոր է սեփական ուժերով պայքարիլ: Ոչ մէկ դաւադիր համաձայնագիր եւ ոչ մէկ դաւաճանի ձեռք պիտի կարողանայ մեզի մեր իրաւունքներուն համար պայքարէն շեղել: Մեր այսօրուան մոմավառութիւնը սգոյ հանդէս չէ, այլ մեր ուխտի վերանորոգման ու մեր ազգային գաղափարական սուրբ իտէալներուն կառչած մնալու հաւաքական կամքի դրսեւորում», իր խօսքին մէջ յայտնեց Արմէն Արթին։
Արցախեան պատերազմին նուիրուած Րաֆֆի Սարգիսեանի «Ցասում» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Լոռի Պէրպէրեանը, իսկ Քաթրին Գանտահարեան ջութակով նուագեց «Կռունկ»ը։ Արցախեան պատերազմին նահատակուած զինուորներու եւ հերոսներու լուսանկարներու պաստառին դիմաց, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամները մոմավառութեան արարողութիւնը կատարելով վերանորոգեցին Արցախին եւ հայրենիքին համար պայքարելու ուխտը։
Նոյեմբեր 8-ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ, Լաւալի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացաւ Արցախեան պատերազմին զոհուած հերոսներու ի յիշատակ հաւաք։ ԳԵՄ-ի խօսքը փոխանցեց ընկհ. Թալիա Ճապրայեանը, որ յայտնեց, թէ պարտաւոր ենք յիշել վասն հայրենեաց իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն արիութիւնը։ «Նոյեմբեր 9-ին, հայ ժողովուրդը սեւ օր մը արձանագրեց իր դարաւոր պատմութեան մէջ։ Հայաստանի չակերտեալ վարչապետը իր ստորագրած տխրահռչակ պայմանգրով փորձեց – եւ տակաւին կը փորձէ- խաղաղութիւն քարոզել մեր ժողովուրդին։ Սակայն անցնող 2 տարիներուն ընթացքին, մեր հայրենիքը, Հայաստանն ու Արցախը, ապրած է ամէն ինչ բացի խաղաղութենէ։ Ընդհակարակը, յաղթական սերունդի հոգեբանութեամբ մեծցած իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ ինքզինքը գտած է այն զարհուրելի իրողութիւններուն առջեւ, որոցնմէ անցաւ 1915ի սերունդը։ Յիշել պատերազմական ոճիրները, տեղահանութիւնը եւ կործանումը։ Յիշել մեզմէ խլուած հայրենի հողերը, քար ու քանդ եկեղեցիներն ու կոթողները։ Բայց ամենակարեւորը յիշել այն նուիրեալները, որոնք վազեցին պատերազմի դաշտ։ Պէտք է յիշենք, որ անոնք կռուեցան մեր հայ ըլլալու իրաւունքին համար։ Պէտք է յիշենք անոնց արիութիւնը։ Եւ այդ իսկ պատճառով է, որ հոս հաւաքուած ենք բոլորս այս իրիկուն՝ յարգելու այդ զինուորներուն», յայտնեց Թալիա Ճապրայեանը։