ՀՅԴ Գանատայի 51-րդ Շրջանային ժողովի յայտարարութիւն
Նոյեմբեր 10-12 շաբաթավերջին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի 51-րդ Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Վանգուվըրի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Ուինծըրի, Ս. Գաթրինզի, եւ Համիլթընի կոմիտէութեանց պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական եւ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեանց պատգամաւորներուն: Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչն ու Բիւրոյի Գանատայի անդամը, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչները, Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթի խմբագիրը, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավարը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, հանգամանօրէն քննարկուեցան Հայ Դատի, կազմակերպական, քարոզչական, եւ համագաղութային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տրուեցան համապատասխան որոշումներ:
Ժողովը արժեւորեց անցնող երկամեակի Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նպատակաուղղուած առաքելութիւնը եւ միաժամանակ որոշեց յարաճուն թափով Հայ Դատի քարոզչական կարողականութեանց ներուժը ի սպաս դնելու Հայաստանին, Արցախին ու Ջաւախքին համար: Ժողովը իր գնահատանքը արձանագրեց Արցախի հարցով կատարուած Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի բազմաբեւեռ աշխատանքերուն ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի տարիներու վրայ երկարող հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ արգասաւորուած Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան հիմնադրման առիթով։
ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու շարքերը կուսակցութեան գաղափարախօսութեամբ թրծելու առաքալելութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ՝ ժողովը վերահաստատեց Դաշնակցական նորահաս սերունդին հանդէպ իր պարտաւորութիւններն ու այդ ուղղութեամբ կատարուելիք առաջադրանքները։
Ժողովը դատապարտեց Արցախի գծով Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած անձնատուողական քաղաքականութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին եւ հայրենիքի փրկութեան ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած ազգային այն ուժերուն, որոնց առաջնահերթութիւններն են Արցախն ու մեր անկախ պետականութեան գոյապահպանումը:
Շրջանային ժողովը վերահաստատեց ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի յանձանձումը հայրենի պետութեան հզօրացման ու արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական դատին ի խնդիր հայրենատիրութեան երթը անխափան շարունակելու կուսակցութեան յանձնառութեան գծով։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմ։
ՀՅԴ Գանատայի 51-րդ Շրջանային ժողով
Comments are closed.