ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամները հանդիպում ունեցան պատգամաւորներ Քրիստինէ Վարդանեանի եւ Գեղամ Մանուկեանի հետ
- (0)

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիստինէ Վարդանեանն ու Գեղամ Մանուկեանը Ազգային Ժողովի շէնքին մէջ հիւրընկալեցին ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) անդամները։
Երիտասարդներուն հետ քննարկման ընթացքին պատգամաւորները զեկուցեցին իրենց խորհրդարանական գործունէութեան մասին, ընդգծեցին Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդման կարեւորութիւնը, հայրենիք այցելելու եւ Հայրենիքի հետ մնայուն կապ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան անդամները Հայաստան կը գտնուին ՀՅԴ Վանաձորի ճամբարի աշխատանքները հունաւորելու համար։ Նշենք, որ 2010 թուականէն ի վեր ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականի անդամ աւելի քան հարիւր պատասխանատու-վարիչներ գործուղուած են Լոռիի մարզ եւ նոյն այդ ժամանակահատուածին հազարաւոր երեխաներ մասնակից դարձած են ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ամառնային ճամաբարներու ծրագիրներուն։

