ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ բողոքի ցոյց Վանգուվըրի մէջ
1302
0
Երեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2021ին Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամները իրենց ձայնը միացուցին Գանատայի միւս շրջանններու մասնաճիւղերուն հետ եւ կազմակերպեցին բողոքի ցոյց՝ ի զօրակցութիւն Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարոիւած հայ զինուորներուն:
Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6:30ին (Metropolis at Metrotown) շուկային մէջ եւ շրջակայքը: Ցուցարարները Ատրպէյճանի բռնարարնքերը դատապարտող կոչեր հնչեցնելով եւ շղթայուած արշաւելով, օտար հանրութեան ծանօթացուցին թուրք-ատրպէյճական բռնութիւնները:
ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութեան Լրատուական Յանձնախումբ