ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութիւններու «Դէպի հզօր ապագայ» սեմինար-բանակում
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութիւններու «Դէպի հզօր ապագայ» կարգախօսով համագանատական սեմինար-բանակումը տեղի ունեցաւ 6-9 Հոկտեմբեր 2023-ին, Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ, Օթթաուա, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Վանգուվըրէն, Մոնթրէալէն եւ Լաւալէն 123 պատանիներու եւ 24 վարիչ-պատասխանատուներու:
Սեմինար-բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ առաւօտեան, դրօշակի արարողութեամբ եւ Արցախի քայլերգի երգեցողութեամբ:
Չորս օրերու ընթացքին, ընկերային, մարզական եւ խաղերու բաժիններուն առընթեր, պատանիները ունկնդրեցին դաստիարակչական նիւթեր:
Երէց պատանիներուն փոխանցուեցան հետեւեալ նիւթերը. «Պատանեկան միութիւններու հիմնադրութիւն» (ընկհ. Նորա Արուշեան), «Հինգերորդ շարասիւն եւ Հայաստան» (ընկ. Ներսեհ Լիպարեան), «Ազատ Սիւնիք» (ընկհ. Դալար Լէհիմճեան), «Դաշնակցական պատանիին դերը՝ հայրենիքի հզօր ապագայի կերտումին մէջ» (ընկ. Արթիւր Շէկեան): Անոնք նաեւ պատրաստեցին պատի թերթեր՝ Արցախի կոթողներուն եւ նահատակուած ֆետայիներուն մասին:
Կրտեր պատանիները լսեցին դասախօսութիւններ հետեւեալ նիւթերուն մասին. «Դաշնակցական պատանիին դերը՝ հայրենիքի ապագային մէջ» (ընկ. Մոսիկ Արզումանեան), «Պատանեկան միութիւններու հիմնադրութիւն» (ընկհ. Նորա Արուշեան), եւ «Ազատ Սիւնիք» (ընկ. Սարգիս Գըլըպոզեան): Անոնք գրեցին նամակներ՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած իրենց տարեկիցներուն եւ նկարչութեամբ արտայայտեցին իրենց մտորումները Արցախի մասին: Այս աշխատանոցները վարեց ընկհ. Արիանէ Թասլաքեան:
Երէց եւ կրտսեր բոլոր պատանիները գրեցին նամակներ Գանատայի UNICEF-ի գրասենեակներուն, պահանջելով տէր կանգնիլ Արցախցի երեխաներուն ու պատանիներուն, որոնք բռնի տեղահանուած են եւ պաշտպանել դատը՝ Ատրպէյճանի յարձակումներուն պատճառով զոհուած երեխաներուն ու պատանիներուն: Նշենք, որ նախապէս ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ցուցմունքով, իւրաքանչիւր երկրի Ընդհանուր Վարիչ մարմին պաշտօնապէս նամակ յղեց իր երկրի UNICEF-ի գրասենեակին:
Զոյգ օրերու գիշերները, պատանիները խմբուեցան խարոյկին շուրջ եւ երգեցին ազգային-յեղափոխական երգեր, ներշնչուեցան անոնց փոխանցած ոգիով, յիշեցին Վարանգաթաղի բարձունքին ինկած հերոսները, ընդ որոնց ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութիւններու նախկին վարիչ, ընդհանուր վարիչ եւ դաստիարակ Քրիստափոր Արթինի յիշատակը եւ ուխտեցին քալել միասնաբար «Դէպի հզօր ապագայ»:
Երկուշաբթի առաւօտեան, սեմինար-բանակումը պաշտօնապէս փակուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ:
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին
Comments are closed.