ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հաղորդագրութիւն
Գորոնաժահրի պատճառած արտակարգ դրութեան իրավիճակին դէմ յանդիման՝ առ ի գիտութիւն մեր համայնքի անդամներուն կը փոխանցենք հետեւեալը.
- Գանատայի տարածքին գործող Հայ կեդրոնները փակուած յայտարարած ենք եւ այդ մասին ամբողջական ու լիարժէք տեղեկատուութիւն պիտի կատարենք մեր տեղեկատուական միջոցներու օգտագործումով։ Մեր կեդրոններէն ոմանք այս գծով արդէն քայլեր առած են եւ յայտարարութիւններ կատարած: Շուտով այդ տեղեկատուութիւնը տարածուած պիտի ըլլայ համընդհանուր կերպով:
- Բոլոր Հայ կեդրոններուն յանձնարարած ենք հաստատել հեռախօսային շտապ գիծեր (Emergency Hotlines) եւ կազմակերպել երիտասարդ կամաւորներու խմբակ՝ որ օգտակար պիտի հանդիսանայ գաղութին, մանաւա՛նդ տարեցներու խոցելի այն շերտին, որ սննդամթերքի ու այլ կարիքներու հայթայթման խնդիր ունի եւ ազգականական կամ բարեկամական շրջանակի բացակայութեան պատճառաւ, ինքնամեկուսացման մէջ կը գտնուի։ Կամաւորներու այս խմբակին մաս պիտի կազմեն ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան անդամներ։ Նշենք որ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը արդէն իսկ նախաձեռնարկ եղած է ու անցած գործի, հաստատելով շտապ հեռախօսահամար եւ կամաւորներու խմբակ: Ի մօտոյ, կը հրապարակուին միւս կեդրոններու համարներն ու յատուկ տեղեկութիւնները եւս:
- Կեդրոնական կոմիտէն ու Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբը գործի անցած են մօտէն հետեւելու դաշնակցային կառավարութեան յայտարարած նիւթական օժանդակութեան փաթեթին: Գալիք օրերուն, սպասուած օրինական կարգ մը հարցերու յստակացումէն ետք, անոր ընձեռած կարելիութիւններէն օգտուելու մասին ստացուած տեղեկութիւնները պիտի փոխանցենք մեր համայնքի անդամներուն, հաստատութիւններուն եւ գործատէրերուն։
Նման աշխատանք պիտի տարուի նաեւ ՀՅԴ կոմիտէներուն եւ Հայ Դատի տեղական յանձնախումբերուն կողմէ՝ նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակի վրայ, անոնցմէ օգտուելու մասին տեղեկութիւնները եւս փոխանցելու համար մեր համայնքի անդամներուն, հաստատութիւններուն եւ գործատէրերուն։
- Տիրող ընդհանուր իրավիճակին ի տես, տեղեկացնենք, որ առկախուած են Ապրիլ 24ին Օթթաուայի մէջ նախապէս ծրագրուած ժողովրդային հաւաքն ու երթը եւ թրքական դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյցը, ինչպէս նաեւ՝ համագանատական առումով ոգեկոչման բոլոր հանդիսութիւնները։
Բոլոր միջոցառումները փոխարինելու իմաստով, յանձնարարած ենք Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան վարչութիւններուն առցանց կամ այլընտրանքային ոգեկոչման միջոցառումներ կազմակերպել Ապրիլ 24ի օրը։ Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկային, երբ մշակուի ընդհանուր յայտագիրը։
Յոյսով ենք, ինչպէս միշտ, կ’ունենանք մեր գաղութի անդամներուն զօրակցութիւնը, միասնաբար այս դժուարին հանգրուանը ապահով պայմաններու մէջ անցնելու առումով։
ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
21 Մարտ 2020