ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն
- (0)

Սպիտակ տան հովանաւորութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան Ուաշինկթընի մէջ կայացած բանակցութիւնները՝ մեր պետականութեան հետագայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու խոր ճգնաժամի մը ազդանշանն են։
«Զանգեզուրի միջանցք»ը կեանքի կոչելու միտուած «խաղաղութեան» այս նախաձեռնութիւնը օր ցերեկով կ՚օրինականացնէ մեր պատմութեան երկրորդ հայասպանութիւնը՝ Արցախի բնիկ ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւնը, կ՚ոտնակոխէ Արցախի ազգային ինքնորոշման արդար իրաւունքը, վերանորոգ թափ կու տայ Արցախի հայկական պատմական ժառանգութեան հանդէպ ատրպէյճանական պատմական խեղաթիւրումներուն եւ մոռացութեան կը մատնէ Պաքուի մէջ անարդարօրէն արգելափակուած հայ ռազմագերիներու դատը։
«Զանգեզուրի միջանցք»ը՝ հակահայկական աշխարհաքաղաքական ծրագիր է, որուն ետին կանգնած Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, «միջանցք»ի «խաղարար» գործընթացի հունաւորումէն ետք՝ յստակօրէն թիրախ ընտրած են ձեւաւորել Թուրքիա-Ատրպէյճան ցամաքային անմիջական հաղորդակցութեան սահման, որուն յաջորդ հանգրուանի իրագործուելիք նպատակը կ՚ըլլայ՝ պետութեան հարաւային պատնէշ՝ Սիւնիքի ռազմավարական տարածքի բռնագրաւումը։
Այս միջանցքը, ապագայի հաշուարկներով, Հայաստանի հարաւային դարպաս Սիւնիք-Իրան սահմանահատուածը կրնայ վերածել տարածքային վիճարկելի հարցի եւ Հայաստան կրնայ յայտնուիլ համաշխարհային ռազմաքաղաքական շահերու բախման կիզակեդրոնին մէջ։
Այս բոլորը ի մի բերելով, Հայաստանի վրայ պարտադրուած նման «խաղաղութեան» միջանցքի պայմանները դատապարտելի են, որովհետեւ անհամատեղելի են հայոց պետականութեան ապագայ զարգացման եւ գոյութեան հետ եւ կը սպառնան ընդհուպ մինչեւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համակարգի լիակատար խորտակման։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ