ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամարշաւը

 

Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2021-ին, «Արմէն-Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան զոյգ շրջաններու՝ Լաւալի «Վիգէն Զաքարեան» եւ Մոնթրէալի «Րաֆֆի» մասնաճիւղերու անդամարշաւի ձեռնարկը, որուն ընթացքին, իւրաքանչիւր պատանի հրաւիրեց ընկեր մը, մասնակցելու համար միջոցառման: 40-է աւելի պատանիներ, 7-12 տարեկան, միասնաբար նշեցին «Halloween»ի միջոցառումը, յագեցած հաճելի ու զուարճալի խաղերով ու հիւրասիրութեամբ: Աւարտին, ծնողներ արձանագրեցին իրենց զաւակները:

Նշենք, որ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան զոյգ մասնաճիւղերը իրենց հերթական ժողովները կը գումարեն իւրաքանչիւր Շաբաթ, կէսօրէ ետք՝ 4:30-էն 6:00։

Արձանագրեցէ՛ք ձեր զաւակները, հաճելի եւ օգտակար պայմաններու մէջ ապահովելու վաղուան հայրենասէր ու ազգային նոր սերունդը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ արձանագրութեան համար այցելեցէ՛ք www.badanegan.ca կայքէջը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.