ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ Արցախի զօրակցական հաւաք Վանգուվըրի մէջ
691
0
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ Յուլիս 2-ին Արցախի զօրակցութեան հաւաք տեղի ունեցաւ Vancouver Convention Centreի շէնիքին դիմաց, ուր կը կայանայ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի (OSCE PA – ԵԱՀԿ ԽՎ) 30-րդ նստաշրջանը։ Հաւաքի մասնակիցները ԵԱՀԿ վեհաժողովին կոչ ուղղեցին ճանչնալու Արցախի ազգային ինքնորոշման իրաւունքը։ Հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպեցան ՀՀ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, Սարգիս Խանդանեանը, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Տոն Տէյվիսը եւ Գանատայի ՀՀ դեսպանատան երկրորդ քարտուղար Արման Սուֆլեանը։
Comments are closed.